Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Մասնակցիլ COPout29 Համաշխարհային Արշաւին

September 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՇԱՔԱՐԵԱՆ

ՔՈՓ29-ը ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի 29-րդ նիստն է, որը տեղի պիտի ունենայ Պաքու, Ազրպէյճան, 11-22 նոյեմբեր 2024-ին: Այս համաժողովը կը համախմբէ 198 երկիրներ: ՔՈՓ29-ի կարեւորութիւնը այն է, որ ան կարելիութիւն կու տայ քննարկելու եւ լուծելու կլիմայի փոփոխութեան առնչուող հարցեր:

Արշաւին նպատակը

COPout29-ը ՔՈՓ29-ին դէմ կեցող համաշխարհային արշաւ է, որուն նպատակն է բացայայտել Ազրպէյճանի կառավարութեան իսկական բնոյթը եւ ջախջախել անոր GREEN WASH ռազմավարութիւնը: Այս արշաւը կարեւոր է, քանի որ կարելիութիւն կու տայ ներկայացնել Ազրպէյճանի կողմէ իրականացած ցեղասպանական գործողութիւնները Արցախի հայութեան նկատմամբ` անոնց տեղահանումն ու վերադարձի իրաւունքէ զրկելը, մարդու իրաւունքներու խախտումները, որոնցմէ կարելի է յիշել` արգիլումը բռնի ուժով գրաւուած տարածքներ այցելութեան, (հայ) քաղաքական բանտարկեալներու եւ պատանդներու դատի երկարաձգումը, նաեւ ազերի քաղաքացիները զրկելը ազատ արտայայտուելու իրաւունքէն եւ լրագրողներու ազատ գործակցելէ: Այս բոլոր կէտերը կը խախտեն ՄԱԿ-ի հիմնական օրէնքները: Իսկ որպէս հայերու` մեզի համար այս խորհրդաժողովը կը նկատուի կարեւորագոյն եւ թերեւս ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹը, որպէսզի անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնենք 44-օրեայ պատերազմի կորսուած զինուորներուն, պատանդներուն, գերիներուն եւ բանտարկեալներուն հարցը:

Ինչպէ՞ս մասնակցիլ

Մասնակցելու համար պէտք է համոզուած ըլլանք, որ վերկուսակցական եւ մարդկութեան վերաբերեալ հարց մըն է այս, զոր կը հետաքրքրէ իւրաքանչիւր կորսուած զինուորի մայրը, բանտարկեալներու հարազատները եւ մեզ` որպէս հայրենակիցներու:

Իմանանք հիմնական այն կէտերը, որոնք պէտք է տարածել Ազրպէյճանի իսկական դիմագիծը պարզելու համար: Ահաւասիկ` անոնցմէ մաս մը.

1) Ազրպէյճան Կասպից ծովը գլխաւոր ապականողն է` քարիւղի իր մեծաքանակ արտադրութեան, հետեւաբար ալ տարածքի կլիմային հասցուցած վնասներուն բերումով:

2) Միապետական համակարգ ունեցող պետութիւն է:

3) Ցեղասպանութիւն իրագործող երկիր է:

4) Մարդոց իրաւունքները ոտնահարող պետութիւն է:

5) Մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ հալածող ու անոնց ազատութիւնը կաշկանդող պետութիւն է:

Նշեալ կէտերը մաս մըն են, որոնց վրայ կրնանք հիմնուիլ ու բողոքել, սակայն Ազրպէյճանը խորապէս ճանչնալու համար անհրաժեշտ է այցելել հետեւեալ կայքը` https://protestcop29.org:

Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մեր հայրենակիցները կազմակերպած են շարք մը հանդիպումներ, ցոյցեր, նստացոյցեր եւ զանազան արշաւներ հիւպատոսարաններու, դեսպանատուներու, նախարարութիւններու եւ ՄԱԿ-ի շէնքերու դիմաց` աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու մեր Դատին վրայ:

Մեզմէ պահանջուածը շատ պարզ եւ դիւրին է, մեր տուները եւ գործատեղիները նստելով անգամ կրնանք գործել այս միջոցներով.

– Համացանց եւ քարոզչական հարթակներ: Օգտագործենք հետեւեալ հաշթակները` #COP29Exposed, #COPout29, #COP29, #COP29Azerbaijan, #FreeArmenianHostages, #StopGreenwashingGenocide, տարածենք մեր հայրենակիցներուն աշխատանքները եւ աւելցնենք մեր ունեցած տեղեկութիւնները (որոնք յիշուած էին վերը): Այս կ՛օգնէ բարձրացնելու արշաւի հետեւորդներուն թիւը եւ նորեր ներգրաւելու:

– Պատրաստել տեսանիւթեր: Կարելիութիւն ունեցողները կրնան պատրաստել Reel, infographic, video… եւ տարածել իւրաքանչիւրը իր հարթակին վրայ` օգտուելով #հաշթակներէն:

– Հետեւիլ COPout29-ի նորութիւններուն` Հայ դատի կայքէջերուն միջոցով:

Ստեղծել յարաբերութիւններ լրագրողներու եւ influencer-ներու հետ, որոնք կ՛աջակցին Հայ դատին:

Քաջալերելի է իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը, կամքը` այս աշխատանքը յառաջ տանելու եւ յոյսը` անոր յաջողութեան համար:

Յանուն թշնամիի բանտին մէջ գերեվարուած մեր եղբայրներուն,

Յանուն մեր զինուորներու մայրերու սպասումին,

Յանուն մեր տեղահանուած արցախցիներուն,

Եւ յանուն մեր հայրենիքին ու արդար Դատին:

 

 

Նախորդը

«Համախմբուի՛նք Համահայկական Օրակարգի Մը Շուրջ»

Յաջորդը

Աղմկոտ Եւ Անկոչ Պոչաւորներ

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.