Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհրաժեշտ Մաքրութեան Միջոցառումները` Առողջ Դպրոցական Վերամուտի

September 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Մօտ օրէն կը դիմաւորենք 2024-2025 կրթական տարեշրջանը: Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, աշակերտներ եւ ծնողներ կը մաղթեն ունենալ արդիւնաւէտ եւ յաջողութեամբ լեցուն ուսումնական տարի մը: Դպրոցական վերամուտին անհրաժեշտ է անդրադառնալ  դպրոցի եւ աշակերտներու մաքրութեան  կարեւորութեան` ստեղծելու համար մաքուր, առողջ եւ անվտանգ միջավայր մը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար:

Դպրոցի ընդհանուր եւ կանոնաւոր մաքրութիւնը կը կանխարգիլէ մանրէներու եւ հիւանդութիւններու տարածումը: Մաքրութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ աշակերտներուն առողջութեան, այլ նաեւ կը մղէ աշակերտը, որ չբացակայի, եւ կը քաջալերէ զայն` ուրախութեամբ ու  սիրելով դպրոց յաճախելը:

Դպրոցի մաքրութիւնը կը ներառէ հետեւեալը`

  1. Մանրակրկիտ սրբել դասարանի աթոռներն ու սեղանները` օգտագործելով ախտազերծող թաց անձեռոցներ կամ երեխաներու անվտանգ հականեխիչ հեղուկներ: Չմոռնալ մաքրել գրասեղաններու անկիւնները, ուր հաւանական է կուտակումը կեղտի եւ մանրէներու:
  2. Հականեխել դուռի բռնակները եւ լուսային անջատիչները:
  3. Հականեխուած թաց լաթերով սրբել աշակերտներուն դարակները եւ պահարանները:
  4. Մաքրել միջանցքները` հեռացնելու համար աղտը եւ փոշին:
  5. Ամէն օր մաքրել ու հականեխել ճաշասրահի սեղաններն ու աթոռները: Պարբերաբար ստուգել եւ մաքրել դպրոցի խոհանոցի փուռերը եւ սառնարանները:
  6. Դպրոցի աղբը պէտք է ամէն օր հեռացուի` ձերբազատուելու համար գարշելի հոտէն եւ մարդոց վնասակար մանրէներէն:
  7. Սրբել գրադարանի գրադարակները, դարակները, համակարգիչի ստեղնաշարերը, մուկերը եւ այլ ընդհանուր սարքերը` հականեխիչ թաց անձեռոցիկներով:
  8. Մաքրել եւ հականեխել լուացարանները, սալաքարերը եւ զուգարանները: Յաճախակի պարպել աղբամանները եւ օրուան աւարտին հականեխել զանոնք:Լիցքաւորել հեղուկ օճառի տուփիկները: Ապահովել հականեխիչ հեղուկներ, յատկապէս` կրիփի եղանակին:

Հետեւողական մաքրութեան այս քայլերը կը նպաստեն` ստեղծելու դրական մթնոլորտ, որ կ՛առաջնորդէ արդիւնաւէտ դասաւանդման:

Դպրոցի մաքրութեան կողքին, կարեւոր է նաեւ աշակերտին անձնական մաքրութիւնը` կանխարգիլելու, չտարածելու հիւանդութիւններ եւ ունենալու առողջ կեանք:

Աշակերտի անձնական մաքրութիւնը կը ներառէ հետեւեալները.

  1. Ամէն առտու լուալ երեսը եւ խոզանակել ակռաները:
  2. Միշտ լուալ ձեռքերը օճառով, լուացարանի գործածութենէ ետք, եւ հաց ուտելէն առաջ եւ ետք:
  3. Ամէն օր լոգնալ` խուսափելու համար մարմնի գարշելի հոտէն:
  4. Խուսափիլ դիպչելէն աչքին, քիթին եւ բերնին` կանխարգիլելու համար հիւանդութիւններ:
  5. Եղունգները կտրել եւ մաքրել` առիթ չտալու համար աղտոտութեան եւ մանրէներուն կուտակումին եղունգներուն ներքեւ, որոնք կարող են յառաջացնել զանազան հիւանդութիւններ, ինչպէս` քորոցները (pinworms): Եղունգները պէտք է պահել կարճ եւ մաքրել ստորին բաժինը ջուրով եւ օճառով:
  6. Դպրոցական համազգեստները լուալ օրական դրութեամբ` նուազեցնելու համար մաշկի հիւանդութիւնները եւ բարձրացնելու համար աշակերտին ինքնավստահութիւնն ու բարոյականութիւնը:

Շրջակայ միջավայրը կ՛ազդէ մարդոց առողջութեան վրայ: Կ՛ըսուի` «Մաքուր միջավայրը ապահով վայր է»: Դպրոցի օրական մանրակրկիտ մաքրութեամբ աշակերտներուն համար պիտի տրամադրուին կրթութեան առողջ մթնոլորտ ու պայմաններ: Աշակերտին անձնական մաքրութիւնը կ՛օգնէ անոր կեդրոնանալու իր դասերուն վրայ եւ կ՛օժանդակէ անոր` մարմնական եւ մտաւոր առողջութեան, նաեւ` ինքնավստահութեան. արդարեւ, անոր մաքրութիւնը առիթ չի տար, որ ան ենթարկուի բռնածաղրի (bullying) դասընկերներուն կողմէ:

Մաքուր միջավայրի մէջ հեզասահ, ապահով եւ առողջ կրթական տարեշրջան մը կը մաղթեմ բոլոր աշակերտներուն:

 

 

Նախորդը

Արցախցի Ազատամարտիկ-Երգիչ Արթուր Խաչենցի Երգահանդէսը

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը Երրորդ Տարին Ըլլալով Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.