Յօդուածներ

Գոյութենական Հիմնահարցեր

Ինչպէ՞ս Կանխարգիլել Ազրպէյճան-Հայաստան Յաջորդ Պատերազմը

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ Կարելիութիւնը կայ կանխելու պատրաստուող տագնապը, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ, մասնաւորապէս` Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան օգնութեամբ: Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական եւս մէկ պատերազմ` շրջանային էական ապակայունացման կարողականութեամբ, մօտալուտ է: Այսուամենայնիւ, ատիկա կարելի է կանխարգիլել: Ազրպէյճանը` Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ աջակցութեամբ, կը պահանջէ հարաւային Հայաստանէն անցնող արտատարածքային «միջանցք»-ի իրաւունքը ունենալ: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովէն...

Աւելի Քան 130 Խաչուհիներ Մասնակցեցան  Սօ Խաչի Երկօրեայ Սեմինարին

Աւելի Քան 130 Խաչուհիներ Մասնակցեցան Սօ Խաչի Երկօրեայ Սեմինարին

11 եւ 12 Հոկտեմբերին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միութեան անդամներուն յատուկ երկօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան ՍՕ Խաչի բոլոր մասնաճիւղերէն աւելի քան 130 ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեան։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ Հալէպի «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս։ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի բարի գալուստի խօսքէն եւ ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան  ներկայացուցիչ Սիրան...

Թուրքիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերուն Օգտագործման Համար Ձայնասփիւռի Կայանի Մը Հեռարձակումը Կասեցուեցաւ

Թուրքիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերուն Օգտագործման Համար Ձայնասփիւռի Կայանի Մը Հեռարձակումը Կասեցուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ գործող ձայնասփիւռի կայանի մը գործունէութիւնը կասեցուեցաւ՝ եթերէն հնչած Հայոց Ցեղասպանութիւն բառերուն համար: Թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները կարգաւորող գերատեսչութիւնը առկախեց Պոլսոյ մէջ գործող կայանին հեռարձակման արտօնագիրը՝ այդ լրատուամիջոցի եթերէն հիւրին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտած խօսքին համար: Կը նշուի, որ լրատուամիջոցին զրուցակիցը օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, զոր Թուրքիա պաշտօնապէս կը մերժէ: «Հեռարձակման 30ամեակին միայն մէկ ամիս մնացած է, եւ այս լուրը վերջին...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Արցախի Կորուստը Եւ Իրանի Անվտանգային Սպառնալիքները…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Պատմական գիտութիւնների թեկնածու Արդէն իսկ անվիճելի փաստ է այն, որ Արցախի կորուստը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար անվտանգային նոր սպառնալիքներ է առաջացրել: Ահաւասիկ` 1.- Ժամանակի մեր քաղաքագէտ, ռազմագէտ-ռազմավարները, յանձինս` Մարուխեանների, Կոմանդոսների, Մոնթէների... ամենայն յստակատեսութեամբ ահազանգում էին Արցախի կորուստով պայմանաւորուած` սեփական պատմութեան վերջին էջը թերթելու ողբերգական վախճանը: Եւ այսօր, ահա, ազգովի(՞) դէմ յանդիման ենք Սիւնիքի ու...

Կեանքէն Հեռացաւ Ֆրանսահայ Վաստակաշատ Երաժշտագէտ, Յօրինող Եւ Խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը

Կեանքէն Հեռացաւ Ֆրանսահայ Վաստակաշատ Երաժշտագէտ, Յօրինող Եւ Խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը

Ֆրանսայի մէջ կեանքէն հրաժեշտ առած է վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը, 98 տարեկանին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ» թերթը։ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի տասնամեակներու վաստակը անկարելի է ամփոփել քանի մը սեղմ տողերու մէջ։ Հոս պիտի գոհանանք միայն յիշեցնելով, թէ անոր անունը եւ յիշատակը անքակտելի պիտի մնան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն, որուն խմբավարութիւնը ստանձնած էր երկար տարիներ եւ մա՛նաւանդ զայն հասցուցած...

Արցախի Քաղաքացիները Դիմեցին Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազին

Արցախի Քաղաքացիները Դիմեցին Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազին

Արցախի քաղաքացիները Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին ներկայացուցին հետեւեալ դիմումը. «Մենք` Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) քաղաքացիներս եւ այլ մտահոգ անձինք, դիմում ենք ձեզ խնդրանքով` սկսել 2020 թուականի սեպտեմբերից Լեռնային Ղարաբաղում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների քննութիւնը: «Ինչպէս յայտնի է, Ազրպէյճանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (Արցախի Հանրապետութեան) ժողովրդի դէմ 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ից մինչեւ 2023 թուականի հոկտեմբերի 4-ը իրականացուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումի հետեւանքով 150 հազար...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Պաքու Հանրային Կապերու Ընկերութիւն Մը Կը Վարձէ 4,7 Միլիոն Տոլարով` Կլիմայի Վեհաժողովէն Առաջ Ազրպէյճանի Դիմագիծը Մաքրելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ազրպէյճանի բռնապետական եւ փտած կառավարութիւնը 4,7 միլիոն տոլար կը վճարէ ամերիկեան հանրային կապերու (PR) ընկերութեան մը, որպէսզի բիւրեղացնէ իր արատաւոր դիմագիծը մինչեւ այս նոյեմբերին` Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ-29 հեղինակաւոր միջազգային համաժողովը: Ըստ Նիք Քլեւլենտ Սթաութի, որ ResponsibleStatecraft.org-ին մէջ գրած է` «Ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը «խաղաղութիւն կը լուայ անոր դիմագիծը COP29-էն առաջ. Պաքուն նոյեմբերին պիտի հիւրընկալէ կլիմայական վեհաժողովը` բարձր գումարներով հանրային...

Մեր Խօսքը

Մեր Խօսքը. Յիշելով Սիմոն Զաւարեանը` Հայ Յեղափոխութեան Ջահը

Այսօր, երբ կ’արժեւորենք Սիմոն Զաւարեանի կեանքն ու կտակը, կ՛անդրադառնանք ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ անոր դերակատարութեան, այլ նաեւ կը փառաւորենք անոր ժառանգ ձգած գաղափարական հզօր ազդեցութիւնը, որ իբրեւ յեղափոխական ուղեցոյց` շարունակաբար ծառայած է հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն` մասնաւորապէս: Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866-ին, Լոռիի Այգեհատ գիւղը: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ` խոր գիտակցութիւն ունենալով...

Մինակ Չե՛նք, Բայց Առանձին Ենք…

Հայակործանը

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ Սեպտեմբեր ամիսը մեզի համար վերանկախացման ամիս է: Ամիս մը, երբ վերանկախացաւ Հայաստանը, ու հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Երանի թէ կարենայինք ժամանակի սլաքը շարժելով` վերադառնալ այդ պահուն, եւ յիշենք սեպտեմբեր ամիսը միմիայն այս դէպքերով, սակայն նոյն այս ամիսը սկսաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերին Շուշիի յանձնումով, եւ որոշ համեմատութեամբ, կրկին վերադարձանք ԼՂԻՄ-ի տարածքներուն: Ու դարձեալ ըսինք` պիտի...

Աշուն 2024 – Այլ Զուգահեռական Տիեզերքի Մը Մէջ

Աշուն 2024 – Այլ Զուգահեռական Տիեզերքի Մը Մէջ

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Այլ զուգահեռական տիեզերքի մը մէջ, աշուն է արդէն: Կը նախատեսեմ քանի մը շաբաթով Հայաստան մեկնիլ այնտեղ վայելելու համար ոսկեայ քողը հագած Երեւանը, որմէ ետք անցնիլ Շուշի, Արցախ: Կարծես` հայոց լեռներն ու անոնց հիասքանչ տեսարանները  կ՛առաջնորդեն քեզ այս ուղիին վրայ, եւ ակնթարթով մը կ՛անդրադառնաս, թէ հասած ես արդէն Ստեփանակերտ: Կը նախատեսեմ նաեւ նախ` օրհնուիլ «Մամիկն ու Պապիկ»-ի «բարի եկար»-ով,...

Սեռական բռնութիւն  Կոտրել կարծրատիպերը եւ պաշտպանել կանանց

Սեռական բռնութիւն Կոտրել կարծրատիպերը եւ պաշտպանել կանանց

Ժուլիեթ Դաւթեան Յօդուածը պատրաստեց՝ ԺՈՒԼԻԵԹ ԴԱՒԹԵԱՆ Ժուլիեթ Դաւթեանը ներկայիս պաշտօնավարում է ԱՄՆ Արդարադատութեան -ներգաղթեալների վերանայման գործադիր գրասենեակում, անցկացնելով իր թեկնածուական (PhD) հետազոտութիւնը հանրային/մշակութային հոգեբանութեան ոլորտում Խաչատուր Աբովեանի մանկավարժական համալսարանում Սեռական ոտնձգութիւնները եւ բռնութիւնները միայն կանանց դէմ չեն կիրառւում։ Այն առկայ է չափահաս կանանց, տղամարդկանց եւ անչափահաս երեխաների, ինչպէս նաեւ տարեցների նկատմամբ եւ տեղի է ունենում ամէնուր՝ յառաջադէմ եւ մարդու ջատագով...

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (8).  Ինչո՞ւ Զօրակցիլ Դիմադրութեան Եւ Չըլլալ Չէզոք

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (8). Ինչո՞ւ Զօրակցիլ Դիմադրութեան Եւ Չըլլալ Չէզոք

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Այս օրերուն մեր շրջապատին մէջ ամէնուրեք կրկնուող հարցում է. - «Մենք որո՞ւ հետ ենք»: Իբրեւ մարդկային էակներ` Դիմադրութեան կողքին ենք, որովհետեւ ամէն օր տասնեակ անմեղ մարդիկ կը զոհուին, հարիւրաւոր լիբանանցիներ կը վիրաւորուին, երեխաներ ծնողներէ ու կրթութենէ կը զրկուին, պապենական տուներ կը քանդուին, գիւղեր կ՛աւերուին, մարդկային նուազագոյն կարիքները չեն ապահովուիր, միլիոնաւոր մարդիկ տնազուրկ են ու տեղահանուած... Պատերազմը երկու զօրքերու...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Վստահութիւն

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Բաւական ծանր ու ճակատագրական օրեր կ՛ապրինք: Երկրին մէջ համայնքային արդէն գոյութիւն ունեցող զգայնութիւնները կամաց կամաց սկսած են բորբոքիլ: Ընդհանուր այս անորոշութեան մթնոլորտէն օգտուողներ պիտի ըլլան թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իմաստով: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի զուսպ ըլլալու, վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու հասնելու ճիգ պէտք չէ ըլլայ: Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ եղած է ու է՛ տակաւին իր ինքնուրոյն եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն...

Եթէ Հարցնէին…

Եթէ Հարցնէին…

ԶԱՆԻ           Ազատ պահուս Լիբանանի եւ հոն ապրող քրոջս մտահոգիչ լուրերը առնելով` սրտցաւ կը մտնեմ դասարան: - Աշակերտնե՛ր, հոկտեմբեր ամսուն յատկանշական երկու տօն ունինք: Իբրեւ հայ` Թարգմանչաց տօնը, մեր այբուբենի ստեղծման տօնը: Մենք սորվեցանք, որ առանց սեփական լեզուի` հայերը պիտի ձուլուէին այլ ժողովուրդներու մէջ: Արտասանեցինք «Խօսէ հայերէն» կտորը` խոստանալով մնալ հայ ու խօսիլ հայերէն: Երկրորդ տօնը` իբրեւ Քանատա ապրող հայեր, Գոհաբանական...

Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Նշմար. «Օտար Դպրոց Պէտք Է Յաճախել, Որ Օր Մը Կարելի Ըլլայ Տեղ Հասնիլ…»

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Այս յանկերգը բաւական լսած ենք ու դեռ կը լսենք ամէն անգամ, երբ զրոյցի (յաճախ վիճաբանութեան) նիւթը սփիւռքի հայ դպրոցը, հայկական վարժարանն է: Կայ խաւ մը մեր մէջ, որ կը շարունակէ պնդել, թէ ասպարէզի յաջողութեան համար օտար դպրոց յաճախելը պայման է, որովհետեւ մեր վարժարաններուն, այսպէս ըսած, մակարդակը ստորադաս է անկէ: Խօսքը կը վերաբերի այստեղ զուտ ուսման մակարդակի մասին, եւ...

Սմարթֆոնը` Երեխաներու Ձեռքին

Սմարթֆոնը` Երեխաներու Ձեռքին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բրիտանական «Ինտիփենտընտ» թերթին կայքը հրապարակած է ծնողներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ բանավէճ մը` երեխաներու սմարթֆոնի գործածութեան նիւթով: Կը ներկայացնենք երկու մայրերու կարծիքներ: Ն.            Արգիլե՞Լ Երեխաներուն Սմարթֆոներ Գործածել. «Այո՛, Ճի՛Շդ» «Երեխաները կը զարգանան, երբ պատասխանատուութիւն կը կրեն,- կը գրէ երեք երեխաներու մայր Ֆիոնա Սքոթ: - Անոնց հեռաձայնները խլելը ոչ միայն զանոնք աւելի մեծ վտանգի կ՛ենթարկէ, այլեւ կ՛ազդէ անոնց իրենք զիրենք...

«Խորհէ՛ Եւ Մտի՛ր»

«Խորհէ՛ Եւ Մտի՛ր»

ՍԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԿՐԵԱՆ Կարճ` սակայն խորիմաստ նշանաբան մը, որ տեղադրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մուտքին: Այս նշանաբանը հաւանաբար, ըստ ոմանց, ուղղուած ըլլայ այդ սուրբ յարկը մուտք գործող իւրաքանչիւր սանի, որ իր ընտանեկան փոքրիկ ու տաքուկ բոյնէն բաժնուելով` կու գայ յագեցնելու ուսման եւ գիտութեան իր ծարաւը, արմատաւորելու քրիստոնէական իր հաւատքը եւ  մշակելու հայու իր ինքնութիւնը: Սակայն ես կու գամ ըսելու,...

Ոտնակոխ Տունը

Զուգահեռ Որոնումներ. «Քաղցր Տուն Ատանա»

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Բեմադրիչը.- Ատանացի հայկական արմատներ  ունեցող Նակեհան Ուսքան հաստատուած է Թուրքիոյ մօտակայ յունական Լեպոս կղզիի վրայ (1): Արտադրիչն է «Տերտօ մայրիկը եւ ընկուզենին»  (Mother Derdo and the Walnut Tree, 68 վ. 2017) վաւերագրական ժապաւէնին, որուն անդրադարձած եմ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ (2): Ներկայ գործը ֆինանսաւորած է «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը: Վերնագիրը հետեւողութեամբ է «Sweet Home Alabama» (Andy Tennant 2002) ժապաւէնին,...

Պատերազմի Շարունակութիւնը Եւ Աղէտաբեր Հետեւանքներու Հաւանականութիւնը

Պատերազմի Շարունակութիւնը Եւ Աղէտաբեր Հետեւանքներու Հաւանականութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Կեանքի սպառնացող ահաւոր վտանգի կողքին եւ անկէ անդին, Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմը շարունակուելու պարագային, ընկերային, առողջապահական, կրթական, տնտեսական աղէտներու դիմաց կրնայ կանգնեցնել ամբողջ երկիրը: Ա.- Մէկուկէս միլիոնի հասնող գաղթականներ` Լիբանանի նման փոքր երկրի մը համար, ուր աղէտներու հակակշռումի պետական համապատասխան համակարգը թոյլ է, հակառակ արտաքին օժանդակութիւններուն` դժուար է կացութեան ամբողջական տիրութիւն յանձանձումը կատարել: Գաղթակայաններու մէջ մաքրութեան անբաւարարութիւնը, փոխանցիկ...

Դպրեվանքը` Բոլորիս Տունը

Դպրեվանքը` Բոլորիս Տունը

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Հսկիչ դպրեվանուց Անհատի մը համար տուն յղացքը` բացի իր քարեղէն կառոյցէն, կը պարփակէ շարք մը էական յատկանիշներ. իւրաքանչիւր անհատ իր տան մէջ կը զգայ հարազատ, ապահով, հանգիստ, ազատ եւ պաշտպանուած: Տունը միայն ընտանեկան յարկը չէ, այլ անիկա նաեւ կը վերաբերի այն բոլոր միջավայրերուն, ուր մարդ կ՛աճի ու կը կազմաւորուի: Արդիւնաւէտ եւ առողջ կեանք մը վարելու համար նախապայման...

Page 154 of 1110 1 … 153 154 155 … 1,110

Արխիւներ