Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եթէ Հարցնէին…

October 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՆԻ          

Ազատ պահուս Լիբանանի եւ հոն ապրող քրոջս մտահոգիչ լուրերը առնելով` սրտցաւ կը մտնեմ դասարան:

– Աշակերտնե՛ր, հոկտեմբեր ամսուն յատկանշական երկու տօն ունինք: Իբրեւ հայ` Թարգմանչաց տօնը, մեր այբուբենի ստեղծման տօնը: Մենք սորվեցանք, որ առանց սեփական լեզուի` հայերը պիտի ձուլուէին այլ ժողովուրդներու մէջ: Արտասանեցինք «Խօսէ հայերէն» կտորը` խոստանալով մնալ հայ ու խօսիլ հայերէն: Երկրորդ տօնը` իբրեւ Քանատա ապրող հայեր, Գոհաբանական տօնն է. թէեւ հայկական չէ, սակայն առիթ է սիրելիներով հաւաքուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր ունեցածներուն համար: Այսօր բացիկ մը պիտի պատրաստենք, կողքին` Բարի գոհաբանական տօն գրենք, իսկ մէջը ի՞նչ բանի շնորհակալ ենք, սկսի՛նք թուել:

Իւրաքանչիւր աշակերտ կարգով ըսաւ.

– Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, ընտանիքիս, ընկերներուս համար:
– Շնորհակալ եմ ճաշիս, ջուրիս, հագուստիս, շնիկիս համար:
– Շնորհակալ եմ դպրոցիս, տունիս, մաքուր օդ շնչելուս համար:
– Շնորհակալ եմ ապահով երկրի մէջ ապրելուս համար:

Այդ վայրկեանին կը նայէի ոգեւորուած, ժպտուն աշակերտներուս. սակայն մտքով, հոգւով ես ինծի հարց կու տայի` «Եթէ այս նոյն հարցումը ուղղէին ռմբակոծման վտանգի տակ ապրող Լիբանանի աշակերտներուն, քրոջս տղոցը, սանուկներուս, սիրելիներուս. ի՞նչ պիտի ըլլար իրենց պատասխանը»:

– Շնորհակալ եմ ապահով երկրի մէջ ապրելո՞ւ, ապահով դպրո՞ց, ապահով ի՞նչ…

Երկվայրկեանի մէջ յիշեցի 2006-ի Լիբանանի պատերազմը, երբ հեռատեսիլէն կը դիտէինք հազարաւոր օտար քաղաքացիութիւն ունեցող քաղաքացիներ, որոնք նաւերով կը փախչէին, եւ խօսնակը կը մեկնաբանէր` «Կ՛երթան ապահով երկիր»: Ինը տարեկան աղջիկս ինծի դառնալով` հարցուց. «Մամա՛, ինչո՞ւ եւ ո՞ւր կ՛երթան այս մարդիկը, ինչո՞ւ` Լիբանանը ապահով երկիր չէ՞…»: Նայեցայ աղջկաս շուարած աչքերուն, սակայն չկրցայ պատասխանել. այլապէս ստած կ՛ըլլայի:

Անհաւատալի, 18 տարի ետք նոյն անապահովութիւնը, վախը, անորոշութիւնը կը կրկնուին եւ աւելիով:

Աշխարհի բոլոր մանուկները հաւասար իրաւունքներ ունին: Լիբանանի աշակերտներուն ալ իրաւունքն է ունենալ եւ շնորհակալ ըլլալ նոյն տարրական բաներուն համար, զորս ապահով երկրի աշակերտները թուեցին:

Յուզուած ժպիտով կը նայէի սիրուն, անմեղ, ուրախ աշակերտներուս. բայց տխուր սրտով կը տեսնէի Լիբանանի այս օրերուն մտահոգ, անքուն, անտուն, անապահով աշակերտները: Վերադարձած էին պատերազմին ապրած օրերս` վախ, անորոշութիւն, սիրելիներէ բաժանում… ցաւալի, անմոռանալի,  անբուժելի յիշատակներ…

Քանատա, 2024

 

Նախորդը

Նշմար. «Օտար Դպրոց Պէտք Է Յաճախել, Որ Օր Մը Կարելի Ըլլայ Տեղ Հասնիլ…»

Յաջորդը

Վստահութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.