Այս օրերուն մեր շրջապատին մէջ ամէնուրեք կրկնուող հարցում է.
– «Մենք որո՞ւ հետ ենք»:
Իբրեւ մարդկային էակներ` Դիմադրութեան կողքին ենք, որովհետեւ ամէն օր տասնեակ անմեղ մարդիկ կը զոհուին, հարիւրաւոր լիբանանցիներ կը վիրաւորուին, երեխաներ ծնողներէ ու կրթութենէ կը զրկուին, պապենական տուներ կը քանդուին, գիւղեր կ՛աւերուին, մարդկային նուազագոյն կարիքները չեն ապահովուիր, միլիոնաւոր մարդիկ տնազուրկ են ու տեղահանուած…
Պատերազմը երկու զօրքերու միջեւ զինուորական բախումներն են, որոնց իբրեւ արդիւնք կամ հետեւանք` ուժեղը կը յաղթէ եւ ինքզինք կը պարտադրէ, սակայն այսօր Լիբանանի եւ Կազայի մէջ պատահածը պատերազմի սահմաններէն անդին` Իսրայէլի կողմէ անմարդկային ոճիրներու գործադրութիւնն է, երեխաներու երազները մարելն է…
Այսօր Լիբանանը կ՛ենթարկուի Իսրայէլի կողմէ ցեղասպանական-ծաւալապաշտական նպատակներով առաջնորդուող պատերազմի, եւ որուն համար Դիմադրութեան քայքայումը միջոց է, եւ ոչ` նպատակ: Հոս է հիմնախնդիրը, եւ երբ լիբանանցիները ընդունին այս իրողութիւնը, ապա հարցերուն ճշգրիտ եղանակով կը հետեւին, կը տեսնեն: Իսրայէլը կ՛ուզէ բնաջնջել Հըզպալլան, որովհետեւ իր մեծ ծրագիրներու իրականացումը վտանգողն է: Այո՛, Դիմադրութեան գաղափարին կողքին ենք, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իբրեւ իրաւազրկուած հաւաքականութենէ ծնած կուսակցութիւն, միշտ ալ զօրակցած է փոքրամասնութիւններու եւ արդար դատ հետապնդող հաւաքականութիւններու իրաւունքներուն:
Ասկէ անդին շատեր հոս ու հոն խօսելով կամ գրելով` կը վերյիշեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Դաշնակցութեան որդեգրած «դրական չէզոքութիւնը»` դատապարտելով կուսակցութեան ներկայացուցիչներու Դիմադրութեան նկատմամբ կեցուածքները, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պայմանները կարելի չէ նոյնացնել այսօրուան պայմաններուն հետ:
Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Դաշնակցութիւնը դիմեց դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան, որովհետեւ պատերազմող կողմերը եղբայրներ ու քոյրեր էին, եւ կուսակցութիւնը որոշած էր այդ պայմաններուն մէջ մնալ չէզոք, որովհետեւ չէր ուզեր որեւէ կողմի հետ որեւէ կողմի դէմ ըլլալ, եւ այդ քաղաքականութեամբ կ՛ուզէր ստեղծել դրական մթնոլորտ` զգաստութեան հրաւիրելու եւ դադրեցնելու եղբայրասպան կռիւները:
Իսկ այսօր կացութիւնը նոյնը չէ: Այսօր Իսրայէլը Լիբանանի դէմ պատերազմի սկսած է, եւ այս իրադրութեան մէջ ինչի՞ն դրական ըլլալ: Թշնամական ոճրագործութիւններուն ու աւերուածութիւններուն դիմաց ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ դրական, եւ ինչպէ՞ս կարելի է ձեռնածալ մնալ, չէզոք ըլլալ: Կացութիւնը ամբողջովին տարբեր է եւ կարելի չէ նոյնացնել:
Վերջապէս անոնք, որոնք կը կրկնեն այն յանկերգը, որ Դիմադրութիւնը ունի արտաքին «վարպետ», որ «իր» կռիւը Լիբանանի մէջ լիբանանցիներու ձեռքերով կը մղէ, ապա նախեւառաջ մէկը ցոյց թող տայ լիբանանեան քաղաքական ուժ մը, որ ներքին առումով կշիռ ունի եւ չունի «վարպետ» եւ կամ ալ «վարպետներ»: Եթէ Դիմադրութիւնը զէնքի, նիւթականի եւ կարելիութիւններու կարիքն ունի, եւ Իրանը կը տրամադրէ, ո՛ւր է արգելքը, երբ այլ պետութիւններ ոչ մէկ շօշափելի օժանդակութիւն կը կատարեն, մինչ Լիբանանի պետութիւնը զինուորներուն ամսեթոշակները չի կրնար ապահովել:
«Պապէն աւելի պապական» ըլլալու կարիք չկայ: Ինչո՞ւ Լիբանանի «բարեկամները» «խաղալիքներ»-ու փոխարէն` հակօդային սարքեր չապահովեցին Լիբանանի բանակին: Այդ «բարեկամ» երկիրները նոյնիսկ չեն ուզեր, որ Լիբանանը Իսրայէլին դիմաց ինքնապաշտպանութեան նուազագոյն համակարգը ունենայ: Լիբանանի «բարեկամները», այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւններու «բարեկամներուն» նման, միայն կ՛ուզեն բանակի փոխարէն` «ոստիկանական» համակարգը զօրացնել, որպէսզի «իրենց» իշխանութիւնները պահպանեն:
Լիբանանի կռիւը «Նոր Միջին Արեւելք»-ի քարտէսի ճամբան բանալն է: Դիմադրութեան շարժումը այդ ճամբու հիմնական արգելքներէն մէկն է, եւ որուն խիզախութենէն ու երկարաշունչ պայքարի ոգիէն կախեալ է քարտէսի գործադրութեան ժամանակաւոր սառեցումը եւ կամ ալ քարտէսի գործադրութիւնը, եւ որուն իրագործման մէջ «մեծ ձուկը փոքր ձուկին կ՛ուտէ» հասկացողութեամբ եւ անասնական օրէնքով առաջնորդուող այս աշխարհին մէջ Իսրայէլը յաղթողն է, իսկ Լիբանանը` պարտուողը, զիջողը, յանձնողը, կորսնցնողը:
17 հոկտեմբեր 2024



