Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը` Բոլորիս Տունը

Հոկտեմբեր 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Հսկիչ դպրեվանուց

Անհատի մը համար տուն յղացքը` բացի իր քարեղէն կառոյցէն, կը պարփակէ շարք մը էական յատկանիշներ. իւրաքանչիւր անհատ իր տան մէջ կը զգայ հարազատ, ապահով, հանգիստ, ազատ եւ պաշտպանուած: Տունը միայն ընտանեկան յարկը չէ, այլ անիկա նաեւ կը վերաբերի այն բոլոր միջավայրերուն, ուր մարդ կ՛աճի ու կը կազմաւորուի: Արդիւնաւէտ եւ առողջ կեանք մը վարելու համար նախապայման է, որ մարդ իր տան մէջ` անիկա ըլլայ ընտանիք, եկեղեցի, վարժարան, ակումբ, կիրակնօրեայ դպրոց թէ միութենական միջավայր,  զգայ սիրուած, փնտռուած եւ յարգուած: Ահա այս զգացումներուն փորձառութիւնը ունեցած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս, ուր անցուցած եմ տասներեք տարիներ նախ որպէս աշակերտ, ապա` իբրեւ հսկիչ եւ դասաւանդ ուսուցիչ:

Դպրեվանքը դարձած է իմ տունս, որովհետեւ այս տան մէջ կազմաւորուած են արժէքներս, ինքնութիւնս եւ նկարագիրս: Այս յարկին տակ ապրուած իւրաքանչիւր պահ, կամ ինծի յանձնուած պարտականութիւն շինիչ, դաստիարակիչ եւ բարերար ազդեցութիւն ունեցած է վրաս: Այս վայրին մէջ գտած եմ անկեղծ, բարի, ազնիւ եւ ծառայասէր ընտանիքի անդամներ, որոնք առանց որեւէ ակնկալութեան` միշտ պատրաստ եղած են օգտակար դառնալու ու զօրավիգ կանգնելու իրարու` դժուար թէ լաւ օրերուն: Դպրեվանքին մէջ անցուցած իւրաքանչիւր վայրկեան ինծի համար անփոխարինելի է, որովհետեւ ինչ որ ապրած եւ զգացած եմ դպրեվանքին մէջ, չեմ կրցած գտնել կամ տեսնել ուրիշ տեղ: Դպրեվանքի եղբայրներուս հետ անցուցած ժամանակս` դասի, խաղի, աղօթքի, ընթերցանութեան, երգեցողութեան, պատարագի, մարզանքի, արուեստի, աշխատանքի եւ պտոյտի պահերը հոգիիս եւ մտքիս մէջ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքներուն դիմաց խոնարհող մարդը եւ հայը կերտած են: Դպրեվանքի հովանիին տակ ծանօթացած եմ Հայ եկեղեցւոյ, Հայոց պատմութեան, հայ գիրի եւ գրականութեան արժէքներուն եւ տիտաններուն, որոնք յարատեւօրէն կը լուսաւորեն իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի միտքն ու  ներաշխարհը:

Դպրեվանքը ինծի համար երբեք  ուսումնառութեան սովորական վայր մը չէ եղած, ոչ ալ` սոսկ աշխատատեղի մը, ուր պաշտօնեաներու աշխատանքի ժամը լրանալուն պէս` անոնք անհոգօրէն կ՛արձակուին եւ կը վազեն դէպի անտարբեր առօրեայ: Այս իմաստով, դպրեվանքը կեանքի հասարակ եւ տարտղնուած ժամանակացոյցէն մեզ բարձրացնող հոգեհարազատ վայր մը եղած է. վայր մը, ուր սերունդներ դաստիարակուած են ու կը շարունակեն դաստիարակուիլ, յղկուիլ եւ պատրաստուիլ` ապագայ հայուն հարազատ արժեհամակարգով: Դպրեվանքը պատրաստած է կաթողիկոսներ, հոգեւորականներ, կրթական մշակներ եւ ազգային գործիչներ` ազգին եւ եկեղեցիին նուիրեալներու հսկայ փաղանգ մը հայթայթելով մեր հաւաքական կեանքին:

Ահա այսպիսով, դպրեվանքը կը դառնայ նաեւ հայ ազգին տունը, որովհետեւ այստեղ է, որ կ՛աճին ու կը բեղմնաւորուին մեր անհատական ու հաւաքական յոյզերը, իղձերն ու տեսլականները: Հպարտօրէն կրնամ վկայել, որ եկեղեցիս ու ազգս ճանչնալու եւ անոնցմով հպարտանալու գիտելիքները, զգացումները եւ ոգին դպրեվանքէն ստացած եմ, եւ անոր իսկ դաստիարակութեամբ այս բոլորին տէրը դառնալու նախանձախնդրութեան կը ձգտիմ միշտ:

Դպրեվանեան  ուսումնակրթական տարեշրջանի իւրաքանչիւր վերամուտ  մեր մէջ կը ստեղծէ յատուկ խանդավառութիւն: Բոլորս անհամբեր կը սպասենք վերադառնալու մեր ջերմ ու կարգապահ առօրեային: Մեզի կը միանան  նոր սաներ, որոնց ներկայութիւնը միշտ ալ տարբեր երանգ մը կու տայ դպրեվանեան կեանքին: Եւ դպրեվանքի վերամուտը բոլորիս համար յիշեցում մըն է` վերադառնալու մեր ապահով տունը, բոլորիս տունը, ուր մեր հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը միշտ կը ծաղկին վերանորոգ ոճով:

Իբրեւ վերջաբան` կը մտաբերեմ դպրեվանքի գրասեղաններուն վրայ սորված եւ հարազատօրէն իւրացուցած Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը եւ փոխ առնելով անոր բառերը` կ՛ըսեմ.

Դպրեվանքը տունն է հայուն, աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (7). Անհատներով Չպայմանաւորուած Գործը Կանգ Չ՛առներ

Յաջորդը

Պատերազմի Շարունակութիւնը Եւ Աղէտաբեր Հետեւանքներու Հաւանականութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?