Կարճ` սակայն խորիմաստ նշանաբան մը, որ տեղադրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մուտքին:
Այս նշանաբանը հաւանաբար, ըստ ոմանց, ուղղուած ըլլայ այդ սուրբ յարկը մուտք գործող իւրաքանչիւր սանի, որ իր ընտանեկան փոքրիկ ու տաքուկ բոյնէն բաժնուելով` կու գայ յագեցնելու ուսման եւ գիտութեան իր ծարաւը, արմատաւորելու քրիստոնէական իր հաւատքը եւ մշակելու հայու իր ինքնութիւնը:
Սակայն ես կու գամ ըսելու, որ անիկա ուղղուած է ոչ միայն այդ յարկէն ներս մուտք գործող իւրաքանչիւր հայ պատանիի կամ երիտասարդի, այլ նաեւ` գիտակից յանձնառութեամբ իւրաքանչիւր անհատի, որ իր ներդրումը պիտի ունենայ մարդակերտման եւ հայակերտման այդ գործընթացին:
Քանի մը տարի առաջ, երբ տեսուչ հայր սուրբին հրաւէրով բարձրացայ Պիքֆայայի դպրեվանք, լուռ երկչոտութիւն մը կը պատէր զիս: Պիքֆայայի վանքն ու շրջափակը մանկութեանս խորքէն եկած իրենց թելերովը դարձեալ «կը քաշէին» զիս ու «կը գրկէին»` իբրեւ իրենց մէկ հարազատը:
Մանկութեանս յուշերուն մէջ դեռ վառ կը մնայ սիրելի հօրեղբօրս վանականի համեստ սենեակը, որուն գիրքերուն օրօրող ու զգացումներ շոյող բոյրը տակաւին յիշողութեանս մէջ է: Այն սենեակը, որուն պատուհանէն կը դիտէի վանքին բակը` իր աղբիւրով, նոճիի ծառերով ու ողջ բնութեամբ, ուր վանականները կը ճեմէին, եւ ես մանկան մը ակնածանքով կը դիտէի անոնց հաստատ ու հանդարտ քայլերը: Այն սենեակը, որուն գրամեքենային վրայ առաջին անգամ իմ մատղաշ մատներս սորվեցան մեքենագրել մեր ոսկեղենիկ տառերը…
«Խորհէ՛ եւ մտի՛ր» խորախորհուրդ խօսքը կարդալով` մտայ այդ սրբազան յարկէն ներս, ուր զիս դիմաւորեց Աստուածամօր պատկերը` Իր Յիսուս մանուկով. սրբանկար մը, որ կարծես խորհրդանշական յղացք մը ունէր: Տեսակցեցայ տեսուչ հայր Պարոյրին հետ, որ իր հեզահամբոյր եւ հանդարտ խառնուածքով ընդունեց զիս եւ, իմ մասնագիտութեանս համաձայն, առաջարկեց Ընծայարանի աշակերտներուն դասաւանդել հայոց լեզու, մատենագրութիւն եւ գրականութիւն: Ուսուցչական ասպարէզին մէջ ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնս տատամսելու առիթ չտուաւ ինծի: Տարեկան ծրագիրին մանրամասնութիւններուն անդրադառնալէ ետք բաժնուեցանք: Քայլերս անզգալաբար ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածնայ մատուռը, ուր ծնրադիր աղօթեցի: Սակայն այս անգամ առ Աստուած բարձրացուցած աղօթքս չէր նմաներ այդ սրբալոյս պատերուն մէջ իմ մանկական շրթներէս արտաբերուած անմեղունակ աղօթքներուն. աղօթեցի Աստուծմէ ուժ եւ իմաստութիւն խնդրելու, որպէսզի արդարացնեմ դպրեվանքի ուսուցիչ ըլլալու ինծի վստահուած սուրբ առաքելութիւնը:
Դպրեվանքի ուսուցիչ… Ծանօթացայ յարգալիր կեցուածքով սեւազգեստ պատանիներու եւ երիտասարդներու, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ պատրաստուած էին կուսակրօն քահանաներ դառնալու, իսկ ուրիշներ` իբրեւ աշխարհականներ, ծառայելու ազգին ու ժողովուրդին:
Իբրեւ ուսուցիչներ` բոլորս ալ հրաւիրուած ենք բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով կատարելու մեզի վստահուած առաքելութիւնը, սակայն դպրեվանքի ոսուցիչ ըլլալը տարբեր յանձնառութիւն մը կը դնէ մեր ուսերուն: Ամէն օր, այդ յարկը մուտք գործելէ առաջ, «Խորհէ՛ եւ մտի՛ր»-ը կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէ դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ, այլ` սրբավայր մը, ուր մենք կոչուած ենք համոզումով ու հաւատքով մեր ներդրումը ունենալու իւրաքանչիւր անհատի պատրաստութեան, որ ապագային պիտի հզօրացնէ մեր հաւաքական ուժն ու պայքարը: Կոչուած ենք դարբնելու այն մատղաշ միտքերն ու հոգիները, որոնք պիտի դառնան ապագայի դպրապետները, ազգային գործիչները, մտաւորականներն ու հոգեւորականները: Քրիստոնէութեան հիմքը սէրն է: Ուսուցիչն ալ կը սիրէ իր աշակերտները: Սակայն դպրեվանքի ուսուցիչը կրկնակի կը սիրէ մայրական ու հայրական գուրգուրանքէ հեռու իր աշակերտները, աւելիով կը գուրգուրայ անոնց եւ նախանձախնդրութեամբ կը մօտենայ անոնց հոգեմտաւոր զարգացման:
Դպրեվանքը այն ապահով եւ հոգեհարազատ վայրն է, ուր հայ պատանին կը թրծուի ազգային ու հոգեւոր ոգիով, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է ազգային գիտակցութեամբ, զոհողութեամբ եւ նուիրումով այդ քաղցր լուծը իր ուսերուն կրելու:
Պիքֆայայի բարձունքներուն վրայ կանգնած դպրեվանքը իր խրոխտ հայեացքով եւ հաւատքի ու գիտութեան լոյսի պսակով շողազարդուած` կը նայի իր ժողովուրդին եւ կը խօսի անոր հետ, ի՛ր ժողովուրդին նուիրական իղձերուն հարազատ լեզուով անոր կ՛ըսէ. «Խորհէ՛ եւ մտի՛ր»:



