Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 130 Խաչուհիներ Մասնակցեցան Սօ Խաչի Երկօրեայ Սեմինարին

Հոկտեմբեր 19, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 եւ 12 Հոկտեմբերին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միութեան անդամներուն յատուկ երկօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան ՍՕ Խաչի բոլոր մասնաճիւղերէն աւելի քան 130 ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեան։

Սեմինարը տեղի ունեցաւ Հալէպի «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս։

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի բարի գալուստի խօսքէն եւ ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան  ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեանի զեկոյցէն վերջ ընթացք առին սեմինարի օրակարգերը, որոնք կ՚ընդգրկէին հետեւեալ դասախօսութիւնները.

– «Դիւանային Աշխատանք» (հաշուապահական Կանոններ), դասախօս՝ Զեփիւռ Գէորգեան,

– Խմբային աշխատանք, զոր վարեց Անի Մինասեան,

– «Ժողովավարական Կանոններ», դասախօս՝ Հռիփ Կանանեան,

– «ՍՕԽ-ի Կանոնագիր», դասախօս՝ Զեփիւռ Է. Րէիսեան,

-«Դիւանային Աշխատանք» (ատենադպրութիւն), դասախօս՝ Հուրի Տիլպէրեան,

-«Թղթակցութիւն եւ Լրագրութիւն», դասախօս՝ Զարմիկ Պօղիկեան

-«Որմնազդի եւ Յայտարարութեան Պատրաստութիւն», դասախօս՝ Անի Մինասեան։

Դասախօսութիւններու կողքին, մասնակիցները երկու օրերու ընթացքին այցելեցին նաեւ Հալէպի Հայ Առաքելական եկեղեցիներ ու տեղւոյն խորաններուն նուիրեցին Այնթէպի ասեղնագործով հիւսուած Ս. Աւետարանին տակ զետեղելի ծածկոցներ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ զայն յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ապա այցելեցին Հալէպի պատմական փակ շուկաներ՝ ընկերակցութեամբ Մարալ Գազէզեանի, ներկայ եղան մտերմիկ ընթրիքի «Դալար» Այգեստանէն ներս, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուեցան «ALLEGRO» ճաշարանէն ներս։

Երկօրեայ սեմինարի աւարտին, սեմինարի մասնակիցներուն բաշխուեցան հաստատագրեր։

Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր Գ. համարով։

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերուն Օգտագործման Համար Ձայնասփիւռի Կայանի Մը Հեռարձակումը Կասեցուեցաւ

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Կանխարգիլել Ազրպէյճան-Հայաստան Յաջորդ Պատերազմը

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?