Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վստահութիւն

October 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ 

Բաւական ծանր ու ճակատագրական օրեր կ՛ապրինք: Երկրին մէջ համայնքային արդէն գոյութիւն ունեցող զգայնութիւնները կամաց կամաց սկսած են բորբոքիլ:

Ընդհանուր այս անորոշութեան մթնոլորտէն օգտուողներ պիտի ըլլան թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իմաստով:

Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի զուսպ ըլլալու, վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու հասնելու ճիգ պէտք չէ ըլլայ:

Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ եղած է ու է՛ տակաւին իր ինքնուրոյն եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը ապահովող բոլոր ճիգերուն հետ:

Կը հաստատենք, որ մեր համայնքի ֆիզիքական եւ քաղաքական ապահովութիւնը կրնայ երաշխաւորուիլ միայն բոլորը հաւաքող, զանոնք միացնող, գերիշխանութիւն տարածող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընդմէջէն:

Ճիշդ պիտի չըլլայ, որ այս կամ այն գրառումներով, զրոյցներով, նկարներով եւ հաւաքական վերլուծումներով կեցուածք ու միտքեր արտայայտուին այս շրջագիծէն դուրս:

Զգուշութիւնն ու զսպուածութիւնը ներկայ փուլի ամէնէն հրամայական պահանջներն են:

Սպառնալիքները մեծ են եւ դաւերը բազմազան: Սարսափ ստեղծելու պէտք չկայ, միայն զգուշ ըլլանք:

Մեծ գրաւ դրուած է ներքին համայնքային բախումներու ստեղծման վրայ: Թշնամին իր զօրքերով ու զինամթերքով կը քանդէ անխնայ, բայց ներքին արիւնահոսութեամբ աւելի դիւրին կ՛իրականացնէ իր նպատակները:

Հո՛ս է, որ իւրաքանչիւրս ընելիք ունինք, իւրաքանչիւրէս կը սպասուի զգօն ըլլալ, եւ կարեւոր է նաեւ նոյնքան հաւատք ունենալ ղեկավարութեան նկատմամբ, որովհետեւ իր փորձառութեամբ, պատմութեամբ, զոհողութիւններով եւ նուիրումով միշտ ալ առաջնակարգ սեպած է հաւաքական ապահով, կայուն, անվնաս դուրս գալ ամէն տեսակի փոթորիկներէ: Այսօր ալ նոյնն է նպատակը:

Միասնակամ եւ հաւատքով  աննկուն մնանք մեր ընելիքներուն մէջ եւ գալիք մարտահրաւէրներուն դիմաց:

 

 

Նախորդը

Եթէ Հարցնէին…

Յաջորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (8). Ինչո՞ւ Զօրակցիլ Դիմադրութեան Եւ Չըլլալ Չէզոք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.