Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Կանխարգիլել Ազրպէյճան-Հայաստան Յաջորդ Պատերազմը

October 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ

Կարելիութիւնը կայ կանխելու պատրաստուող տագնապը, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ, մասնաւորապէս` Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան օգնութեամբ:

Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական եւս մէկ պատերազմ` շրջանային էական ապակայունացման կարողականութեամբ, մօտալուտ է: Այսուամենայնիւ, ատիկա կարելի է կանխարգիլել:

Ազրպէյճանը` Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ աջակցութեամբ, կը պահանջէ հարաւային Հայաստանէն անցնող արտատարածքային «միջանցք»-ի իրաւունքը ունենալ: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովէն ետք (ՔՈՓ29 – 11-22 նոյեմբեր 2024), երբ աշխարհի ուշադրութիւնը այլ տեղ պիտի ըլլայ, «միջանցք»-ը ուժով խլելու ազրպէյճանական յարձակման վտանգը զգալիօրէն պիտի աճի:

Հայաստանը կրնայ կանխել այս վայրագ հետեւանքը` կոչ ուղղելով համապարփակ բանակցութիւններ վարելու Ազրպէյճանի հետ, ներգրաւելով նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային ուժեր:

2023 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ եւ այնտեղի հայերուն ցեղային զտումները հիմնովին փոխեցին աշխարհաքաղաքական տեսադաշտը եւ վերջ դրին 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ հրադադարի համաձայնագիրին, որ աւարտեց 44-օրեայ ազրպէյճանական պատերազմը չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ: Համաձայնագիրը ստորագրուած էր Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ, եւ անոր հիման վրայ Ազրպէյճան կը պահանջէր «միջանցք»-ի իրաւունք ունենալ Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզով, զոր Ազրպէյճան կը կոչէ «Զանգեզուր»:

Եռակողմ համաձայնագիրով, որ պիտակաւորուած էր իբրեւ «յայտարարութիւն», կողմերը պարտաւորութիւն ստանձնած էին «Ամբողջական հրադադարի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ռազմական բոլոր գործողութիւններու դադրեցման մասին» (յօդուած 1): Աւելի՛ն. անոնք համաձայնած էին տեղակայել ռուսական «խաղաղարար ուժեր. Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքին», որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Հայաստանին կը միացնէ (յօդուած 3):

Եռակողմ համաձայնագիրի առաջին յօդուածին մէջ ձեւակերպուած նպատակը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ հրադադարի ամբողջական խախտումով, երբ Ազրպէյճան 19 սեպտեմբեր 2023-ին համակողմանի յարձակումի սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ: Յարձակումին նախորդած Լաչինի միջանցքի իննամսեայ ազրպէյճանական շրջափակումը խախտեց 3-րդ յօդուածը: Իսկ 2024 թուականի ապրիլին ռուսական «խաղաղարար ուժերու» վաղաժամ հեռացումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն` նոյնպէս խախտելով 3-րդ յօդուածը, հաստատեց համաձայնագիրի աւարտը: Այս երեք հիմնարար կէտերու էական խախտումներուն հետ եռակողմ համաձայնագիրը կրնայ նկատուիլ դադրեցուած` համաձայն Վիեննայի պայմանագիրներու իրաւունքի մասին հռչակագիրի 60-րդ յօդուածին:

Աւելի՛ն. ի տարբերութիւն 3-րդ յօդուածին մէջ «Լաչինի միջանցք»-ի յիշատակումին` եռակողմ համաձայնագիրը չ՛օգտագործեր «միջանցք» եզրը հարաւային Հայաստանէն անցնող փոխադրական հաղորդակցութեան ուղիին համար: Փոխարէնը` համաձայնագիրի 9-րդ յօդուածը կը նախատեսէ չորս պարտաւորութիւն. Ա) «Շրջանին մէջ պէտք է ապաշրջափակուին տնտեսական եւ փոխադրական կապերը», Բ) «Հայաստանը պէտք է երաշխաւորէ փոխադրական կապերու անվտանգութիւնը» Ազրպէյճանի եւ անոր Նախիջեւանի էքսքլաւին միջեւ` «երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժին համար», Գ) Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութիւնը «պատասխանատու պէտք է ըլլայ փոխադրական կապերը վերահսկելու համար», եւ Դ) Կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութեան պարագային, պիտի ապահովուի Նախիջեւանը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ փոխադրական նոր հաղորդակցութիւններու կառուցումը:

Հետեւաբար նախատեսուող «տնտեսական եւ փոխադրական կապերը» չեն սահմանափակուիր միայն հարաւային Հայաստանի տարածքով` Ազրպէյճանի օգտագործման համար, այլ նաեւ պէտք է «ապաշրջափակուին» ամբողջ շրջանին մէջ, ներառեալ հայկական փոխադրամիջոցներուն համար` Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Ռուսիա եւ այլուր (Ա): Հայաստանի տարածքէն անցնող փոխադրական կապերը պէտք է ըլլան Հայաստանի ինքնիշխանութեան տակ, այլապէս ան չի կրնար «երաշխաւորել անվտանգութիւնը» (Բ), եւ անիկա պէտք է «ենթարկուի կողմերուն միջեւ համաձայնութեան» (Դ), ինչ որ կը նշանակէ, թէ ասոր համար պիտի պահանջուին յաւելեալ բանակցութիւններ, եթէ չըսենք` նոր համաձայնագիր եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ:

Ռազմավարական նկատառումներէ եւ բարի կամքէ մեկնելով` Հայաստան կրնայ որոշել չանդրադառնալ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ հրադադարի համաձայնագիրի դադրեցմանը, փոխարէնը` կրնայ նախընտրել բանակցութիւններ վարել հաղորդակցութեան կապերու պայմաններուն շուրջ` ըստ համաձայնագիրին: Ընդդիմանալով Ազրպէյճանի պահանջած զիջումներուն` Հայաստան կրնայ դիտարկել Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ապահով եւ երաշխաւորուած տարանցման իրաւունքներ առաջարկելու հարցը, որ Ազրպէյճանի հիմնական կարիքն է` անկախ օգտագործուող պիտակէն` «տնտեսական եւ փոխադրական կապեր» կամ «Զանգեզուրի միջանցք»: Տարանցման իրաւունքները պէտք է ըլլան յստակ սահմանուած պայմաններով եւ ենթարկուին խիստ հայկական ինքնիշխանութեան եւ վերահսկողութեան, բայց` միջազգային դիտարկումի ներքեւ: Համաձայնեցուած փոխադրական կապը պէտք չէ ընդհատէ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանային եւ հաղորդակցական կապը:

Բացի ատկէ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է համաձայնին մաքսային, սահմանային անվտանգութեան եւ ստուգումներու վերաբերեալ, եթէ այդպիսիք կան: Պէտք է դիտարկել նաեւ Ազրպէյճանի տարածքով ճանապարհորդելու փոխադարձ իրաւունքները: Համաձայնագիրը պէտք է պաշտպանէ նաեւ Հայաստանէն տարածքային պահանջներու ուրուականին դէմ:

Անցեալ ամիս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նախազգուշացուց Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը, որ հարաւային Հայաստանէն անցնող որեւէ միջանցք պէտք չէ փակէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ սահմանը: «Մեր դրացիներուն տարածքային ամբողջականութեան խախտումը, կամ սահմաններու վերագծումը կտրականապէս անընդունելի են եւ կարմիր գիծ են Իրանի համար», ըսաւ ան:

Առաջարկը քաղցրացնելու համար Հայաստանը կրնայ դիտարկել Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ենթակառոյցներու համատեղ զարգացումը, վերջիններս բաղկացած են երկաթուղիէ, մայրուղիէ, կամուրջներէ եւ փապուղիներէ` ի շահ երկու երկիրներու եւ նպաստելու համար շրջանային համարկումին: Ազրպէյճանը արդէն սկսած է սահմանի իր կողմէն երկաթուղիի եւ մայրուղիի ենթակառոյցի զարգացումը, որ հարաւային Հայաստանի տարածքով պիտի կապուի «տնտեսական եւ փոխադրական կապերու» հետ, ինչ որ տակաւին պէտք է համաձայնեցուի:

Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կրնան նաեւ դիտարկել միջանցքային ենթակառոյցի զարգացման հետ կապուած որոշ սահմանային տարածքներու ապառազմականացումը` փոխադարձութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքներու հիման վրայ` այդպիսով ստեղծելով արգելակիչ (պուֆերային) գօտի եւ նուազեցնելով ապագայ ռազմական առճակատման վտանգները: Արդեօք ռազմական անձնակազմին եւ սարքաւորումներուն պիտի թոյլատրուի՞ միջանցքէն անցնիլ, այս հարցը պէտք է բանակցելի համաձայնագիրին մաս կազմէ:

Վստահութիւն ստեղծելու նպատակով փոխադարձ թշնամական հռետորաբանութեան ապամագլցումը կրնայ ըլլալ միջանցքին շուրջ համաձայնագիրի բանակցութիւններուն մէկ մասը, ներառեալ` Պաքուի մէջ պահուող 23 հայ գերիներու ազատ արձակումը: Սահմաններու սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ ուժի սպառնալիքէ կամ ուժի կիրարկումէ հրաժարիլը պէտք է ըլլան միջանցքային համաձայնագիրի մաս:

Շրջանային ուժերը, ներառեալ` Իրանը եւ Հնդկաստանը, կրնան կարեւոր դեր ունենալ Ռուսիան համոզելու համար` զսպելու Ազրպէյճանը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ռազմական գրաւումէն եւ փոխարէնը` հետամուտ ըլլալու այս յօդուածին մէջ շարադրուած խաղաղ այլընտրանքին: Ռուսիան, իր կարգին, կրնայ համոզել Թուրքիան` աջակցելու Ազրպէյճանի մայրցամաքը Նախիջեւանի էքսքլաւին, Թուրքիոյ եւ անկէ անդին գտնուող երկիրները կապող միջանցքի խաղաղ այլընտրանքին:

Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն ուժեղ, համակարգուած պատգամները Ազրպէյճանին` երկար ճանապարհի վրայ կրնան ցոյց տալ, որ ուժի սպառնալիքն ու կիրարկումը անընդունելի են, եւ որ` տնտեսական ու փոխադրական կապի որեւէ պայմանաւորուածութիւն պէտք է բանակցուի խաղաղ ճամբով եւ յարգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Պատժամիջոցները պէտք է ըլլան սեղանին վրայ, եթէ Ազրպէյճան սրէ լարուածութիւնը, կամ կրկին սպառնայ ուժի կիրարկումով:

Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը կրնան աշխուժ ներգրաւուածութիւն ունենալ խաղաղութեան գործընթացին մէջ` չէզոք հարթակ ապահովելով բանակցութիւններուն համար եւ երաշխաւորելով համաձայնագիրի բարեխիղճ իրականացումը: Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան պէտք է զգուշ ըլլան, որ չխաթարեն Ռուսիոյ եւ Իրանի աջակցութիւնը միջանցքի մասին ազրպէյճանական պահանջի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ համաձայնագիրին: Առանց Իրանի եւ  Ռուսիոյ ներդրումին, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ ներկայ հռետորաբանութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յանգեցնէ Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական նախայարձակումի վերսկսման:

Հրամայական է, որ Հայաստանը աշխուժօրէն գործէ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր պատերազմ մը կանխելու համար: Դիւանագիտական ճնշումներու, տնտեսական խթաններու ու խափանման միջոցներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու գործադրումով` շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող ուժերը կրնան վճռորոշ դեր ստանձնել նոր ճգնաժամը կանխելու եւ  խաղաղ կարգաւորման աջակցելու գործին մէջ: Հայաստանը, պահպանելով իր ինքնիշխանութիւնը, կրնայ առաջարկել մանրակրկիտ մշակուած փոխզիջումներ` բոլորին համար շահեկան արդիւնքի հասնելու համար:

«Ռիսփոնսիպըլ Սթէյթքրաֆթ»

Նախորդը

Աւելի Քան 130 Խաչուհիներ Մասնակցեցան Սօ Խաչի Երկօրեայ Սեմինարին

Յաջորդը

Ամերիկահայ Գործարար Գարօ Արմէնը Քաղցկեղի Դէմ Նոր Դեղամիջոց Ստեղծելու Համար Արժանացած Է WITSA-ի Մրցանակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.