Ինչո՞ւ Կ՛ուշանայ Խաղաղութիւնը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 9-էն 10 նոյեմբեր լուսցող գիշերուան անձնատուական յայտարարութեան չորրորդ տարելիցը անցաւ գրեթէ աննկատ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ անոր յիշեցումը պիտի հակասէր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կառուցելու քաղաքականութեան: Ապազգային այդ քաղաքականութեան իրականացման սիրոյն պաշտօնական Հայաստանը պատրաստ է հրաժարելու այն բոլոր իրողութիւններէն, որոնք անցնող երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դարձան ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը պայմանաւորեցին: Գաղթական դարձած արցախցիները եւ ընդդիմադիր...


















