Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (12). Լիբանանի Դրօշը Այրողները Հարազատ Պատկերի Արտացոլացումն Էին…

Նոյեմբեր 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Անցնող շաբաթավերջին ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուեցաւ իսրայէլացի երկու զինեալներու կողմէ Լիբանանի դրօշը այրելու լուսանկարը: Հետագային Իսրայէլ փորձեց դարձուածքներով դատապարտել իրողութիւնը եւ «հաստատել», որ Իսրայէլի խնդիրը Հըզպալլան է, եւ ոչ` Լիբանանը:

Այնուամենայնիւ, խորքին մէջ դրօշ այրողներն են հարազատ  արտացոլացումը իրականութեան, քան` իսրայէլեան իշխանութեան բանբերները, որովհետեւ հասարակ ծառայողները արտայայտեցին իրենց միջավայրի պատկերը ամենայն թափանցիկութեամբ` հակալիբանանեան հակումներով, մինչ իշխանութիւնները կը փորձեն ծածկել այդ իրականութիւնը`  լիբանանեան ներքին հակասութիւնները սրելու նպատակով:

Շերտերը առաւել եւս հակադրելու համար Իսրայէլ տակաւին չքանդեց կամուրջներ, ելեկտրականութեան հայթայթման եւ հաղորդակցութեան կեդրոններ, նաւահանգիստ եւ օդակայան: Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ իսրայէլեան յարձակումները սահմանափակուած  են Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներով, ապա անոնք իրողապէս կը սխալին:

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած նախորդ պատերազմներէն ետք Իսրայէլ լաւապէս ընկալեց, որ ենթակառուցուածքներու քանդումը, լիբանանեան ժողովրդային առումով, հակաիսրայէլեան կիրքերը կը հրահրեն, մինչ այս փուլի ռազմավարութիւնը կը միտի ճեղք բանալ Դիմադրութեան եւ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին միջեւ: Ասկէ անդին` Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները նախեւառաջ թող կասեցնեն արիւնահոսութիւնն ու անմարդկային ոճիրները, եթէ կարողութիւնը ունին:

Բարեբախտաբար առայժմ իսրայէլեան նպատակը տակաւին չէ արդիւնաւորուած, հակառակ անոր որ վերջին երկու շաբաթներուն լիբանանեան լրատուամիջոցները լայն տեղ տրամադրեցին իսրայէլեան մտածողութեան հետեւողներուն, որոնք ոճրագործը դատապարտելու փոխարէն` կը փորձեն ոճիրը արդարացնել: Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ չեն յարգեր պատերազմի պայմաններուն մէջ սահմանագծումները եւ ամէն ինչին մասին տեղեկութիւն կը պահանջեն, եւ երբեմն ալ կիրքեր յառաջացնելով` կը փորձեն «ակնդիրներ» հաւաքել: Պատերազմական այս պայմաններուն մէջ մամուլը առաւել եւս պատասխանատուութիւն ունի եւ պէտք է հաւատարիմ մնայ իր առաքելութեան:

Վստահաբար այն պահուն, երբ Իսրայէլ համոզուի, որ ներքին առումով հակահըզպալլայական մթնոլորտ ստեղծելու ռազմավարութիւնն ալ չ՛արդիւնաւորուիր, ապա անմիջապէս կրնայ վերադառնալ անցնող պատերազմներու եղանակներուն` համատարած քանդումներուն:

Իսրայէլի հարցը Հըզպալլան չէ, այլ` նշեալ կուսակցութեան պահանջատիրական ոգիին սպանութիւնն է: Ա՛յն պահուն, երբ Հըզպալլա դադրի Դիմադրութիւն ըլլալէ, Իսրայէլի համար կը դառնայ ամէնէն վստահելի դաշնակիցը:

Դրօշ այրողները յստակ էին: Իսրայէլի նպատակը Լիբանանը այրելն է, Դիմադրութեան ոգին քանդելն է: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որ Լիբանանի թշնամիին նպատակները բանտարկեալներ ազատագրելու եւ իսրայէլացի գաղթակայանները վերադարձնելու հասկացողութենէն շա՜տ հեռու է:

Այս իրողութեան կողքին, Լիբանանի առաւել եւս «խաղաղ» շրջաններուն մէջ վերջին շաբաթներուն ակներեւ դարձած են կուսակցական դրօշներ տեղադրելու անիմաստ եւ անտեղի քայլերը, որոնք կրնան առաւել եւս ծառայել ապահովական խախտումներու ճիգերուն եւ ներքին կայունութեան խաթարման: Ժամանակն է, որ լիբանանցիները դուրս գան հատուածական, շահադիտական եւ կրօնական նկատառումներէ եւ համախմբուին միայն ու միայն Լիբանանի դրօշին ներքեւ…

Լիբանանի դրօշը այրողներուն լաւագոյն պատասխանը մայրիներու ծառով խորհրդանշուող դրօշը բարձր պահելն է, բոլոր դրօշներէն վեր պահելն է…

11 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

Որբացած Գիրքեր

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Կ՛ուշանայ Խաղաղութիւնը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?