Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

November 11, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը ահաւասիկ դարձեալ կը գտնուի բազմատեսական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այսօր բազմաթիւ ճակատներու վրայ պայքարող երիտասարդական-դաստիարակչական միաւոր է:

Լիբանանի դէմ Իսրայէլի ծաւալած պատերազմը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրի քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային իրավիճակներուն վրայ: Լիբանանահայ գաղութը եւս, հակառակ մինչեւ օրս նիւթական կամ մարդկային մեծ վնասներ չունենալուն, ազդուած է այս կացութենէն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն եւ պատմութեան, բնականաբար կը հանդիսանայ լիբանանահայ գաղութին նեցուկը` պատրաստակամութիւն յայտնելով հարկ եղած կերպով օժանդակելու եւ հասնելու բոլորին, առանց բացառութեան:

Լիբանանեան իրավիճակին զուգահեռ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը խիստ մտահոգութեամբ ականատես կ՛ըլլայ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուող խայտառակ արտաքին քաղաքականութեան հետեւանքներուն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կարծես մոռնալով իր ժողովուրդի անցեալը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հաճելի թուելու տեւական փորձեր կը կատարէ: Հայաստանի վարչապետին պաշտօնին վայել չէ նման ընթացք մը: Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ալեքսանտր Խատիսեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Սիմոն Վրացեանի ստանձնած պատասխանատութիւնը 100 տարի ետք ոտնահարող անհատը հայ ազգի ղեկավարը չի կրնար ըլլալ:

Հայաստանի իշխանութիւններուն արտաքին ձախողած քաղաքականութեան գլխաւոր օրինակներէն կը հանդիսանայ ՔՈՓ 29-ի կազմակերպումը Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Աւելի՛ն. Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցնող օրերուն յայտարարեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մաս չի կազմեր: Արդեօք Ա. Միրզոյեանի համար առաջնահերթութի՞ւն են Պաքուի եւ Անգարայի շահերը: Արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մեր ազգի 1,5 միլիոն նահատակներուն արեան գինը նուա՞զ կարեւոր է, քան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հաճելի թուիլը: Հայ երիտասարդին համար դատապարտելի է իրենք զիրենք ղեկավար դասած այս անհատներուն ընթացքը: Դաշնակցական երիտասարդին համար այս ընթացքը դաւաճանութիւն է:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդական միաւոր, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ հայ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս եւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը մասնաւորապէս` բացարձակապէս կը մերժեն ու կը դատապարտեն հայ ժողովուրդը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի քմահաճոյքին ենթարկելու պաշտօնական Երեւանի ուղղուածութիւնը: Արտաքին քաղաքականութիւնը այսպէս  չի  կառավարուիր: Հայաստանը իր իշխանութիւններուն պատճառով, ինկած է թրքական սալին եւ ազրպէյճանական «ազեր»-ին (կրակին) միջեւ:

 

Նախորդը

Բնապահպանի Դիմակով Ցեղասապան

Յաջորդը

Ծննդավայրս` Պիքֆայա

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.