«Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ,
Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան.
Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան`
Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ»:
(«Աքասիաներու շուքին տակ» բանաստեղծութենէն,
ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ, 1886 -1908)
11 նոյեմբերին Պաքուի մէջ պիտի բացուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը, միջազգային բառարանին մէջ ծանօթ` ՔՈՓ 29-ը, որ պիտի տեւէ 10 օր:
Այո՛, քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին տարօրինակ չէ, որ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ: Ա՛յն քաղաքին, որուն վարիչներուն ձեռքերուն վրայէն տակաւին չէ չորցած նորագոյն ցեղասպանութեան ու Արցախի հայաթափման արիւնը, ա՛յն քաղաքին, ուր պատանդ կը մնան բազմատասնեակ (ճիշդ թիւը յայտնի չէ) հայ գերիներ եւ քաղաքական գործիչներ, ա՛յն մայրաքաղաքին, որուն վարիչները աշխարհահռչակ բռնատէրեր են…
Զարմանալի՞ է: Բայց մեր աշխարհին մէջ նման վիճակներ զարմանալի չեն, երբ աներեւակայելի գումարներ` փեթրոտոլարներ կր մսխուին, խաւիարով պարգեւավճարներ կը բաշխուին, ու… ամէն բան բնական կը թուի: «Արդի աշխարհ»-ին մէջ համատարած սպանդներ ու աւեր տարածողները ի պատուի են…
198 երկիրներ համախմբող այս համաժողովը պիտի քննարկէ եւ պիտի փորձէ լուծումներ գտնել կենսոլորտին վերաբերող, սկսելու համար` կլիմայի փոփոխութեան հարցերու: Քննարկումները տեղի պիտի ունենան քանի մը քայլ անդին` գարշահոտ նաֆթահորերու շուքէն, շատ տարբեր` վերոյիշեալ Մեծ բանաստեղծին նկարագրած` աքասիաներու բուրումնաւէտ շուքէն: Կան նաեւ այլ շուքեր, ինչպէս` ամրան ամիսներուն եւրոպական կամ այլ երկիրներ տագնապի մատնած անտառային հրդեհներուն, իսկ աշնան հետ այս կամ այն երկիրը ջրամոյն ընող ողողումներուն, որոնցմէ ամէնէն աղէտալին Սպանիոյ արեւելեան ափի քաղաքները կործանած եւ Նոյ նահապետի օրերը յիշեցնող ողողումներն էին…
Չմոռնանք, որ Հայաստան «բարի կամք ցուցաբերեց» եւ այս համաժողովը հիւրընկալելու առիթը Ազրպէյճանին նուիրեց: Չմտնենք մանրամասնութիւններուն մէջ: Հիմա, գոնէ` ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններուն, յստակ չէ Հայաստանի մասնակցութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` մասնակցող պատուիրակութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիսատ-պռատ յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Պաքուէն պաշտօնապէս հրաւէրը ստացած է եւ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ` ներկայ գտնուելու: Իսկ եթէ պահ մը վերյիշենք, որ Երեւանի իշխանաւորները նոր աւանդութիւն մը հնարած են եւ կարեւոր ժողովներու կամ հանդիպումներու մասնակցութեան հարցը ընդհանրապէս գաղտնի կը պահեն մինչեւ վերջին պահը, յետոյ ժողովուրդին կռնակէն գաղտնի համաձայնութիւններ կը կնքեն թշնամիին հետ, մի՛շտ ի վնաս հայրենիքին, զարմանալու բոլոր պատճառները կը ցնդին:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն ծնած նման լուսաբանութիւն զարմանալի չէ նաեւ այլ պատճառներով: Քանի մը օր առաջ նոյնինքն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ճակատաբաց եւ յանդուգն կերպով յայտարարեց, որ Երեւանի դիտանկիւնէն, կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը` Հայաստանի անմիջական խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է, այսինքն խաղաղութեան համաձայնագիրը` բաղձալի ցնորք մը, որուն յանկերգը կը լսենք ու կը լսենք 2-3 տարիէ ի վեր: Նախարար Միրզոյեան Ազգային ժողովին առջեւ յստակօրէն հաստատեց, որ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան աւարտն ու ստորագրութիւնը կը կատարուին սահմաններու սահմանազատման գործընթացին հետ միաժամանակ: Հոն դժբախտաբար Արցախի հիմնահարց գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ` հակամարտութիւն:
ՔՈՓ 29-ի նախօրեակին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, առանց բառերը ծամծմելու, նաեւ` առանց անդրադառնալու, թերեւս ալ լաւ գիտնալով շեշտեց խաղաղութեան խաչմերուկին կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան համար «պատմութեան ողբերգական դէպքեր»-ն ալ առաջնահերթ չեն: Միրզոյեան խուսափեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը գործածելէ, ինչպէս որ ինք ու ՔՊ-ականները սովորութիւն դարձուցած են Արցախ բառէն երես դարձնելու…
Զարմանալի պիտի չթուի հայորդիին, եթէ Պաքու գացող (ո՛վ որ ալ ըլլայ գացողը) հայրենի պատուիրակութիւնը… հեծիկով պտոյտի ելլէ Պաքուի փողոցներուն մէջ, համաժողովի նիստերէն առաջ ու ետք: Կենսոլորտի ապականման դէմ պայքարելու համար հեծիկ վարելէ աւելի ցնցիչ ի՞նչ կարելի է ընել… Մտածում մը, որ հաւանաբար քարիւղ վաճառողներուն քիմքին համաձայն պիտի չըլլայ:
Պաքուի ժողովին մասին կարելի է հազար ու մէկ դժգոհութիւն արձանագրել, բողոքի աղաղակներ հնչեցնել (արդէն կը հնչեն), սակայն, եկէ՛ք, պահ մը այդ բոլորը թողունք մէկդի եւ հարց տանք մենք մեզի: Այս ինչպիսի՜ ողբերգական վիճակի մատնուած ենք իբրեւ հայութիւն, երբ Երեւանի իշխանութիւնը ամէն իրաւունքէ եւ պահանջատիրութենէ ձեռք լուացած է, պատրաստ է աւելին ալ ընելու, մինչդեռ անդին, սփիւռք մը, յանձինս ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր պետերու եւ արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառու առաջնորդներու, միասնաբար գործի լծուած են` ահազանգային առաջնահերթութեամբ արծարծելու Արցախի հայութեան դէմ շարունակուող անարդարութիւնը, շեշտելով ու պահանջելով արցախցիներուն իրենց պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելու արդար իրաւունքը: Անոնք նաեւ Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու ու կոթողներու ծրագրուած քանդումը բուռն կերպով կը քննադատեն, կը պահանջեն ազատ արձակել Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները, որոնք ապօրինի գերեվարութեան մէջ են: Ողբերգութեան խորութիւնը հոն է, որ միջազգային ճանաչում ունեցող անձաւորութիւններ ու հեղինակաւոր միաւորներ կ’արձագանգեն մեր այդ պահանջներուն, իսկ Երեւանի իշխանաւորները ամէն օր նոր փաստ մը ի յայտ կը բերեն` մեր թշնամիին հաճոյանալու եւ նման արդար պահանջներէ հրաժարելու առումով…
Եւ այսպէս, նաֆթահորերու շուքին տակ` ապականած կենսոլորտ, որուն «բոյր»-ը արձագանգ կը գտնէ Երեւանի իշխանաւորներուն շրջանակին մէջ: