Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնապահպանի Դիմակով Ցեղասապան

Նոյեմբեր 11, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ

ՔՈՓ 29-ը ՄԱԿ-ի կողմէ գումարուած կլիմայի փոփոխութեան դէմ քայլերու ձեռնարկելու տարեկան վեհաժողովն է, որուն կը մասնակցին 197 պետութիւններ իրենց պատուիրակութիւններով: Խորհրդաժողովին կը քննարկուին կլիմայի փոփոխութեան առաջքը առնելու միջոցները եւ հետագայ ծրագիրները:

Այս տարի Ազրպէյճան կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը` հիւրընկալելու ՔՈՓ 29-ը: Պետութիւն մը, որուն առեւտրական շահոյթին աւելի քան 90 տոկոսը կը կազմէ նաւթի եւ կազի արտածումը, կը հանդիսանայ կենսոլորտի ապականումի եւ կլիմայի փոփոխութեան մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկը,`իր սահմաններէն ներս ունենալով ապականած լայնածաւալ տարածքներ, այս տարի կլիմայի պաշտպանութեան համաժողովը կը կազմակերպէ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, կենսոլորտի եւ բնութեան դէմ գործած իր ոճիրներուն կողքին, նաեւ շարունակ հալածանքներու կ՛ենթարկէ Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը եւ անընդհատ բռնութիւն կը կիրարկէ պետութեան սահմաններէն ներս բնակող փոքրամասնութիւններուն դէմ, որոնք երկրին մէջ կը յառաջացնեն անկայուն վիճակ:

Այս բոլորին զուգահեռ, Ազրպէյճան արցախեան հարցի շուրջ կ՛անցնի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման բոլոր կարմիր գիծերը: 2020 թուականի քառասունչորսօրեայ պատերազմին Ազրպէյճան արձանագրած է ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած միջազգային օրէնքներու զանազան խախտումներ` յաճախակի կերպով ռմբակոծումի ենթարկելով Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը եւ օգտագործելով միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր, որոնք մարդկային կեանքերու հասցուցած վնասներու կողքին, նաեւ մեծապէս կը վնասեն բնութեան:

Ազրպէյճան կատարելագործեց մարդկութեան դէմ իր ոճիրները դեկտեմբեր 2022-ի Արցախի շրջափակումով, որ տեւեց մօտաւորապէս 9 ամիս, իսկ անկէ ետք կրակ բացաւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ` կատարելով 21-րդ դարու  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ: 2023 սեպտեմբերին հայոց հազարամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Արցախը հայաթափուեցաւ: Նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անհիմն մեղադրանքներով  կը շարունակեն կալանքի տակ պահել Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը:

ՔՈՓ 29-ը յարմարագոյն առիթն է համայն աշխարհին ցոյց տալու Ազրպէյճանի ոճրագործ իշխանութիւններուն իսկական դէմքը` դէմ դնելով նաւթի շահերով կատարուող լրատուական եւ ընկերային ցանցներու հսկայական քարոզչութեան: Ազրպէյճան արժանի չէ կրելու բնապահպանի դիմակը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանած պետութիւն է:

Ուստի, իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի երիտասարդներ` մեր նուազագոյն պարտքն է ձայն բարձրացնել բոլոր հարթակներուն վրայ բացայայտելու համար Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական ախորժակները եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ու միջազգային ընտանիքին յիշեցնելու Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց նշանաւոր խօսքը` «Never again»:

 

 

Նախորդը

Իրականութիւնը Ծածկող Համագումար

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?