Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնուէր Վեթերաններու Օրինակով («Զինադադարի Օր»-ուան Առիթով)

Նոյեմբեր 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ազգերու մեծ ընտանիքը ամէն տարի նոյեմբեր 11-ին կ՛ոգեկոչէ Զինադադարի օրը` ի յիշատակ այն բոլոր անձերուն, որոնք իրենց կեանքը զոհած են իրենց հայրենիքին համար. օր մը, որ յարգանքի տուրք կ՛ընծայէ ապրող այն բոլոր վեթերաններուն, որոնք վերապրողներ են պատերազմներու արհաւիրքէն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները 1950-ական թուականներէն ի վեր այս տօնը կը կոչեն Վեթերաններու օր:  Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս` Անգլիա, Ֆրանսա, եւ այլն, նոյն օրը` նոյեմբեր 11-ը, կը տօնեն իբրեւ Զինադադարի օր` յիշատակելու համար Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջաւորութիւնը, զինադադարը, որ տեղի ունեցաւ 11 նոյեմբեր  1918 թուականին:

1919-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն նոյեմբեր 11-ը հռչակեց իբրեւ Զինադադարի օր` պատերազմի ողբերգութիւնը յիշեցնելով համայն ամերիկացի ժողովուրդին: 1954-ին, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը Զինադադարի օրը փոխեց Վեթերաններու օրուան` ի յարգանս  Ամերիկայի բոլոր վեթերաններուն, զինեալ ուժերու մէջ ծառայող արանց եւ կանանց:

Վեթերաններու օրուան կամ Զինադադարի օրուան առթիւ, երբ կը մտածենք բոլոր վեթերաններու մասին, չենք կրնար, իբրեւ հայ, չմտածել նաեւ այն բոլոր հայազգի վեթերաններու մասին, որ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց «Երկրորդ հայրենիք»-ներուն համար:

Բայց աւելի՛ն` իբրեւ հայ, Վեթերաններու օրուան առթիւ չենք կրնար չյիշել մեր հայրենիքի, Հայաստանի վեթերանները, որոնք, ինչպէս երէկ, այսօր ալ իրենց կեանքը ողջակէզի սեղանին դնելու պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն: Իրօք, ի՞նչ սրտառուչ երեւոյթ է, երբ մարդ մը իր հայրենիքին համար յօժարակամ է ո՛չ միայն իր ժամանակը, իր տաղանդը, իր ուժերը նուիրելու, այլ նոյնի՛սկ իր կեանքը զոհելու:

Վեթերաններու օրը կամ Զինադադարի օրը նաեւ պատգամ մը ունի մեզի` այն իմաստով, որ մենք ալ կոչուած ենք վերարտադրելու, պահելու եւ պահպանելու անշահախնդիր հայրենասէր վեթերաններուն ոգին: Վեթերանները այն նուիրեալ անձերն են, որոնք իրենց հայրենիքին ազատութեան համար զոհած եւ զոհուած են, տուած ու տրուած են: Ամէն քաղաքացիի առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնն է ընել իր լաւագոյնը այդ վսեմ իտէալին համար: Ամէն քաղաքացի, զինեալ ուժերու մէջ ըլլայ թէ ոչ, բարոյական պարտաւորութիւնն ունի պահպանելու եւ պաշտպանելու իր հայրենիքին ազատութիւնը: Ազատութիւնը անքակտելիօրէն զօդուած է հաւատարմութեան հետ: Քաղաքական ազատութիւնը ո՛չ միայն առանձնաշնորհում եւ իրաւունք է, այլ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն:

Ո՛չ մէկ ժողովրդավար պետութիւն (դեմոկրասի) կրնայ ապրիլ, մեծնալ եւ ուռճանալ առանց իր քաղաքացիներու հաւատարմութեան: Թերեւս ասիկա ի մտի ունենալով է, որ ամերիկացի մեծանուն նախագահ Ճան Քենետին առիթով մը ըսաւ, «Մի՛ հարցներ, թէ հայրենիքը ի’նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ հարց տուր, թէ դո՛ւն ի՛նչ կրնաս ընել հայրենիքին համար»: Ահա՛ այս հոգեբանութիւնն է, որ կը կերտէ ու կը պահէ ժողովրդավար սկզբունքներով կառավարուող հասարակութիւն մը:

Ասիկա ճշմարիտ է ե՛ւ Ամերիկայի համար, ե՛ւ Հայաստանի համար, եւ որեւէ ժողովրդավարի համար: Երկրի մը քաղաքացիները պէտք է իրազեկ ըլլան իրենց իրաւունքներուն, բայց նաեւ գիտակցելու են այն պատասխանատուութիւններուն, որոնք կ՛ակնկալուի լիիրաւ քաղաքացիէ մը: Երկրի մը քաղաքացիները իրենք զիրենք նուիրելու են հայրենիքին շահերը պաշտպանելու արտաքուստ թշնամիներէ, միանգամայն նաեւ պահպանելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի անհատական իրաւունքները:

Իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը իր հայրենիքին նկատմամբ: Այդ սերունդին ամէն մէկ անդամը գիտակցելու է, թէ հայրենիքին ծառայել, հայրենիքի պահպանումին եւ վերելքին սատարելը ե՛ւ փառք է, ե՛ւ պարտք է:

Ռուս գրագէտ Թուրկենեւ սովոր էր ըսելու. «Հայրենիքը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ ոեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց հայրենիքի»: Ամէն քաղաքացի, ամէն հայ ունենալու է կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը:

Վեթերաններու օրը կամ Զինադադարի օրը նաեւ կը պատգամէ մեզի, որ մեր հայեացքը միայն անցեալին չսեւեռենք, այլ նաեւ ապագային, քանի որ ապագան կերտողները մե՛նք պիտի ըլլանք` ներկայի մեր տեսիլքով եւ ջանքերով: Վաղուան հունձքը այսօրուան սերմանումէն կախեալ է:

Արդ, իբրեւ հայ, ամերիկահայ կամ սփիւռքահայ, հարց տալու ենք մենք մեզի, թէ ի՛նչ տեսակ բարոյական ժառանգութիւն պիտի թողունք յետնորդ սերունդներուն: Արդեօք ազատութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը պիտի կրնա՞նք դրոշմել ապագայ սերունդին պատկանող անդամներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Վեթերաններու օրը կամ Զինադադարի օրը առիթ մը կ՛ընծայէ մեզի ո՛չ միայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու` հայրենիքին եւ մեր երկրորդ հայրենիքներուն համար զոհուող բոլոր վեթերաններուն, այլ նաեւ ուխտելու, թէ մենք` ապրողներս ալ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք մեր հայրենիքին ու «երկրորդ հայրենիք»-ներուն ֆիզիքական ապահովութեան եւ վերելքին համար:

 

 

Նախորդը

Նամակներ Անանուն Տատիկի Մը

Յաջորդը

Էրտողանի Անհանդուրժելի Թշնամին` Ֆեթհուլլա Կիւլենը Իր Շարժումը Կը Ձգէ Դժուարութեան Մէջ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?