Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Հարազատ Տուն` Իմ Երկրորդ Տուն

November 11, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐԼԻ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Վերամուտի առաջին օրը միշտ յատուկ տեղ գրաւած է սրտիս մէջ: Անհամբեր կը սպասէի ամէն տարի այս օրը` կրկին միանալու իմ սիրելի հայկական կառոյցի ընկերներուս եւ սերունդներու կերտիչներուն: Ամրան վերջաւորութեան, աշնան սկիզբը կ՛ուրախանամ` տեսնելով գրախանութներու նորանոր գունազարդ պիտոյքները, որոնք վերամուտը կը գունաւորեն:

Անդրադարձայ, որ դպրոցը սուրբ վայր մըն է, ուր մենք կը սորվինք ու կը զարգանանք, որպէսզի կերտենք մեր ապագան եւ պիտանի անձեր դառնանք մեր ընկերութեան մէջ, օգտակար ըլլանք` մեր ծնողքին, միութեան, ազգին եւ հայրենիքին: Առանց դպրոցի եւ յատկապէս ուսուցիչներուն, որոնք մեծ դեր կը խաղան մեր կրթութեան եւ դաստիարակութեան մէջ, բժիշկներ, ճարտարապետներ եւ փաստաբաններ գոյութիւն պիտի չունենային: Դպրոցին մէջն է, որ կը ծանօթանանք մեր դասընկեր եւ դասընկերուհիներուն, անոնց հետ հաճելի ու մտերմիկ ժամանակ կ՛անցընենք եւ անթիւ յիշատակներով կը հարստացնենք մեր ներաշխարհը:

Այսօրուան հայ ուսուցիչին վստահուած է կրկնապատիկ ու նոյնիսկ եռապատիկ աշխատանք: Ան միայն գիտելիք փոխանցողը չէ, այլ անոր դերը բախտորոշ է հայ սերունդները իրենց ինքնութեան տէր դարձնելու, հայաճանաչման ճամբով զանոնք կապուած պահելու հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ` մտաւոր եւ բարոյական յատկանիշներով յանձնառու հայեր դարձնելու զանոնք: Հայ դպրոցը իր նպատակին հասնելու համար հարկ է, որ  ամուր պահէ դպրոց-ծնողք-աշակերտ սերտ կապը: Իւրաքանչիւրը գիտակցի իր դերին եւ պարտաւորութիւններուն: Եթէ դպրոցն ու ծնողքը յաջողին փոխանցել աշակերտին ընտիր դաստիարակութեան կարեւոր տարրերը` ընտիր նկարագիրի տէր զաւակ կերտել, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն աւանդել, տիպար քաղաքացի պատրաստել եւ գիտութիւն ուսուցանել, անտարակոյս իւրաքանչիւրը կատարած կ’ըլլայ իր վսեմ առաքելութիւնը` ապագայատեսիլ հայ մարդու պատրաստութիւնը:

Հայ դպրոցը տարբեր է միւսներէն` հայեցի կրթութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ հայերէնի ուսուցմամբ: Այս է բուն հիմքը, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան միջեւ բառին բուն իմաստով կ՛արթնցնէ մրցակցութիւնն ու առաջնութեան անհրաժեշտութիւնը: Հայկական դպրոցին մէջն է, որ մենք կը սորվինք մեր գեղեցիկ հայոց լեզուն ճիշդ գրել, ճիշդ կարդալ եւ ճիշդ խօսիլ:

Հետեւաբար մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբունքներով կերտուած սերունդի երիտասարդներ, գիտակցաբար պարտաւոր ենք սորվիլ մեր լեզուն, կիրարկել զայն ճշդօրէն, զերծ պահել մեր լեզուն կորուստի վտանգէն: Գործածենք Մեսրոպեան շունչով հրամցուած մեր գեղեցիկ տառերը, յատկապես երբ կը գրենք ընկերային ցանցերու վրայ: Հայ դպրոցը ըսելիք ունի մեզի` մեր գոյութիւնը պահպանելու եւ ոչ մէկէն ու ոչինչէն վար մնալու համար: Մեծ հպարտութիւն է, երբ հայ աշակերտը կրկին առիթ կ՛ունենայ յաճախելու հայ դպրոցը` իր հարազատ ու սիրելի երկրորդ տունը: Հաւատացէ՛ք, սիրելիներ, որ հայ դպրոցը մեր ապագան է: Չկորսնցնենք այս փայլուն կառոյցին ինքնութիւնն ու գոյութիւնը: Բարի երթ կը մաղթեմ հայ դպրոցին, հայ ծնողքին եւ հայ աշակերտին:

 

 

Նախորդը

Կորած Աշխարհ

Յաջորդը

Իրականութիւնը Ծածկող Համագումար

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.