Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Շեշտեց Գերիներու Վերադարձի Եւ Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցերը Առկայծ Պահելը
5-7 նոյեմբերին Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի ատենապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքէն ետք ժողովը վարելու հրաւիրուեցաւ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանը:
«Սեպտեմբեր 27-30 տեղի ունեցած մայր տաճարի վերաօծման, միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու եւ յարակից ձեռնարկներու վերաբերեալ ամփոփիչ զեկոյցով հանդէս եկաւ համակարգող յանձնախումբի ատենապետ Արշակ արք. Խաչատրեանը: Ներկայացուեցաւ, որ սրբազան արարողութիւնները կատարուեցան մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ ընդգրկեցին եկեղեցական ու ժողովրդական լայն մասնակցութիւն` նոր յոյս եւ հոգեւոր մխիթարութիւն պարգեւելով համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդին: Ամփոփ տեղեկութիւններ տրուեցան արարողութիւններու մասնակիցներուն, հրատարակութիւններու լուսաբանման, իրականացուած թեքնիք ու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասին:
«Ժողովականները իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ամենայն Հայոց հայրապետին մայր տաճարի հիմնակարգութեան համար` բարձր գնահատելով մայր տաճարի վերաօծման, միւռոնօրհնութեան եւ յարակից ձեռնարկներու կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած անձերուն ջանքերը, որոնք իրենց նպաստը բերին արարողութիւններու պատշաճ իրականացման:
«Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին ներկայացուց Մայր Աթոռին մէջ կատարուող բարեկարգման եւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքը: Այս կապակցութեամբ ԳՀԽ անդամները գոհունակութիւն յայտնեցին իրականացուող աշխատանքներուն առիթով` կարեւոր նկատելով համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի բարեզարդման եւ պայծառութեան ուղղուած ջանքերը:
«Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնահարցերու մասին զեկուցեց Մայր Աթոռի Հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն Վազգէն արք. Միրզախանեանը` անդրադառնալով սփիւռքի համայնքներուն մէջ ազգային ինքնութեան, հայեցի կրթութեան, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի անաղարտ պահպանման սպառնացող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս եւ անոնց յաղթահարման` ի նպաստ եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի մէջ գործող ազգային կառոյցներու դերակատարութեան:
«Ընդգծելով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ երիտասարդութեան ներգրաւումով համայնքներու ամրապնդման, կրթական նոր ծրագիրներու մշակման ու իրագործման, դպրոցներու եւ մշակութային կեդրոններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման հրամայականը` ԳՀԽ թելադրեց այս հարցերուն վերաբերեալ կատարել համակողմանի ուսումնասիրութիւն:
«Հայրենական կեանքին մէջ առկայ մարտահրաւէրներու եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու, արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններու եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան առնչութեամբ ձեռնարկուող քայլերու մասին զեկոյցներով հանդէս եկան` Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեանը, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի (ՀՃՈՒՀ) փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանը:
«ԳՀԽ անդամները իրենց մտահոգութիւնը արտայայտեցին Հայաստանի անվտանգային եւ ներքաղաքական հիմնահարցերուն վերաբերեալ` կարեւոր նկատելով ազգային միասնութեան եւ համախմբման անհրաժեշտութիւնը` ի նպաստ հայրենիքի զօրացման եւ ինքնիշխանութեան պահպանման:
«Ժողովականները հաստատեցին, որ ցարդ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող գերիներու վերադարձի, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ազրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւններու դատապարտման հիմնահարցերը պէտք է բաց պահել միջազգային օրակարգին մէջ` զուգահեռ աշխատանքներ տանելով համազգային միաբանութեան, ազգային ներուժի կեդրոնացման, Հայաստան եւ սփիւռք գործակցութեան պատշաճ կազմակերպման ուղղութեամբ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` աջակցելու բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման:
«ՔԴԿ տնօրէն Զաքարիա ծ. վրդ. Բաղումեան ժողովականներուն ներկայացուց կիրակնօրեայ դպրոցներու կրթական ծրագրի ճանապարհային քարտէսը, որուն նպատակն է կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութեան համակարգումն ու մատաղ սերունդի հոգեւոր կրթութեան եւ դաստիարակութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:
«ԳՀԽ շնորհակալութեամբ ընդունեց զեկոյցը` թելադրելով մշակել եւ ներդնել միասնական կրթական ծրագիրներ, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն ու կը խթանեն երեխաներու հոգեւոր-բարոյական նկարագրին, գիտակցութեան կերտման եւ ազգային արժէքներու պահպանման:
«ԳՀԽ քննարկեց նաեւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի (ԵՆԺ) գումարման հարցը: Անդրադարձ կատարուեցաւ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն` օրակարգի ձեւաւորման, պատգամաւորներու ընտրութեան եւ կազմակերպչական հարցերուն:
«Ժողովի ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան նաեւ թեմերու գործունէութեան, եկեղեցւոյ կանոնական եւ վարչական կեանքին առնչուող այլ հարցեր:
«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով»:
ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր Եւ Մանկան Առողջութեան Կեդրոն Այցելեց Ալֆորվիլի Քաղաքապետը
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնին մէջ դիմաւորեցին վերջերս աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ալֆորվիլի (Ֆրանսա) քաղաքապետ Լիւք Քարուունասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեանը, Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ Ֆրանսայի Կապոյտ խաչի վաստակաշատ անդամ Մարօ Գապայեանը, Ալֆորվիլի նախկին փոխքաղաքապետներ, Ալֆորվիլի Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, ֆրանսական Լոյս կազմակերպութեան ներկայացուցիչն ու Ալֆորվիլի «Այբ» Էֆ.Էմ. ձայնասփիւռի թղթակից Յարութ Մարտիրոսեանը: ՀՕՄ-ի անդամները հիւրերուն ներկայացուցին ՀՕՄ-ի հակիրճ պատմութիւնը, առաքելութիւնն ու հայաստանեան գործունէութիւնը, որոնց ցայտուն օրինակն էր ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը: ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները պատասխանեցին հիւրերը յուզող հարցերուն: Ապա հիւրերը, կեդրոնի փոխտնօրէն Վահրամ Միրզոյեանի ընկերակցութեամբ, շրջեցան կեդրոնի բաժանմունքներուն մէջ եւ հետաքրքրուեցան անոնց կարիքներուն եւ աշխատանքներուն ընթացքին մասին: Անոնք մեծապէս գնահատեցին ՀՕՄ-ի գլխաւորած կարեւոր այս կեդրոնին մէջ տարուող մարդասիրական եւ բարեգործական աշխատանքները: Շուրջ մէկ ժամ տեւած այցելութենէն ետք հիւրերը մեծ գոհունակութեամբ հրաժեշտ տուին` յաջողութիւն մաղթելով առողջապահական կարեւոր այս կեդրոնին եւ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն:
Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակի Նախաձեռնութեամբ Կայացաւ «Մարմին Եւ Արիւն» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ կայացաւ ամերիկաբնակ գրող, հասարակական գործիչ Կարօ Արմէնեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը:
«Մարմին եւ արիւն» ժողովածուն ընթերցողին կը ներկայացնէ հեղինակին վերջին շրջանին ստեղծագործութիւնները: Գիրքի խմբագիրն է գրող, հասարակական գործիչ Յարութիւն Պէրպէրեանը:
Շնորհահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի ողջոյնի խօսքով: Ան ներկայացուց Կարօ Արմէնեան գրողին, գաղափարակից ընկերոջ, մտաւորականի, հասարակական գործիչին դերն ու գործունէութիւնը ո՛չ միայն գրականութեան, այլեւ` հայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ Արմէնեան մինչեւ օրս կը շարունակէ գրել հայրենիքի եւ հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձին մասին, թէկուզ հեռու ըլլայ, կ՛ապրի հայրենիքին ու անոր տագնապներուն հետ: «Մարմին եւ արիւն» աստուածաշնչեան այս խորհուրդը գիտակցաբար վերնագիր ընտրած է Կարօ Արմէնեան, եւ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, ոեւէ մէկը, որուն գործը խարսխուած է բարոյականութեան եւ խիղճի վրայ, անիկա անպայման պիտի ծառայէ հայրենիքին», ընդգծեց Ռ. Առաքելեան:
Գրողին ստեղծագործական գործունէութեան եւ նորընծայ ժողովածուին մասին խօսքեր արտասանեցին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, գրականագէտներ Դաւիթ Գասպարեանը, Սամուէլ Մուրատեանը, Սուրէն Դանիէլեանը, Աբգար Ափինեանը, գրող Ռոլանտ Շառոյեանը, մտերիմ ընկեր Վահան Զանոյեանը, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեանը, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանը, ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արշալոյս Գալստեանը:
Գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան դիտել տուաւ, որ Կ. Արմէնեանի ոճը նորարական է, իսկ նիւթը հայ մարդն է, նաեւ` ժամանակին մէջ կորսուած մարդը, որ վստահաբար իր պատմութիւնն ու անցեալը իրեն հետ կը կրէ:
Արշալոյս Գալստեան նշեց, որ Կարօ Արմէնեան առաւելաբար ծանօթ է իբրեւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն ծաւալող անձ, սակայն ոչ գրող, «մինչդեռ անոր գրականութիւնը արժանի է լաւագոյնս ներկայացուելու»: Ան վկայեց, որ անոր գրական ոճը ազատ է, նիւթերը` հոգեհարազատ, մարդու, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ դրսեւորում:
Արտաշէս Շահբազեան յայտնեց «Կարօ Արմէնեանի բանաստեղծութիւնը բանաստեղծի եւ հաւաքական մարդու, հայու հանդիպումն է` խօսելու համար յիշողութեան, սեփական վարքի, ըրածին ու չըրածին, ներկային ու ապագային դիմաց պատասխանատուութեան, պարտքի ու հաւատարմութեան մասին»: Ան աւելցուց, որ կը թուի, թէ արմէնեանական բանաստեղծութիւնը մարդու կռիւ է ճակատագիրին ու աշխարհին հետ, բայց նաեւ սիրոյ խոստովանութիւն է անհանգիստ ու վտանգուած աշխարհին, հայրենի եզերքին, բնութեան ու մարդուն:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` հասարակական, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, գաղափարակից ընկերներ, ուսանողներ եւ ուրիշներ:
Հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ, խօսքը գործի վերածող գրողը միշտ եղած է հայկական պահանջատիրութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման առաջնագիծին վրայ: Այս կարեւոր առաքելութեան կողքին, ան իր հաստատուն քայլերը առած է նաեւ գրականութեան ասպարէզին մէջ ընթերցողին ներկայացնելով խորը փիլիսոփայութեամբ, պատկերաւորման առանձնայատկութիւններով եւ ինքնատիպ դրսեւորումներով հարուստ ստեղծագործութիւններ:
Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան իբրեւ նուէր ձեռք բերելու հեղինակի ժողովածուն, որմէ ետք ձեռնարկը ամփոփուեցաւ հիւրասիրութեամբ:
Յոբելենական Գիտաժողով` Նուիրուած Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակին
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ նոյեմբեր 5-7-ին տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական գիտաժողով, որուն ներկայ գտնուեցան գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքին մէջ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան կարեւոր համարեց այսպիսի գիտաժողովներու կազմակերպումը` նշելով, որ Պարոյր Սեւակ այն մտաւորականներէն է, որուն ձգած ժառանգութիւնը շատ բազմաշերտ է, եւ գիտաժողովը յարմար առիթ մըն է` վերլուծելու անոր գիտական եւ գրական գործունէութեան տարբեր բաղադրիչները:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Սեւակի հասարակագիտական, գրական-հրապարակախօսական ժառանգութեան եւ թարգմանական գործունէութեան կարեւորութեան` զանոնք դիտարկելով իբրեւ առանձին ուշադրութեան արժանի ուսումնասիրութեան նիւթ:
Նշենք, որ գիտաժողովի ընթացքին մասնագէտները ներկայացուցին զեկոյցներ` Պարոյր Սեւակի կեանքին եւ գրական գործունէութեան մասին, վերլուծելով անոր լեզուական արուեստը, բանաստեղծութիւնը` հայ երաժշտութեան մէջ, պատմափիլիսոփայութիւնը եւ սեւակագիտութեան արդի հարցերը:
Արդի Մօտեցումներով Եւ Հետաքրքրական Լուսային Ներգործութեամբ Նշուեցաւ «Սասունցի Դաւիթ» Արձանի Տեղադրման 65-Ամեակը
Արուեստասէրները 2024 թուականին ո՛չ միայն տօնեցին նշանաւոր նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակը, այլեւ անոր ամէնէն տպաւորիչ քանդակներէն մէկուն` «Սասունցի Դաւիթ» արձանին տեղադրման 65-ամեակը:
«Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգական հերոսը հզօր եւ ուժեղ կերպար է, որ դարձած է հայ ժողովուրդի անմահութեան մարմնացումը, կերպար մը, որուն քանդակի ստեղծման վրայ Երուանդ Քոչար երկար աշխատած է:
Հայաստանի կառավարութեան եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Երուանդ Քոչարի թանգարանը արձանի յարակից տարածքին իրականացուց արդի մօտեցումներով եւ հետաքրքրական լուսային ներգործութեամբ ձեռնարկ` մեծ հայուն ստեղծագործական ժառանգութեան հանրահռչակման առիթով:
«Նմանօրինակ ձեռնարկները, որոնք ուղղուած են ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ մեր պատմական յիշողութեան ամրապնդման, իւրատեսակ ազդակ կը հանդիսանան բոլորիս համար, յատկապէս` մեր երիտասարդութեան», բացման խօսքին մէջ նշեց Երուանդ Քոչարի թանգարանի տնօրէն Կարինէ Քոչարը:
Երուանդ Քոչար ունէր այն տեսակէտը, որ կոթողային քանդակները օժտուած են շատ մը հետաքրքրական առանձնայատկութիւններով, որոնք կրնան ազդել մարդոց հոգիներուն եւ մտքերուն վրայ` փորձելով արթնցնել խիղճը եւ նպաստել հոգեւոր վերածնունդին: Տեղադրուած ըլլալով մարդաշատ վայրերու մէջ, անոնք ակամայ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը` փորձելով ամրապնդել մեր ազգային եւ պատմական յիշողութիւնը:
Կարինէ Քոչար ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ Ե. Քոչարի ամբողջ երեւանեան շրջանը նուիրուած եղած է այնպիսի աշխատանքներու, որոնք ուղղուած են ազգային արժէքներու վերահաստատման, եւ ի զուր չէ, որ մայեսթրոն կը համարուի ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի ռահվիրայ, որովհետեւ իր ամբողջ երեւանեան շրջանի ստեղծագործական ընթացքը նուիրած է այսպիսի ստեղծագործութիւններու ստեղծման:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ արձանի ստեղծման պատմութիւնը` հիմնուած Քոչարի ձգած գրառումներուն վրայ: Երեկոյին համերգային կատարումներով հանդէս եկաւ «Թմբաթա» նուագախումբը:
«Սասունցի Դաւիթ» արձանին վրայ իրականացուեցաւ լուսային ցուցադրութիւն` նորարարական մօտեցումներով, ձայնային ձեւաւորումներով, իսկ պատուանդանին վրայ ցուցադրուեցան արձանին ստեղծումը ներկայացնող լուսանկարներ:
Մետապորտ Միջազգային Հարթակին Վրայ Այսուհետեւ Ներկայացուած Են Նաեւ Արցախի Յուշարձանները
Վերջերս սկսան համագործակցիլ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը եւ Մետապորտ (Metaport.ai) միջազգային հարթակը: Այս մասին հաղորդեց Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան:
Իբրեւ արդիւնք` Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին armenianarchitecture.org եւ artsakhmonuments.org կայքէջերուն բոլոր նիւթերը (Հայկական Բարձրաւանդակի եւ սփիւռքի աւելի քան 10 հազար 5 հարիւր յուշարձանի տեղեկութիւն` մօտաւորապէս 13 հազար 5 հարիւր լուսանկարներով եւ այլ օժանդակ նիւթերով) տեղադրուեցան նաեւ Metaport հարթակին վրայ: Հ. Գ. կից նկարին մէջ կ՛երեւի Արցախի ամբողջ տարածքին Metaport հարթակին վրայ արդէն տեղադրուած յուշարձաններուն քանակը:
Աւստրալահայ Գրականագէտ, Գիտաշխատող, Ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեան Այցելեց Վանաձորի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Ամպիոն
Նոյեմբեր 4-ին աւստրալահայ գրականագէտ, գիտաշխատող, ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեան, որ իր կեանքի երկար տարիները նուիրած է Ցեղասպանութեան հարցերուն, արխիւներու բացայայտման եւ շարադրման, հանդիպում ունեցաւ Վանաձորի Յ. Թումանեանի անուան պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօսներուն հետ: Պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Ֆելիքս Մովսիսեան կարեւոր նկատեց Արա Քեթիպեանի այցելութիւնը Վանաձորի պետական համալսարան, արժեւորեց անոր կատարած գործունէութիւնը ցեղասպանագիտութեան մէջ:
Արա Քեթիպեան ներկայացուց իր հեղինակած գիրքերը: Աշխատութիւններուն մէջ հաւաքագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան վերաբերող տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթեր` դիւանագիտական զեկոյցներով, ականատեսներու վկայութիւններով, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մարդոց յուշագրութիւններով եւ բանաւոր պատմութիւններով: Աղբիւրագիտական առանցքային նշանակութիւն ունին 1905-1921 թուականներու ամերիկեան մամուլի հրապարակումները:
Ցեղասպանագէտը նաեւ մեծածաւալ ուսումնասիրութիւններ կատարած է յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ որբերու մասին:
Արա Քեթիպեանի հեղինակած գիրքերը համալրեցին պատմութեան ամպիոնի մասնագիտական գիրքերու շարքը, իսկ հանդիպման աւարտին, իբրեւ օրուան յուշ, Ֆելիքս Մովսիսեան Արա Քեթիպեանին նուիրեց իր հեղինակած «Մասոնութիւնը հայոց մէջ» գիրքը: