Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրականութիւնը Ծածկող Համագումար

November 11, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

ՔՈՓ 29-ը ՄԱԿ-ի 29-րդ կլիմայական ժողովն է, որուն ընթացքին տարբեր երկիրներ կը քննարկեն եւ կը բանակցին համաշխարհային կլիմայական քաղաքականութիւններու շուրջ եւ կը կեդրոնանան ներկայի գնահատականներով նոր նպատակներ սահմանելու եւ միջազգային ջանքերը համադրելու վրայ: Ազրպէյճանը ընտրուած է այս տարուան ՔՈՓ 29-ի նախագահութեան համար, որ պիտի հիւրընկալուի Պաքուի մէջ, 11-22 նոյեմբերին:

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ Ազրպէյճանի նման ոչ իտէալական երկիր մը,  որ ունի մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ շրջակայ միջավայրի աւերածութեան պատմութիւն, հանդիսանայ ՔՈՓ 29-ի նման միջազգային կլիմայական վեհաժողով մը հիւրընկալելու եւ գլխաւորելու արժանի: Եկէք` պահ մը կանգ առնենք եւ իբրեւ հայ այս նիւթին մասին մտածելէ առաջ արծարծենք նիւթը` իբրեւ մարդ:

Հակառակ անոր որ ՔՈՓ 29-ի համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, պէտք է նկատի ունենանք, որ Ազրպէյճանը մեծ ներդրումներ ունի նաւթի արտածման եւ գործածութեան մէջ: Այս բոլորը կը կազմեն Ազրպէյճանի ընդհանուր արտահանման 92 տոկոսը, ինչպէս նաեւ` պետական պիւտճէին 60 տոկոսը: Այս մէկը բացայայտ կերպով կ՛օգտագործէ համաժողովը` իր տնտեսական շահերը յառաջ մղելու համար: Այս երկիրը կը փորձէ հայ ժողովուրդին հանդէպ մարդկային իրաւունքներու խախտումներն ու կատարած ոճիրները շուքին մէջ պահել` կլիմայական, այսպէս կոչուած, դիւանագիտութիւն մը յառաջ մղելով:

2023-ին Ազրպէյճանը սկսաւ ուժգին եւ համակարգուած արշաւ մը հայկական բնակչութեան դէմ` Արցախի ժողովուրդը տուներէն վտարելով, ինչպէս նաեւ` սովի, ռմբակոծման, սարսափի եւ ահաբեկման մատնելով զանոնք: Այդ ցեղասպան ծրագիրին նախորդած էր արցախահայութեան դէմ պարտադրուած շրջափակում մը, որ խիստ կերպով սահմանափակած էր սնունդի, դեղորայքի եւ հիմնական միջոցներու մատակարարումը բնակչութեան` ստիպելով հազարաւորներու փախուստ տալ կամ դիմագրաւել ծայրայեղ զրկանքի պայմաններ:

Ազրպէյճան ներկայիս կը պահէ 23 հայ ռազմագերիներ` խախտելով միջազգային օրէնքը: Հակառակ համաշխարհային կոչերուն` անոնց ազատ արձակման համար, այս գերիները կ՛ենթարկուին վատ վերաբերումի: Անոնց գերութիւնը կը ծառայէ որպէս քաղաքական ճնշումի գործիք` հոգեբանական վնաս հասցնելով Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Գերիներու շարքին են Արցախի նախկին նախագահները եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:

Այս իրավիճակը լուսարձակի տակ կը բերէ միջազգային գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու հայ գերիներուն եւ արցախեան վերնախաւին անմիջական ազատ արձակումը: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները նաեւ աշխատեցան ու կ՛աշխատին ջնջել հայկական մշակութային եւ պատմական ներկայութիւնը Արցախի մէջ: Այս ջանքերը կ՛ընդգրկեն կրօնական յուշարձաններու ոչնչացումը, հայկական եկեղեցիներու պղծումը եւ մշակութային առումով կարեւոր վայրերու հասցուած հսկայ վնասը: Այս բոլոր մտահոգութիւնները զեկուցուած են միջազգային մակարդակով, եւ կասկածներ ստեղծուած են Ազրպէյճանի` ժառանգութիւնը պահպանելու պարտաւորութեան նկատմամբ:

Ազրպէյճանական մշակութային սպանդը խախտում է Միջազգային արդարադատութեան դատարանի 2021 թուականի դեկտեմբեր 7-ի որոշումին: Դատարանը դատապարտած է կատարուած ոճիրներու շարքը մշակութային արժէքներու հանդէպ եւ կոչ ուղղած է Ազրպէյճանին` դադրեցնելու այս գործողութիւնները եւ պահպանելու ու յարգելու տարածաշրջանի ժառանգութիւնը, որ կը պատկանի ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին:

Իբրեւ հայ երիտասարդներ` բնականաբար կը միանանք COPout29-ի բողոքի շարժումին` նպատակ ունենալով բացայայտել կլիմայական փոփոխութիւններու մարզին մէջ հարուստ պետութիւններու, որոնց կարգին` նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող «Green Washing»-ի փորձերը: Թէեւ այս երկիրները կլիմայական նախաձեռնութիւններու աջակցելու բաւարար միջոցներ ունին,  բայց եւ այնպէս, իրականութեան մէջ անոնք առաջնահերթութիւնը կու տան իրենց տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահերուն: Կեղծ խոստումներով կը փորձեն ծածկել կլիմայական փոփոխութիւններու իրական հետեւանքները: Այս կեղծաւորութիւնը վտանգի կը մատնէ ապագայ կլիմայական համաձայնութիւնները:

Վերադառնալով Ազրպէյճանին` միջազգային ընտանիքին հարց կ՛ուղղենք, թէ Ազրպէյճանի նման պետութիւն մը արդեօք արժանի՞ է նման համաժողով մը հիւրընկալելու: Արդեօք հայ ժողովուրդի արեան գինը նուա՞զ կարեւոր է, քան` կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարելու կեղծ քաղաքականութիւնները: Յամենայն դէպս, հայ երիտասարդութիւնը այս հարցադրումներուն պատասխանին չի սպասեր: COPout29-ի արշաւը կը շարունակուի:

 

 

 

 

Նախորդը

Դէպի Հարազատ Տուն` Իմ Երկրորդ Տուն

Յաջորդը

Բնապահպանի Դիմակով Ցեղասապան

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.