ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Ծննդավայրս է` Պիքֆայա, Լիբանանի գեղեցիկ գիւղերէն մէկը: Երբ գիւղը կը դիտես բարձունքէն, կը տեսնես աւանդական տուներու երդիքներ` ծածկուած կարմիր կղմինտրներով: Գիւղը կը գտնուի Լիբանանի լեռնային արեւմտեան շրջանին մէջ` շրջապատուած եղեւինի եւ կաղնիի ծառերով: Ան Լիբանանի ամառնային ամէնէն նշանաւոր հանգստավայրերէն մէկն է: Գիւղը ունի երկու նշանաւոր աղբիւրներ: Մէկը կը կոչուի Նաաս, որուն ջուրը հռչակաւոր է իր բուժիչ յատկութիւններով, եւ միւսը այն էլ Ռիհանէ, որուն ջուրէն մինչեւ այսօր գիւղացիները կը խմեն:
Պիքֆայայի մէջ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ Սուրբ Աստուածածին մատուռը: Ամէն տարի օգոստոս տասնհինգին Սուրբ Աստուածածնայ տօնին առիթով կը մատուցուի սուրբ պատարագ, կը պատրաստուի աւանդական հերիսան, եւ տեղի կ՛ունենայ խաղողօրհնէք:
1. Մեծ հօրս տնկած ընկուզենու ծառը: 2. Իմ եւ եղբօրս անուններուն առաջին տառերը փորագրուած ծառին վրայ:
Շրջանը հարուստ է իր պտղատու ծառերով եւ տեսակաւոր ծաղիկներով: Ամէն տարի ամրան եւ գարնան գիւղին մէջ տեղի կ՛ունենան երկու յատուկ փառատօներ: Մէկը` ծաղիկի փառատoնը, որուն ընթացքին կը մատուցուին երգի ու պարի ելոյթներ, կը կատարուի զանազան տեսակի ծաղիկներու վաճառք: Նոյն փառատօնին կ՛ընտրուին երկու թագուհիներ` մէկը ծաղիկի, միւսը` պտուղի, ապա կ՛ընտրեն գիւղի լաւագոյն մարզիկը: Երկրորդ փառատօնը դեղձի փառատօնն է, որուն ընթացքին կը վաճառուի Պիքֆայայի դեղձը:
Մեր տունը կը գտնուի գիւղին վերջաւորութեան: Ունինք պարտէզ մը, որուն մէջ եղբայրս տնկած է պտղատու ծառեր, իսկ մայրս` բանջարեղէն ու ծաղիկներ: Մանկութեանս ունեցած ենք ընտանի անասուններ: Մեր անբաժան ընկերն էր մեր սեւով ճերմակ շունը` Լաքին, որ միշտ կ՛ընկերակցէր մեզի մեր պտոյտներուն եւ անտառի արշաւներուն: Ունէինք Լաքիին բարեկամ կատուն` Միմոն: Իսկ ես պարտէզին անկիւնը կը պահէի կրիաներ: Մեր տան մօտ կը գտնուէր մեծ հօրս տունը: Մեծ հայրիկս գիւղի ախոռապանն էր: Գիւղին ախոռին մէջ կը պահէին մեծ թիւով ոչխարներ եւ կովեր: Այս անասուններուն տէրը գիւղի մսագործն էր:Երկու շաբաթը անգամ մը բեռնատար մեքենայով ուրիշ ոչխարներ եւ կովեր կը բերէին: Ես եւ եղբայրս ճիպոտով կ՛ընկերակցէինք մսագործին եւ որոշ թիւով անասուններ կը հասցնէինք բեռնատար մեքենային,անոնք կ՛երթային սպանդանոց` մորթուելու: Բայց մեր ամէնէն ուրախ օրը կ՛ըլլար, երբ հսկայ պարկերով յարդ կը բերէին, եւ մենք այդ պարկերուն վրայ մագլցելով` կը ցատկէինք: Այս ուրախութինը վերջ գտաւ, երբ Լիբանանի պատերազմին ընթացքին ախոռը գոցուեցաւ արկածի մը պատճառով, ինչ որ շատ ցաւ պատճառեց եղբօրս եւ ինծի:
Մեր տան կից ունինք վիթխարի ընկուզենի մը, որուն վրայ փորագրուած են իմ եւ եղբօրս անուններուն առաջին տառերը: Այս ծառը տնկած էր պապուկս, երբ Քեսապէն Լիբանան փոխադրուած էր: Ան իրեն հետ բերած էր ընկուզենիի եւ թուզի տունկեր: Ընկուզենիին վրայ շինած էինք մեր բերդը եւ անոր բարձր ճիւղերէն կ՛արձակէինք մեր ձեռքերով շինուած նետերը: Հետագային ծառին հաստ ճիւղերէն կապեցինք հաստ պարանով օրօրոց մը:
Գիւղին մէջ կը գտնուէին հազիւ տասը հայ ընտանիքներ: Հայկական դպրոց եւ հայկական միութիւններ չկան: Մօրս հայ մնալու, հայկական դաստիարակութիւն ունենալու բուռն փափաքին համաձայն, մենք կը յաճախէինք քաղաքին մէջ գտնուող Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանը: Այս վարժարանը յաճախելու համար կ՛արթննայինք ժամը չորսին` պատրաստուելու, եւ քալելու մէկ ժամ, որպէսզի հասնէինք հրապարակը: Հոն կը միանայինք դպրոցի փոխադրակառքին: Վերադարձին եւս կը քալէինք մէկ ժամ, որպէսզի հասնէինք տուն: Այս մէկը կը դժուարանար ձմրան եղանակին, երբ գիւղը կը ծածկուէր ձիւնով: Մինչեւ այսօր կը յիշեմ, թէ որքա՜ն կու լայի, երբ կօշիկներս կը մխրճուէին ձիւնին մէջ, եւ ոտքերս կը սառէին թաց գուլպաներուս մէջ:
Եղեւնի եւ Կաղնիի ծառերով անտառը
Մեր տան դիմացը հսկայ անտառ է` եղեւինի եւ կաղնիի ծառերով: Մանկութեանս ուրախ օրերը անցուցած եմ անտառին մէջ, ուր մայրս կ՛ընկերակցէր մեզի` միասին խաղալու: Կը ծանօթացնէր մեզ զանազան բոյսերու եւ թուփերու: Այդ բոյսերուն մայրս կու տար իրենց քեսապերէն անունները, ինչպէս` կէթնուխուտէկ , սմպոկ եւ էւիլոկ: Այս խոտերը միացնելով ձաւարին` մայրս կ՛եփէր համով ճաշ մը: Ամէն աշնան մեր արշաւը կ՛ըլլար դէպի շագանակի բլուրը, ուր կը գտնուին հսկայ շագանակի ծառեր, շագանակ հաւաքելու համար: Մեր արշաւներուն ընթացքին հանդիպած ենք նաեւ բաւական տեսակի վայրի անասուններու մանաւանդ` օձերու:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին շատ մը տուներ քանդուեցան, անտառը այրեցաւ, մեծ թիւով գիւղացիներ գաղթեցին: Մեր տունը ապաստանարան դարձած էր: Յաճախ ունեցած ենք ռումբերէն փախուստ տուած բարեկամ ընտանիքներ, որոնք մնացած են մեր տունը, երբեմն` շաբաթներով: Մեր ննջասենեակը տրամադրուած էր իրենց մինչեւ պատերազմին աւարտը: Մայրս ոչ մէկ ճիգ խնայած էր իրենց հանգիստը ապահովելու համար:Կիրակի առաւօտ մը մայրս որոշած էր խորոված պատրաստել դրացիներուն եւ հիւրերուն, որոնք մեր տունը կը մնային: Հայրս չմերժելով մօրս խնդրանքը` առաւ զիս, եւ միասին քալելով գացինք հրապարակ` միս գնելու: Քալելով, որովհետեւ մեր ինքնաշարժը այրած էր ռումբէն: Միսը գնեցինք ու ճամբայ ելանք: Հազիւ քիչ մը քալեցինք, ռմբակոծումը սկսաւ: Ես եւ հայրս թակեցինք տան մը դուռը եւ խնդրեցինք, որ քիչ մը հոն մնանք, մինչեւ որ ռմբակոծումը դադրի: Բաւական կենալէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեցինք եւ շարունակեցինք մեր ճամբան: Սակայն ռմբակոծումը վերսկսաւ, եւ մենք ստիպուած` պահուըտեցանք տան մը պատին ետեւ: Առաջին անգամն էր այդ փոքր տարիքիս, երբ տեսայ հսկայ ռումբ մը, որ սուրալով անցաւ մեր քովէն: Երբեք չեմ մոռցած ծայրը սուր, հսկայ, արծաթագոյն ռումբը, որ ինքնավստահ իր ուղղութենէն կը սուրար հասնելու իր թիրախին: Առաջին անգամն էր, որ կը զգայի մահուան մօտիկութիւնը: Սկսայ աղօթել բարձրաձայն: Հայրս ինքն ալ նոյնը զգալով` շատ ամուր կը թակէր մեր թաքստոցին կից հսկայ տան մը դուռը: Տանտէրը բացաւ դուռը եւ նայեցաւ մեզի` զարմացած, թէ այս ահարկու ռմբակոծումին ինչո՞ւ մենք փողոցն ենք: Բաւական սպասելէ ետք դարձեալ շարունակեցինք մեր ճամբան` քանի մը տուներ մտնելով, եւ վերջապէս հասանք տուն` միսը ձեռքերնիս: Մայրս ձեռքը գլխուն դրած կը զղջար եւ կ՛այպանէր ինքզինք, իսկ միւսները յանցաւորի նման, տան մուտքին կեցած, մեզ կը դիտէին` առանց բառ մը արտասանելու: Մեր տունն ալ ռմբակոծուեցաւ, բայց բոլորս ազատեցանք, կրնամ ըսել` հրաշքով մը: Պատերազմին իմ եւ փոքր եղբօրս առօրեայ զբաղումն էր փամփուշտներ եւ ռումբի կտորներ հաւաքել:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք` գիւղին տուները մեծապէս վնասուեցան, սակայն պատերազմին յաջորդեցին խաղաղ օրեր եւ պայծառ գարուններ:
Կեանքը կը նմանի գիրքի մը, որուն առաջին էջերուն մէջ կ’արձանագրուին մանկութեան պատահած դէպքերը` իբրեւ յառաջաբան, եւ որուն կը յաջորդեն` կեանքի փորձառութիւնները, նուաճուած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները:
Ծննդավայրը եւ տարբեր միջավայրեր, ուր կ՛անցընենք մեր մանկութեան օրերը` կը կազմեն մեր առաջին յիշատակները: Պիքֆայան ծննդավայրս է, ուր անցուցած եմ մանկութեանս ուրախ եւ տխուր անմոռանալի օրերը, եւ այս յիշատակներու շնորհիւ` կազմաւորուած են իմ անհատականութիւնս եւ համոզմունքներս: