Երբեմն մամուլի էջերուն` տպագիր, ձայնասփռուած կամ համացանցային, կը հանդիպիմ «խօսնակ» եւ «բանբեր» բառերուն, Հայաստան եւ սփիւռք: Երկու բառերը յաճախ կը գրուին եւ կը խօսուին այնպէս, որ անոնք հոմանիշ ըլլային: Եւ այս շփոթէն կարծէք ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Ընթերցող եւ ունկնդիր, իրենց կարգին, սովորութեան կը վերածեն շփոթը, եւ բառերը կը կորսնցնեն իրենց իմաստը, անոնցմով յատկանշուող իմաստները, եւ պաշտօնները կը դադրին լսուածի եւ ընթերցուածի ճիշդ բնորոշում ըլլալէ:
Ո՞վ է խօսնակ-ը, ի՞նչ է անոր պաշտօնը:
Նոյն հարցումը պէտք է ուղղել բանբեր-ի պարագային: Թերեւս աւելի դիւրին կ’ըլլայ անոնց տարբերութիւնը հասկնալ, եթէ զանոնք թարգմանենք օտար լեզուի մը:
ԲԱՆԲԵՐ-ը անգլերէն SPOKESMAN կամ SPOKSWOMAN է, ֆրանսերէն` PORTE-PAROLE: Ան կը ներկայանայ եւ կը խօսի յանուն խմբաւորման մը, կազմակերպութեան մը, որ կրնայ ըլլալ կառավարութիւն մը, պետութիւն մը, կուսակցութիւն մը, ի հարկէ եթէ ունենայ զանոնք ներկայացնելու լիազօրութիւն:
Տարբեր է ԽՕՍՆԱԿ-ի պաշտօնը եւ դերը, ներկայացուցչական լիազօրութիւն չունի: Անոր վստահուած կ’ըլլայ հանդիսութեան մը, հեռատեսիլի կամ ձայնասփւռի հաղորդում մը վարելու պաշտօնը: Վերջին պարագային կ’ըսենք նաեւ հաղորդավար: Լրագրողը, որ թերթով, ձայնասփիւռով կամ հեռատեսիլէն լուրեր կը հաղորդէ, ո՛չ խօսնակ է, ո՛չ բանբեր: Ան կ’արձագանգէ պատահարներու, քաղաքական իրադարձութիւններու, կը վկայէ անոնց մասին: Եթէ ուրիշին գրածը կ’ընդօրինակէ կամ կարծիքը կը կրկնէ, լրագրութիւն չ’ըներ եւ կը մնայ խօսնակի դերին մէջ: Լրագրողը եւս, իր կարգին, բանբեր չէ, ներկայացուցչական հանգամանք չունի, քաղաքական կամ այլ բնոյթի կազմակերպութեան անունով խօսելու լիազօրութիւն չունի, կրնայ արտայայտել թերթի մը կամ լրատուամիջոցի կարծիքը, եւ ինչպէս կ’ըսուի, կը մնայ ենթակայական ծիրի մէջ: Ինչ որ կ’ըսէ եւ կը գրէ բանբերը, բանաձեւուած ոչ ենթակայական պատասխանատու խօսք կ’ըսէ, որ յանձնառու կը դարձնէ այն կառոյցը կամ կազմակերպութիւնը, որուն անունով խօսելու լիազօրութիւն ունի: Բանբերին կարծիքը անհատական վերաբերումի արձագանգ չէ:
Պէտք է գիտնալ զատորոշել եւ ըստ այնմ վերաբերիլ ըսուածին, գրուածին եւ լսուածին` նկատի ունենալով, թէ ո՞վ ի՛նչ հանգամանքով կը գրէ կամ խօսի ընդառաջ չերթալու համար շփոթներու: Մամուլի եւ լրատուամիջոցի խմբագիրը եւ պատասխանատուն պարտք է համարեն շփոթները կանխել, քանի որ իրենց պարտականութիւնն է լուսաբանել: Իսկ հանրային կարծիքին վրայ ազդել եւ առաջնորդել` այլ պատասխանատուութիւն է, պետական, քաղաքական եւ այլ յանձնառութիւններու հրապարակում:
23 -10 -2024



