ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Անհատականութեան ու յարգանքի չէզոքացում, բաղդատութիւն, ատելութիւն, անինքնավստահութիւն, մերժուելու վախ, հոգեկան ու մտային հարցեր ու հիւանդութիւններ… շարքը կը շարունակուի: Երկա՜ր ժամանակէ ի վեր մանուկներուն ու պատանիներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը դարձած է ընկերային ցանցերուն զոհը:
«Հետեւորդներս շատցան», «Քանի՞ հատ լայք ստացար», «Անցեալ ամիս իր նկարին լայք ըրի, հիմա ալ ինչո՞ւ ինքը իմ նկարիս չըրաւ», «Այս ի՛նչ անուշիկ է, երանի՜ ես ալ իրեն նմանէի», «Շատոնց նկար չես տեղադրած, չ՛ըլլար ասանկ, հիմա կը կարծեն, թէ կեանք չունիս, գիշեր-ցերեկ տունդ նստեր ես», «Ասոր նկարին նայէ, շատ տգեղ է»… ու տակաւին ինչե՜ր: Դժբախտաբար ասոնք դարձած են այս սերունդին օրական մտահոգութիւններն ու հետաքրքրութիւնները:
5 տարեկան մանուկներն իսկ ունին իրենց անձնական ընկերային ցանցերը: Անոնք «Թիք թոք»-ի վրայ պարեր կ՛իջեցնեն` հանրածանօթ դառնալու համար: Պատանիները, երբ ֆիլթըրներու ետեւ պահուըտած մարդիկ տեսնեն, կը սկսին իրենք զիրենք բաղդատել անոնց հետ եւ կը կորսնցնեն իրենց ինքնավստահութիւնն ու յարգանքը: Ապա անոնց մէջ կը ստեղծուի նախանձի ու ատելութեան զգացումը: Անոնք կը վախնան աշխարհին կողմէ մերժուելու գաղափարէն ու միշտ կը փորձեն մարդոցմէ համակրանքը մուրալ` կորսնցնելով իրենց անհատականութիւնը: Անոնք կը թափեն ամէն ճիգ` ընկերներ ունենալու համար: Ըստ անոնց, ամօթ է մինակ մնալը, ու հպարտութիւն է սիրահար, եւ ինչո՞ւ չէ, շարք մը սիրահարներ ունենալը: Ընկերային ցանցերը զանոնք համոզած են, որ քանակը որակէն աւելի կարեւոր է: Իսկ երբ պատանին մեծնայ ա՛յս գաղափարներով, կը տառապի հոգեկան ու մտային հիւանդութիւններէ:
Այլեւս ընկերութիւնը մեծամասնութեան քով գոյութիւն չունի, իմաստ չունի: Կը կարծեն, թէ գիշեր-ցերեկ միասին ժամանակ անցընելը զիրար ընկերներ կը դարձնէ, մինչ անոնք զբաղած են զիրար ցաւցնելով ու դաւաճանելով, սխալ ուղղութիւններ տալով ու մէկը միւսին ընկերը կամ ընկերուհին «գողնալով»: Նոյնիսկ սկսած են ընկերային ցանցերու վրայ գտնուող «ազդեցիկ» մարդիկ պաշտելու ու իրենց ընկերները համարելու:
Այս բոլորին դիմաց, տակաւին կան մարդիկ, որոնք յաջողած են իրենք զիրենք հեռու պահել այսպիսի վարակիչ հիւանդութիւններէ: Սակայն ցաւալին այն է, որ այդ հիւանդագին գաղափարներով մշակուած երէկուան մանուկը դարձաւ այսօրուան երիտասարդն ու վաղուան ծնողը: Եթէ հիմա մարդոց մեծամասնութիւնը արդէն փճացած է, ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագայի իրավիճակը:


