Յօդուածներ

Դրօ Եւ Նժդեհ Արցախի Մէջ

Դրօ Եւ Նժդեհ Արցախի Մէջ

Սիւնիքի Եւ Արցախի Միջեւ Թաթարական Սեպի Վերացում Թիֆլիսի Համագումարը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ                                                                  Դրօ                                                               Գարեգին Նժդեհ Շուշիի հայութեան կոտորածէն եւ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու աւերումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց օգնութեան հասնիլ կենաց մահու պայքար մղող Արցախի հայութեան: Դրոյի գլխաւորութեամբ հայկական մարտական ուժեր 13 ապրիլ 1920-ին Արցախ մտան: Դրօ Ապրիլ 15-ին զօրահաւաք յայտարարեց Վարանդայի մէջ, եւ հեծելազօրքի հաւաք` Դիզակի մէջ: Զէնքի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանցի Պէյրութահայ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Լիբանանցի պէյրութահայ` Թիթեղներով բնակավայր Շինեցիր դուն ու ապրեցար Ճահիճներու մէջ հիւանդկախ, Հոգիիդ մէջ փոխադրեցիր Հայ դպրոցդ,եկեղեցիդ, Երազներդ,մշակոյթդ Կերտեցիր դուն ճանկերովդ: Լիբանանցի եղբայրներս Յաճախ այսպէս կ՛ըսեն ինծի: - Դուք հոս եկաք գաղթականներ` Մեր քաղաքը` տկար, անտէր, Չքանդեցիք, միշտ շինեցիք Լիբանանը մեր գեղեցիկ: Պատերազմներ, օտար զէնքեր Չկրցան ձեզ ծունկի բերել: Որդիներդ ներկայացան Արիւնարբու մահուան խորան, Բայց մնացիր դուն Լիբանան, Պիտի...

Հայ Ազգը Ունի Ապագայ` Առանց Կործանարար Զիջումների, Եւ Չունի Ապագայ Այդպիսի Զիջումներով

Հայ Ազգը Ունի Ապագայ` Առանց Կործանարար Զիջումների, Եւ Չունի Ապագայ Այդպիսի Զիջումներով

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Աժ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ. սպառնալիք, թէ՞ հնարաւորութիւն» խորագրով միջազգային խորհրդաժողովին: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները վերաբերւում են մեր ժողովրդի համար կենսական նշանակութեան հարցերին եւ իրենց բնոյթով դուրս են զուտ երկկողմանի ձեւաչափից, ունեն աւելի լայն տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Սպառնալի՞ք է դա, թէ՞ հնարաւորութիւն` կախուած է նրանից, թէ որքանո՛վ ենք կարողանում` բացառել հայոց պետականութեան եւ...

Վարդանեանի Փաստաբանը Կը Պնդէ. «Ռուբէն Վարդանեանի Նկատմամբ Խոշտանգումները Հերքող Փաստեր Չկան»

Վարդանեանի Փաստաբանը Կը Պնդէ. «Ռուբէն Վարդանեանի Նկատմամբ Խոշտանգումները Հերքող Փաստեր Չկան»

Առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր Ազրպէյճանի մէջ բանտը պահուող Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը` Ճերըտ Կենսըր, կը յայտարարէ, թէ Ալիեւի վարչակազմը որեւէ համոզիչ փաստ չէ ներկայացուցած ապացուցելու, որ իր պաշտպանեալը բանտին մէջ չեն խոշտանգած: Կենսըր «Ազատութեան» ազրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին եւս ահազանգեց, որ Ալիեւի վարչակազմը հետեւողականօրէն կը մերժէ Պաքու այցելելու իր դիմումները: «Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր...

ԼՕԽ-ի 95-Ամեակին Նուիրուած Օրացոյցը` Մեր Տուներուն Զարդը

ԼՕԽ-ի 95-Ամեակին Նուիրուած Օրացոյցը` Մեր Տուներուն Զարդը

Ա. ԼԷՔԵԱՆ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ հրատարակութեամբ, քարոզչական յանձնախումբին ջանքերով եւ աշխատութեամբ, մեր տրամադրութեան տակ է արդէն 2025 տարուան ԼՕԽ-ի օրացոյցը, որ, հակառակ քաղաքական եւ տնտեսական ահաւոր կացութեան, կրկին իր աւանդութեան համաձայն, հրապարակուեցաւ եւ մուտք գործեց բոլոր հայերուն տուները: ԼՕԽ-ի այս տարուան օրացոյցը մեզի կը յուշէ, որ այս միութիւնը թեւակոխեց իր իննսունհինգամեակը, 95 տարիներ շարունակ գործած է Լիբանանահայ օգնութեան...

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Ահաւասիկ հասած ենք 2024 տարուան աւարտին` մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ ունենալով բազմաթիւ մտահոգութիւններ ու յոյսեր, ակնկալութիւններ ու ըմբոստութիւն, ինչպէս նաեւ` անպատասխան հարցադրումներ: Ընդհանուր գիծերու մէջ 2024 տարին իր ամէնօրեայ տեսակով կրնայ չնմանիլ 2020 տարուան: Սակայն, համազգային եւ համասփիւռքեան մակարդակներով, աւելի ծանր տարի էր, քան` 2020-ը: Առաջին հերթին, յունուար 2024-ին միջազգային ընտանիքի մեծամասնութեան եւ ազրպէյճանաթրքական դաշինքին համար Արցախի Հանրապետութեան էջը...

Ո՛չ Յուսահատութեան

Ո՛չ Յուսահատութեան

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Բոլորս ալ մեծցած ենք` լսելով մեր ծնողներուն պատմած հեքիաթները, որոնք, «երեւակայական» ըլլալով հանդերձ, կը յառաջացնէին ուրախ, բայց երբեմն ալ տխուր տպաւորութիւններ եւ բուռն զգացումներ: Այս 2 հակասական երեւոյթներու միջեւ կ՛ինային այդ պատմութիւնները, որոնք կը ներկայացնէին վիճակ մը, զոր ոչ մէկ բառ կրնայ արտայայտել, եւ ընդհանրապէս դժուար էր անոր մասին խօսիլը: Այս պատմութիւններէն մէկը...

Պիտի Վերադառնանք

Պիտի Վերադառնանք

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Տարի մը եւս կը բոլորենք: Դարձեալ զրկուած ենք Արցախէն, բայց պայքարի ոգին միշտ անմար կը մնայ մեր մէջ: Իւրաքանչիւր հայու համար Արցախի էջը փակուած չէ:  Մենք այսօր պարտաւոր ենք աւելի կազմակերպուիլ, միանալ եւ մէկ ուժ դառնալ մէկ նպատակի համար` վերականգնելու Արցախը: Այո՛, այսօր Արցախը ամբողջովին թշնամիին տիրապետութեան տակ է, բայց միշտ պիտի յիշուի մեր հզօր պատմութեան...

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

ԱՐԶՆԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ «Հայաստան» մասնաճիւղ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային պայմանները 2024 թուականին կ՛արտացոլացեն աւելի սաստիկ աճումով ճգնաժամ: Հինգ տարիներ շարունակ, առանց որեւէ դադարի, Լիբանան մղեց ու տակաւին կը շարունակէ արձանագրել տնտեսական ու քաղաքական ծանր անկում, ինչպէս նաեւ` անոր զուգահեռ, պայքար կը մղէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ, որոնցմէ մէկն է ընկերային հարցը: Տագնապներու շարքը ընթացք առաւ 2019 թուականին, երբ խումբ մը...

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ «Հայաստան» մասնաճիւղ Վերջին երկու տարիները լիբանանահայութեան համար եղան ցաւալի տարիներ: Սփիւռքահայութեան բոլոր սրտերը ճնշուեցան Արցախի վրայ շղթայազերծուած ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմէն, որ սկսաւ 27 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազրպէյճանի ռազմական վայրագութեամբ, եւ աւարտեցաւ 9 նոյեմբեր  2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռամբ կնքուած ամօթալի արձանագրութեամբ: 19-20 սեպտեմբեր 2023-ի միօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, բոլոր  Արցախի քաղաքացիները հաւաքուեցան Ստեփանակերտ, եւ սկսաւ բռնի գաղթի անվերջ...

Քաղաքակիրթ Մողէսը

Քաղաքակիրթ Մողէսը

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ- ԻՍԿԻԿԵԱՆ Թոռնիկս` Մայքըլը, անակնկալ յուզմունքով ու զայրոյթով դիմեց ինծի. «Նանա՛, ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ մեռցուցիր, դուն չե՞ս գիտեր, որ մողէսը վնաս չի հասցներ»: Մայքըլին կը նայիմ եւ չեմ հաւատար, որ ան կու լայ: Վայրկեանի մը մէջ իր մեղրագոյն աչքերը արցունքով ողողուած են եւ` կաս- կարմիր դարձած: Զարմացած կը պատասխանեմ. «Մայքը՛լ, հոգի՛ս, մողէսը սենեակս պիտի մտնէր, եւ դուն գիտես, որ...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Գործել Անմիջականի Օրակարգով Վատ Չէ, Հիմնականը Եւ Գալիքը Անտեսել` Ապիկարութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայկական «Սփիւռք»-ը, տեւաբար կը տարածուի, ինքզինք կը բազմապատկէ, կը վերարտադրէ նոր անուններով, որոնց ցանկագրումը, չեմ գիտեր, եղա՞ծ է. կ՛ըսենք համայնք(ներ)` աներեւակայելի աշխարհագրական վայրերու անուններով, հետեւանք` Հայաստանի եւ բազմանդամ գաղութներու բնակչութեան նօսրացման, որ հեռացում է ազգի մէկութենէ: Ամէն օր, որ կ՛անցնի, քիչ մը աւելի կը տարտղնուինք, գոհունակութիւն ալ կ՛ունենանք, կը կարծենք` ներկայութիւն, տոկալու եւ տեւելու երաշխիք ձեռք բերել, ուժ...

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու  Համաժողովի Միասնական Յայտարարութիւնը

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Համաժողովի Միասնական Յայտարարութիւնը

«Գանձասար կը հաղորդէ, որ Լաթաքիա քաղաքի քրիստոնեայ հոգեւոր պատասխանատուները հրապարակած են հետեւեալ միասնական յայտարարութիւնը. «Մեր եկեղեցիներու սիրեցեալ զաւակներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Լաթաքիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու հոգեւոր հովիւները, յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին մէջ միասնաբար դիմաւորեցին երկրիս տիրող ներկայ անցողական ղեկավարութեան թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ զինուժի ներկայացուցիչներ, որոնք եկան ըսելու, թէ իրենք ամէն գնով պատրաստ են...

Սուրիոյ Ճակատագիրը «Կը Յստականայ»…

Սուրիոյ Ճակատագիրը «Կը Յստականայ»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ծանօթ խօսք է, որ մէկ նկարը երբեմն հազար բառ կ՛արժէ: Նայեցէ՛ք այս սիւնակին ընկերակցող եւ... ամերիկեան մամուլէն վերցուած երգիծանկարին. Սուրիոյ վիճակը պատկերող երգիծանքը ժպիտ չի բերեր, այլ աղաղակող ողբերգութիւն մը կը բացայայտէ եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ, երբ ոմանք կ՛ըսեն, թէ Սուրիոյ ճակատագիրն ու ապագան կը յստականան այս օրերուն: (Եւ մտածել, որ նման մտահոգութիւն...

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահը Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակեց

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահը Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակեց

«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Մելանի Օ՛Պրայըն հաստատեց, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած են ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք գործադրուած են խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ` համատարած կամ համակարգուած յարձակման շրջանակներու մէջ. «Հայերը, անշուշտ, կրնան պնդել, որ ատիկա տեղի կ՛ունենար Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ»: Անդրադառնալով այն...

Ոտնակոխ Տունը

Կորուսեալ Կիլիկիոյ Բեմական Արքաներ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Կորուսեալ հայրենիքը մնայուն բներգ է արուեստի այլազան մարզերու մէջ: Թատրոնը ունի տիրական դիրք, որովհետեւ անոր ընկալումը հաւաքական է, ինչպէս հաւաքական է կորուսեալ հայրենիքի խոցը: Թատրոնը ի սկզբանէ ծիսական եղած է (1): Պատրանք թատրոնի ամէնէն մօտիկ արուեստը գրականութիւնն է, որուն երկերէն ոմանք բեմականացուած են: Լիբանանահայ թատրոնին մասին հրատարակուած սակաւ յուշագրութիւններու մէջ (Դ. Էվերեկլեան եւ Պ. Ֆազլեան) կայ շատ հակիրճ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սուրիան` Իբրեւ Միասնական Մէկ Երկիր, Պիտի Մնա՞յ Ասատի Վարչակարգին Տապալումը Ամբողջ Միջին Արեւելքին Վրայ Պիտի Ազդէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը Ճէոֆորի (GEOFOR)` ռուսական աշխարհաքաղաքական անկախ նախատեսութեան կեդրոնի 9 դեկտեմբեր 2024-ի խմբագրականին (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` երբեմն միջամտութիւն կատարելով, մերժելով կարգ մը պատմական, համայնքային եւ յարանուանական տեսակէտներն ու ընդհանրացումները` շեղագիր*. «Մի՛այն երկու շաբաթէն տապալեցաւ Ասատի իշխանութիւնը, որ հիմնած էր Հաֆեզը` Պաշշար Ասատի հայրը: Անոր բանակը գրեթէ առանց կռիւի յանձնուեցաւ` փախչելով եւ զէնքերը վար դնելով:...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հանդիպում` Տոհայի Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Դեկտեմբեր 7-ին «Տոհա Ֆորում»-ի շրջագծին մէջ կայացած հրատապ հանդիպումը` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ` Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքը հակակշռի տակ բերելու ենթադրական օրակարգով, սակայն յանգեցաւ ոչինչի: Օրակարգը արագօրէն կորսնցուց իր իմաստը` գետնի վրայ զարգացող պատերազմական գործողութիւններուն ստեղծած կայծակնային իրավիճակներով... Վերջին բազմաթիւ տարիներու ընթացքին Քաթարի քաղաքականութիւնն է եղած առաջնորդող դերակատարութիւն ստանձնել միջազգային երկխօսութեան այլազան բնագաւառներուն մէջ: «Տոհա...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Սուրբ Յակոբի տօնը: Սուրբ Յակոբ Մծբնացի ծագումով ասորի էր: Վարքաբանական աղբիւրներ կը նշեն, որ ան Պարթեւական տոհմէն էր եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին: Սուրբ Յակոբ Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական ոգիով դաստիարակուեցաւ: Հետագային ան իր քրոջ հետ Պարսկաստան փոխադրուեցաւ եւ որոշ ժամանակ արքունիքին մէջ ապրեցաւ: Այնուհետեւ ան ճգնաւորական կեանքի նուիրուեցաւ եւ...

Առաքինասէր Մծբնայ

Առաքինասէր Մծբնայ

ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ Յաւուր տօնի Սրբոյն Յակովբայ Մծբնայ Հայրապետին «Սա ցանկացաւ գնալ, ուր հանգեաւ տապանն ի լեառնս Արարատայ: Եւ իբրեւ եհաս ի ստորոտ լերինն, ննջեաց, զի էր աշխատեալ: Եւ առեալ հրեշտակն տախտակ մի եւ բերեալ եդ ընդ սնարօք սրբոյն եւ ասէ. «Ոչ է պարտ մարդոյ տեսանել զտապանն, արդ, առ զտախտակդ զայդ` ըստ փափաքանաց քոց, եւ դարձի՛ր ի տուն քո» (Յայսմաւուրք,...

Page 140 of 1110 1 … 139 140 141 … 1,110

Արխիւներ