Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիտի Վերադառնանք

December 17, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
«Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Տարի մը եւս կը բոլորենք: Դարձեալ զրկուած ենք Արցախէն, բայց պայքարի ոգին միշտ անմար կը մնայ մեր մէջ: Իւրաքանչիւր հայու համար Արցախի էջը փակուած չէ:  Մենք այսօր պարտաւոր ենք աւելի կազմակերպուիլ, միանալ եւ մէկ ուժ դառնալ մէկ նպատակի համար` վերականգնելու Արցախը: Այո՛, այսօր Արցախը ամբողջովին թշնամիին տիրապետութեան տակ է, բայց միշտ պիտի յիշուի մեր հզօր պատմութեան էջերուն մէջ:

Յանուն արցախեան գոյամարտին զոհուած մարտիկներուն`,կարելի չէ լռել եւ պէտք չէ լռել: Պէտք է փշրել լռութեան պատը: Պէտք է յարատեւ պայքարիլ` մինչեւ կրկին անգամ լսելի դառնան Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջները, մինչեւ տեսնենք արցախցին հպարտ իր դարաւոր հողին վրայ ու տեսնենք արցախեան դրօշը` ծածանած Շուշիի միջնաբերդին վրայ:

Մինչ կը մտնենք նոր տարի մը, իւրաքանչիւր հայու մէջ պէտք է վերածնի պահանջատիրութեան ոգին, որովհետեւ միայն պայքարով եւ պահանջատիրութեամբ է, որ կրնանք դիմադրել թշնամիին: Թշնամին չի կրնար խեղդել մեր արդարութեան ձայնը: Պիտի գան նոր սերունդներ ու պիտի շարունակեն իրենց նախահայրերուն սկսած պայքարը, պիտի գան աւելի վճռական սերունդներ ու կռիւը պիտի շարունակեն:

Մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ եւ իբրեւ Հայ դատի զինուորներ, Նոր տարուան սեմին պիտի վերանորոգենք մեր երդումը` յանուն հայրենիքի փրկութեան: Արդարեւ, ԼԵՄ-ը մեծ ներդրում ունեցած է արցախեան գոյամարտին մէջ, որուն ընթացքին նահատակուած են վիգէնզաքարեաններ, մհերջուլհաճեաններ եւ գէորգհաճեաններ, հայրենիքի սուրբ հողը ոռոգելով ԼԵՄ-ական ընկերներու արիւնով:

ԼԵՄ-ականը մեծ դեր ունի Հայ դատի հետապնդման աշխատանքին մէջ: Վերջապէս, մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ, պիտի չզիջինք Արցախը հայութեան վերադարձնելու պահանջէն եւ վճռակամութեամբ ու պայքարով վերստին պիտի ազատագրենք Արցախը:

Յաւե՛րժ փառք հայրենիքի ազատութեան համար զոհուած բոլոր նուիրեալներուն: Յոյսով ենք, որ այս Նոր տարին ըլլայ  յաղթանակներով եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

Յաջորդը

Ո՛չ Յուսահատութեան

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.