Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

December 17, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
«Հայաստան» մասնաճիւղ

Վերջին երկու տարիները լիբանանահայութեան համար եղան ցաւալի տարիներ: Սփիւռքահայութեան բոլոր սրտերը ճնշուեցան Արցախի վրայ շղթայազերծուած ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմէն, որ սկսաւ 27 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազրպէյճանի ռազմական վայրագութեամբ, եւ աւարտեցաւ 9 նոյեմբեր  2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռամբ կնքուած ամօթալի արձանագրութեամբ: 19-20 սեպտեմբեր 2023-ի միօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, բոլոր  Արցախի քաղաքացիները հաւաքուեցան Ստեփանակերտ, եւ սկսաւ բռնի գաղթի անվերջ թուացող ճամբան` դէպի Հայաստան: Անշուշտ սփիւռքը լուռ չմնաց եւ տարբեր ձեւերով` կոչով, ցոյցերով, դատապարտեց Ազրպէյճանի ցեղասպան պետութիւնը:

2024 տարեշրջանը Լիբանանի համար արեամբ դրոշմուած տարի մը եղաւ:  Արդարեւ, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Իսրայէլ օդային բուռն յարձակումներ գործեց` ցնցելով ամբողջ երկիրը: Այս պատերազմը բազմաթիւ հետեւանքներ ձգեց` թէ՛ նիւթական, թէ՛ ընկերային ու տնտեսական եւ թէ՛ հոգեբանական: 2019-էն արդէն սկսած էր տնտեսական ճգնաժամը, հազիւ ժողովուրդը կրցաւ համակերպիլ տհաճ իրականութեան հետ, արդէն Լիբանանի դէմ շղթայազերծուեցաւ Իսրայէլի դաժան պատերազմը: Ժողովուրդը տեղահան եղաւ, վտանգաւոր շրջաններէն` հարաւէն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն փոխադրուեցաւ աւելի ապահով նկատուող շրջաններ:  Գաղթականները ապաստանեցան դպրոցներու մէջ: Իսկ ժողովուրդէն մաս մը անտուն մնացած, վրանաբնակ եղած ցաւալի պատկերներ դրոշմեց մեր մէջ: Ժողովուրդը երկար ատեն ապրեցաւ վախով, անքուն եւ շուարած վիճակի մէջ:  Յատուկ օգնութիւններով կրցանք օգտակար դառնալ բոլոր տեղահանուած ընտանիքներուն:

Լիբանանի մէջ շարունակուող տագնապը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի կրթական համակարգին վրայ եւս: Դպրոցները երկար ժամանակ փակ մնացին` անվտանգութեան մտահոգութենէ մեկնած, եւ դասարանները վերածուեցան գաղթակայաններու: Կրթութեան պակասը երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունի` խոչընդոտելով սերունդներու ապագայի բնական երթը եւ պատճառ դառնալով անկայունութեան ու զարգացած սերունդ կերտելու բացակայութեան: Պատերազմը զրկեց երեխաները իրենց մանկութենէն եւ աշակերտները` կրթութեան իրենց իրաւունքներէն, Լիբանանի ապագային վրայ մնայուն վէրք մը ձգելով:

Յոյսով ենք, որ 2025-ը Լիբանանին բերէ խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ յոյսի նոր սկիզբ մը: Թող այս տարին ըլլայ վերականգնումի, միասնութեան եւ երազներու իրականացման ժամանակաշրջան մը: Թող Լիբանանի ժողովուրդը վերագտնէ իր ուժը եւ պայծառ ապագայ մը կերտէ:

 

 

Նախորդը

Քաղաքակիրթ Մողէսը

Յաջորդը

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.