Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Տոհայի Մէջ

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Դեկտեմբեր 7-ին «Տոհա Ֆորում»-ի շրջագծին մէջ կայացած հրատապ հանդիպումը` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ` Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքը հակակշռի տակ բերելու ենթադրական օրակարգով, սակայն յանգեցաւ ոչինչի: Օրակարգը արագօրէն կորսնցուց իր իմաստը` գետնի վրայ զարգացող պատերազմական գործողութիւններուն ստեղծած կայծակնային իրավիճակներով…

Վերջին բազմաթիւ տարիներու ընթացքին Քաթարի քաղաքականութիւնն է եղած առաջնորդող դերակատարութիւն ստանձնել միջազգային երկխօսութեան այլազան բնագաւառներուն մէջ: «Տոհա Ֆորում»-ը այդ կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է, որ Քաթարի հովանիին տակ կը համախմբէ աշխարհի պետութիւններու մեծ թիւ մը` քննելու համար համաշխարհային օրակարգը զբաղեցնող տագնապներու եզրերը: Հետեւաբար պարզ է, որ Սուրիոյ շրջադարձային վերիվայրումները, որոնք այսօր կը զուգադիպին «Ֆորում»-ի հերթական համաժողովին, անպայման բեմ պիտի հայթայթեն թէժ դիւանագիտութեան: Դեկտեմբեր 7-ի եռակողմանի հանդիպումը այս լոյսի տակ էր, որ տեղի կ՛ունենար:

Իրականութեան մէջ, սակայն, երեք երկիրներու նախարարներու հանդիպումը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ երկկողմանի հանդիպում մը մէկ կողմէ Անգարայի եւ միւս կողմէ` Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ… Եւ անշուշտ կարելի չէր չնկատել Ամերիկայի եւ Իսրայէլի «ուրուական»-ները նման հանդիպման մը շրջափակին մէջ:

Հանդիպման ամբողջական մանրամասնութիւնները դեռեւս հեռու են հանրութեան հասողութենէն: Մէկ բան յստակ կը թուի ըլլալ: Հանդիպման տիրապետող ձայնը ակնյայտօրէն Թուրքիան է: Ռուսիան եւ Իրանը կը թուին խօսիլ խնդրարկուի դիրքերէն: Անոնք կը ջանան Թուրքիան ներքաշել «դիւանագիտութեա՛ն» մէջ… Եւ ասիկա` այնպիսի ժամանա՛կ, երբ բոլոր յաղթաթուղթերը Թուրքիոյ ձեռքերուն մէջն են: Տիրակալը Էրտողա՛նն է` Հաքան Ֆիտանի ետին, եւ ինքն է, որ կը հաստատէ օրակարգը Սուրիոյ մէջ: «Թահրիր էլ Շամ»-ի կորովի ուժերը, որոնք կը կռուին նոր սպառազինութեամբ եւ պատրաստութեամբ (եւ գիտեն ռազմագետինը աւելի քան ոեւէ մէկը), եւ որոնք Թուրքիոյ արբանեակ զինուժը կը ներկայացնեն, կը գործեն Թուրքիոյ դրօշին տակ եւ կը գործեն կարծր գործօններով, մինչդեռ Ռուսաստան եւ Իրան յանկարծ կ՛ապաւինին դիւանագիտութեան զէնքերուն:

Մոսկուայի եւ Թեհրանի դիրքերէն դիտած` հանդիպումը (բնականաբար) արդիւնք չի տար: Մինչ այդ Սուրիոյ մայրաքաղաքը կ՛իյնայ «Թահրիր»-ի ուժերուն ձեռքը, եւ Ռուսիան ու Իրանը կը դադրին կացութեան որեւէ չափով տիրապետելէ: Հանդիպման օրն իսկ այս վերջինները գիտեն, որ Թուրքիան չէ իրենց տրամաբանական բանակցող կողմը: Բանակցութիւն չկայ իրենց միջեւ: Թուրքիան ուժն իսկ է: Եւ որեւէ շօշափելի տեղաշարժ այս կացութեան մէջ կրնայ գալ միայն իրենց իսկական զինարաններէն եւ առճակատման տարողունակ միջոցառումներով: Եւ` առանց փուճ հռետորաբանութեա՛ն: Հետեւաբար հարց է, թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը ինչպիսի՞ ներդրումի պատրաստ է այսօր Սուրիոյ մէջ…

Յիշենք, որ Ռուսիան շատ հեռու է Սուրիոյ հողին վրայ անզէն խաղացող մը ըլլալէ: Ան ունի երկու հզօր ռազմախարիսխներ Սուրիոյ մէջ: Մէկը` Թարթուսի եւ միւսը Լաթաքիոյ մէջ:  Անցեալին ան չէ վարանած պատժական հուժկու գործողութիւններով տէր կանգնելու իր այս շատ կարեւոր կենսատարածութեան: Նոյնպիսի յստակ զօրակցական քաղաքականութեան հետեւած է Իրան: Անոնք երբեք չեն խօսած մուրացիկի բառապաշարով: Եւ եղած են հետեւողական`  իրենց ռազմանիւթային հայթայթումներուն մէջ: Ասատ միշտ ալ ունեցած է Սուրիոյ այս երկու դաշնակիցները իր կողքին: Իսկ հիմա՞: Յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ: Ինչո՞ւ անոնք լքեցին իրենց դաշնակիցն ու զինուորը: Յարացոյցի ի՞նչ տարրերով տարբեր է ներկան անցեալէն… Ինչո՞ւ չկասեցուեցաւ Թուրքիոյ այս անակնկալ յաղթարշաւը ամէնէն արագ եւ վճռական քայլերով:

Դեկտեմբեր 7-ի ժողովը կը դիմակազերծէ խաղադաշտի մերկ իրականութիւնը: Մամլոյ իր յայտարարութիւններով Լաւրով մատնուած է «չքաւոր» դիւանագէտի աննախանձելի վիճակին: Կարելի՞ էր երբեւէ երեւակայել Մոսկուան թուղթէ շերեփով… Մոսկուայի կրաւորականութիւնը ինքնաբերաբար ցոլացում կը գտնէ այսօր Թեհրանի վարքագծին վրայ: Արտասուող արջն ու արտասուող առի՜ւծը միասնաբար յայտնուած են Թուրքիոյ առջեւ… Ի՜նչ ողբալի պատկեր:

Իմ կարծիքով, Սուրիան պէտք էր նախատեսել: Սուրիոյ ներկայ ողբերգութեան նախաբեմը Արցախի 44-օրեայ պատերազմն էր, որ բացայայտեց Մոսկուայի իրական քաղաքականութիւնը: Հոն էր, որ Մոսկուան դադրեցաւ տէր կանգնելէ Ռուսիոյ կայսերական շահերուն եւ գործեց Ալիեւի ֆինանսական կայսրութեան սերտ գործընկերոջ դիրքերէն: Մոսկուան հոն էր, որ ճակատագրական հարուած տուաւ Հիւսիս-Հարաւ առանցքին: Հոն էր, որ ան լքեց Հայաստանը, Իրանն ու Սուրիան` դրդուած իր խմբակային նեղ շահերէն: Հոն էր, որ ան ինքնաբերաբար նոր ուժականութիւն հաղորդեց Թուրքիոյ փանթուրքական ծրագիրներուն: Մոսկուան դադրեցաւ Մոսկուա ըլլալէ:

Կարելի է երկար վերլուծել ստեղծուած իրավիճակը եւ փորձել գուշակել անոր հետեւանքները տարածաշրջանի կայունութեան հրամայականի դիրքերէն: Մէկ հիմնական գործօն անպայման ինքզինք պիտի պարտադրէ իրերու ընդհանուր հանրագումարին: Մոսկուայի կրաւորականութեան անյետաշրջելի բնոյթը հզօր պայմանաւորող մը պիտի ըլլայ տարածաշրջանի քաղաքական իրականութեան: Մոսկուայի վարքագծով ստեղծուած ուժային պարապը տարածաշրջանին մէջ Մոսկուայի կողմէ տրուած մեծագոյն նուէրն է թուրքեւազրպէյճանական կայսերական ուժին: Եւ այս մէկը` ի հեճուկս Հայաստանի եւ ի հեճուկս տարածաշրջանի կայունութեան:

Այս առումով, Մոսկուա ինքնաբերաբար եւ գործնականօրէն կը միանայ Արեւմուտքի բեւեռին… Ան իր զէնքերը վար կը դնէ եւ կը դադրի դերակատար ըլլալէ: Ան նոյնիսկ կը դրուի արհամարհելի դիրքերու վրայ` Թուրքիոյ եւ իր արբանեակ «ժիհատական» ուժերուն առջեւ: Այսօր այս բեւեռին շրջանային դրօշակիրներն են Թուրքիան եւ Իսրայէլը, որոնց յաջորդ թիրախները ինքնաբերաբար Հայաստանն ու Իրանն են ըլլալու… Թէ ինչպէ՞ս կը մտնենք գործողութիւններու այդ բարդ փուլը, առայժմ հեռու է նախատեսութիւններու տեսադաշտէն: Արեւմուտք, Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը գործեն շահերու եւ փոխյարաբերութիւններու բազմամակարդակ առնչութիւններով եւ յաճախ հակասական թուող ռազմավարութիւններով: Բայց անոնք չեն դադրիր բնական դաշնակիցներ ըլլալէ եւ ռազմագետինը միասնաբար տնօրինելէ:

Եզրափակիչ հարցաշարը այս բոլորէն բխող` կը մնայ հետեւեալը: Ի՞նչ պայմաններու տակ կարելի է երեւակայել Ռուսաստանի վերագրոհը տարածաշրջանի կեանքէն ներս: Ի՞նչ գործօններ կրնան պայմանաւորել նմանօրինակ շրջադարձ մը եւ ի՞նչ բան իրագործելու առաջադրութեամբ: Եւ ո՞ր երկիրները պիտի կարողանան նախապատրաստուիլ այդ օրուան համար: Որո՞նք պիտի դիմանան համաշխարհային խորշակին: Որո՞նք պիտի կրնան մնալ քաղաքակրթութիւն կերտողի դիրքերուն վրայ: Ներառեա՛լ` մեր երկի՞րը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Սուրիան` Իբրեւ Միասնական Մէկ Երկիր, Պիտի Մնա՞յ Ասատի Վարչակարգին Տապալումը Ամբողջ Միջին Արեւելքին Վրայ Պիտի Ազդէ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?