Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիան` Իբրեւ Միասնական Մէկ Երկիր, Պիտի Մնա՞յ Ասատի Վարչակարգին Տապալումը Ամբողջ Միջին Արեւելքին Վրայ Պիտի Ազդէ

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս է խորագիրը Ճէոֆորի (GEOFOR)` ռուսական աշխարհաքաղաքական անկախ նախատեսութեան կեդրոնի 9 դեկտեմբեր 2024-ի խմբագրականին (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` երբեմն միջամտութիւն կատարելով, մերժելով կարգ մը պատմական, համայնքային եւ յարանուանական տեսակէտներն ու ընդհանրացումները` շեղագիր*.

«Մի՛այն երկու շաբաթէն տապալեցաւ Ասատի իշխանութիւնը, որ հիմնած էր Հաֆեզը` Պաշշար Ասատի հայրը: Անոր բանակը գրեթէ առանց կռիւի յանձնուեցաւ` փախչելով եւ զէնքերը վար դնելով: Ինքը` Սուրիոյ նախագահը, նախ անհետացաւ, ապա ընտանիքին հետ յայտնուեցաւ Ռուսիոյ մէջ, ուր անոնց ապաստան շնորհուեցաւ»: Սուրիոյ նախագահին անձին շուրջ թաւալող այս մեկնաբանութեան բառապաշարը անաչառ չէ*:

1. Նախագահ Հաֆեզ Ասատի տապալած արձանը կը քաշկռտուի փողոցը: 2. Սուրիոյ հիւսիսը, Այն Իսայի թրքական զօրակայանի մը մէջ, զինեալներ:

«Այս պահուս, բոլոր միջազգային յայտնի լրատուամիջոցները կը հեռարձակեն նկարներ, ուր պատկերուած են յեղափոխական զանգուածները, որոնք կը տապալեն յուշարձաններ` տօնական մթնոլորտի մը մէջ, կից զարնելով նախագահին հօր արձանին: Դիպաշարը շատ նման է Իրաքի եւ Լիպիոյ 2010-ի «Արաբական գարուն»-ներուն: Քաշանով (թրաքթոր) քաշուող տիրակալի մը քանդուած արձանին վրայ նստիլը արաբական յեղափոխութիւններու ժամանակ գրեթէ դասական ազգային զբաղում է:

«Իմ կարծիքով, իրադարձութիւններու այս շրջադարձը հիմնականին մէջ կանխորոշուած էր եւրոպական պետութիւններուն կողմէ, երբ անոնք արհեստական կերպով Միջին Արեւելքի երկիրները ստեղծեցին: 1916-ին բրիտանացի եւ ֆրանսացի դիւանագէտները ձեռք բերին Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը, որ սահմանեց ժամանակակից Սուրիոյ սահմանները: Քարտէսի վրայ գծելով այս սահմանները` անոնք ցանեցին անկայունութեան սերմերը, որոնք տակաւին կ՛արձագանգեն:

«Տարբեր ազգային փոքրամասնութիւնները մէկ կեդրոնական իշխանութեան տակ դնելը` ալեւիները, սիւննիները, քիւրտերը, տիւրզիներն ու քրիստոնեաները, որոնք արդէն իրարու հանդէպ խորապէս թշնամացած էին, լրիւ կամայական որոշում էր: Աւելի մեծ խնդիր յառաջացաւ, երբ ալեւիները, ներառեալ` Ասատի տոհմը, որոնք կը կազմեն բնակչութեան մի՛այն 10-15 տոկոսը, իշխեցին սիւննի մեծամասնութեան վրայ»: *1949-էն ի վեր, զինուորական 7 յեղաշրջումներէ ետք, 1971-էն սկսեալ Պաաս կուսակցութի՛ւնն է, որ կ՛իշխէ Սուրիոյ մէջ, նախ խորհրդային, ապա` ռուսական հովանիով, այս բաժինը բոլորովին անտեսուած է: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ. արդեօք որեւէ երկրի մէջ մեծամասնութիւն կազմող համա՞յնքը պէտք է իշխէ, կամ` իւրաքանչիւր համայնք պէտք է իր երկի՞րը ունենայ*:

«Յստակ էր, որ բոլորը դժգոհ էին, եւ որ, ուշ կամ կանուխ, կափարիչը պիտի պայթէր այս հակասութիւններով եռացող կաթսային: Ճի՛շդ այդպէս ալ եղաւ: Զարմանալի չէ, որ Ֆրանսան` այն պետութիւններէն մէկը, որ օգնեց ստեղծել նման անկայուն Սուրիա մը, արեւմտեան առաջին երկիրն էր, որ շնորհաւորեց ընդդիմութիւնը` Ասատի իշխանութեան տապալումին առիթով: Ֆրանսան հաւանաբար միա՛կ արեւմտեան երկիրն է, որ այս «յեղափոխութեան» հետ ուղղակի կապ չունի, մինչ Թուրքիան, Ամերիկան, Իսրայէլն ու Բրիտանիան կը կանգնին ատոր ետին, առաջին երեքը բացայայտ զինուորական միջամտութիւնով` սուրիական հողին վրա՛յ իսկ գտնուելով*:

«Աւելի՛ն. պէտք չէ մոռնալ, որ արմատական սիւննիները կ՛ատեն արմատական շիիները, եւ շիի Իրանին միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ ստեղծեց արիւնալի հակամարտութեան մէկ նախադրեալ եւս: Զարմանալի չէ, որ երբ իրանցի շիի արմատականները դուրս մղուեցան, սիւննի արմատականները ներխուժեցին, որոնց կ՛աջակցին Թուրքիան եւ Քաթարը` ՏԱԷՇ, Քայիտա, Հայըաթ Թահրիր ալ-Շամ (HTS) եւ «Իսլամ եղբայրներ», որոնք բոլորն ալ արգիլուած են Ռուսիոյ մէջ»: Այստեղ ժամանակագրական սխալ կայ: Երբ որ արմատակա՛ն իսլամ խմբաւորումները նախ յարձակում գործեցին Սուրիոյ վրայ, այն ատեն Իրանի համակիր ուժերը միջամտեցին*:

«Այսօր Սուրիոյ մէջ երեք հիմնական ուժեր կան (բոլորը` զինուած*). հիւսիսը` թուրք-քաթարական խմբաւորումները` HTS-ը եւ Սուրիոյ «ազգային բանակ»-ը (SNA)` սուրիական զինուած ընդդիմութիւնը: Արեւելքը կան քիւրտերուն գլխաւորած «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ը (SDF), որոնց կ՛աջակցին ամերիկացիները, անոնք կ՛ուզեն Քիւրտիստանի անկախ պետութիւն մը ստեղծել: SDF-ը գրաւած է Ասատի (օրինական*) բանակին կողմէ լքուած տարածքները` աւելցնելով իր «հսկողութեան գօտին», Սուրիոյ շուրջ 40 տոկոսը, որ խորապէս դժգոհ ձգած է Թուրքիան:

«Հարաւը` «Սուրիոյ ազատ բանակը» եւ «Հարաւային Ճակատ»-ի տեղական ուժերը կը տիրեն: Այլ խօսքով, այժմ միացեալ Սուրիա մը գոյութիւն չունի եւ կասկածելի է, որ երկիրը պիտի վերամիաւորուի իբրեւ մէկ պետութիւն:

«Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ ծովեզերեայ շրջանը` ալեւիներու գլխաւոր բնակավայրը, ուր տեղակայուած են ռուսական Հումէյմիմ օդուժի զօրակայանը եւ անոր ռազմածովային խարիսխը: Մէկ կողմէ ալեւիները, որուն կը պատկանի Ասատ, պէտք է կատաղաբար դիմադրեն, քանի որ Միջին Արեւելքը չի ներեր ոեւէ մէկը, որ կապ ունի գահընկէց իշխող տոհմին հետ: Միւս կողմէ` տեղեկութիւններ կան, որ այնտեղ ալ ապստամբութիւններ սկսած են: Կ՛ենթադրեմ, որ ռուսական խարիսխներուն ճակատագիրով մեր դիւանագէտները կը զբաղին, երբ յստականայ, թէ ո՛վ է իշխանութեան ղեկին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կապի մէջ է Սուրիոյ բոլոր ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ:

«Տրամաբանական է ենթադրել, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական խարիսխներուն կարգավիճակը կարելի է սակարկութեան առարկայ դարձնել Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն, որ կրնայ զայն օգտագործել իբրեւ լծակ` Ռուսիոյ հետ բնական կազի շահաւէտ պայմանագրեր ապահովելու համար: Ոչ միայն կազի*:

«Սուրիոյ մէջ կան նաեւ զինուած տիւրզի խմբաւորումներ: Անոնք ժամանակին հաւատարիմ էին Ասատին, սակայն երբ իրենց գիւղերը ռմբակոծուեցան Հըզպալլայի կողմէ, որ կը կռուէր Ասատի հետ, անոնք վարչակարգին դէմ դարձան: Այստեղ կը սխալի հեղինակը: Այդ մի՛այն մէկ դէպք էր, եւ Իսրայէլն էր ռմբակոծողը, որ անմիջապէս տիւրզի երեւելիներն ալ հաւաստեցին*:

«Իրավիճակը այնքան խառնակ է, որ կրնայ յանգեցնել բոլորը բոլորին դէմ պատերազմի` շղթայական հակադարձութիւն յառաջացնելով ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Օրինակ, «Ժէյշ էլ Ատլ»-ը` պալուչի կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն է Իրանէն անկախ Պալուչիստան մը ստեղծել, կրնայ իրանեան ընդդիմութեան միանալով` տապալել Իրանի վարչակարգը: Եմէնի մէջ, ուր իրանամէտ հութիներէն դժգոհ շատ մարդիկ կան, Սուրիոյ յաջողած ընդդիմութիւնը կրնայ վարակիչ դառնալ: Անկարելի չէ, որ ամբողջ ճակատով սիւննի-շիի պատերազմ մը բռնկի:

«Պէտք է ընդունիլ, որ Իրանի շուրջ իրավիճակը սկսած է դառնալ ծայր աստիճան աննպաստ: Երբ իրանեան բոլոր ուժերը լքեցին Սուրիան, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի բարձրաստիճան անդամ մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին ըսած է. «Սուրիոյ անկումը նման է Պերլինի պատի փլուզումին` իրանեան դիմադրութեան առանցքին համար»: Լիբանանի Հըզպալլան այժմ լիովին մեկուսացուած է իր հովանաւոր եւ գաղափարական ներշնչումէն` Իրանէն:

«Յստակ է, որ շահագրգիռ կողմերէն մէկն է Իսրայէլը, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն, քանի որ հարեւան երկիր է: Մէկ կողմէ Իսրայէլը կ՛ուզէ Իրանի զօրքերը` իր հակառակորդները, ամբողջութեամբ  Սուրիայէն դուրս մղուած տեսնել, միւս կողմէ` յստակ չէ, թէ իշխանութեան եկած Թուրքիոյ համակիրները ի՛նչ պիտի ընեն:

«Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Իսրայէլի օդուժը արդէն կը ռմբակոծէ զէնքի լքուած պահեստները, որպէսզի անոնք ընդդիմադիրներուն ձեռքը չանցնին: Իսրայէլի բանակը պաշտօնապէս հաստատած է, որ թէեւ չի միջամտեր ընթացող իրադարձութիւններուն, սակայն ցամաքային ուժեր տեղակայած է թափարգել գօտիին` Կոլանի բարձունքներուն, իսրայէլեան համայնքներուն ապահովութեան համար:

«Աւելի՛ն. Իսրայէլը արդէն զգուշացուցած է թրքամէտ խմբակը (HTS). «Եթէ դուք անցնիք 1974-ի զինադադարի գիծը, մենք կը ստիպուինք գործել ձեր դէմ»: Իսկ Իսրայէլի սպայակոյտի պետը յայտարարած է, որ Իսրայէլը «յարձակողական պատասխան» պիտի տայ Սուրիոյ մէջ: Թէլ Աւիւ կը հասկնայ, որ ստիպուած է Էրտողանի հետ բանակցիլ, որուն հետ յարաբերութիւնները այժմ իտէալական չեն:

«Եւրոպան ալ լուսանցքին պիտի չմնայ: Եթէ Թուրքիան, որ այժմ 3 միլիոն սուրիացի գաղթականներ ունի, որոշէ զանոնք տուն ղրկել, Եւրոպան կրնայ դիմագրաւել մէկուկէս միլիոն նոր սուրիացի գաղթականներու հոսք: Ցարդ Եւրոպան ընդունած է Ասատին դէմ եղող գաղթականներ, սակայն այժմ Ասատի կողմնակիցները նոյնպէս պիտի փախչին: Ասիկա մեծ խնդիրներ կը ստեղծէ, եթէ հակառակորդ խումբերը հանդիպին եւրոպական երկիրներուն մէջ:

«Նոյնիսկ ուքրանացիները ներքաշուած են այս արիւնալի իրավիճակի մէջ, որոնք պատրաստ են օգնելու որեւէ կողմի, որ կրնայ թէկուզ նուազագոյն վնաս հասցնել ռուսական շահերուն: Ի պատասխան` Իրանը Ուքրանիայէն պահանջած է անյապաղ դադրեցնել զէնքի մատակարարումը Սուրիոյ ահաբեկիչներուն:

«Նոր Սուրիոյ մէջ յաջորդ քայլը ի՞նչ է. արդեօ՞ք Սուրիան պիտի մնայ իբրեւ պետութիւն: Առայժմ ծայրայեղ-ժիհատական HTS խմբաւորման առաջնորդ Ապու Մոհամետ ալ Ժոլանին, որ գլխաւորեց Սուրիոյ վրայ թրքական զինեալ խմբաւորումին յարձակումը, միջազգային լրատուամիջոցներուն տուած իր առաջին հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Յեղափոխութեան նպատակը Ասատը տապալելն է: Պիտի ստեղծենք ժողովրդական խորհուրդի վրայ հիմնուած հաստատութենական կառավարութիւն մը, որ մէկ իշխանաւորէ կախեալ չըլլայ, որպէսզի կամայական որոշումներ չկայացուին»:

«Սակայն, դժբախտաբար, այս հրաշալի նոր ժողովրդական կառավարութեան հաճելի հաւաստիացումներուն, եւ անձերուն ետին կանգնած, ի յայտ կու գան պետութիւններ, այս պարագային` Թուրքիոյ յստակ նպատակները: Նախագահ Էրտողան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնող առաջնորդ:

«Մեկնաբանելով սուրիական վարչակարգին տապալումը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ըսած է. «Անցումային շրջանին մենք պէտք է ուշադիր ըլլանք: Մենք կապեր ունինք տարբեր խմբաւորումներու հետ` թոյլ չտալու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն,  ինչպիսիք են «Իսլամական պետութիւնը» եւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը, օգտուելու իրավիճակէն»: Թուրքերը կտրականապէս դէմ են քրտական պետութեան գաղափարին:

«Ես կ՛ակնկալեմ չարամիտ մեկնաբանութիւններ, թէ` Ռուսիան չկրցաւ փրկել Ասատին վարչակարգը: Հակառակ անոր որ Մոսկուան տարիներ շարունակ անոր օգնեց, որ գոյատեւէ, Պաշշարը երբե՛ք չէ հասկցած, որ 21-րդ դարուն բացառապէս հակառակորդներուն ֆիզիքական ոչնչացման վրայ քաղաքականութիւն հիմնելը պետութեան զարգացման համար փակուղի կը տանի: Ան չկրցաւ օգտուիլ ժամանակակից պատմութեան դասերէն: Փորձեր չեղան բոլոր հակառակորդ կողմերուն հետ կապեր հաստատելու, համատարած փտածութիւնը յաղթահարելու, կամ ժողովրդավարական բարեփոխումներ իրականացնելու: Իր ինքնագոհութիւնը, թէ` «Ես դաշնակիցներ ունիմ` Իրան եւ Ռուսիա, ուստի իմ խնդիրներս ամբողջութեամբ նաեւ անոնցն են, հետեւաբար ես ոչինչ կրնամ ընել» կեցուածքը յանգեցուց անոր քաղաքական անկումին:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի Ամերիկային,  նախագահ Թրամփ արդէն ըսած է, որ Սուրիոյ պատերազմը «մեր պատերազմը չէ», բայց ամերիկացիները նպատակ չունին լքելու Սուրիան: Անոնք զգուշացուցած են, որ ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ որեւէ յարձակման պիտի հակադարձեն:

«Յստակ է, որ եթէ դէպքերը Սպիտակ տան աննպաստ զարգանան, ապա ամերիկացիները աւելի աշխուժ կերպով կը միջամտեն քիւրտերուն միջոցով` իբրեւ դաշնակիցներ: Այսպիսով, Սուրիոյ մէջ շահեր ունեցող բոլոր կողմերը` Ամերիկան, Քաթարը, Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան, այժմ կը բանակցին: Այս բանակցութիւններուն արդիւնքը կ՛որոշէ, թէ արդեօք Սուրիան կը մնա՞յ միասնական երկիր, թէ՞ կ՛ընկղմի կրօնական եւ քաղաքացիական մը անվերջ պատերազմի մէջ»: Վերջ:

Արդէն շարք մը ճշդումներ կատարեցի, թէեւ շատ աւելին կարելի էր մատնանշել: Ընդհանուր առմամբ, սուրիացիի մը, կամ լիբանանցիի մը համար յօդուածին մէջ նորութիւն մը չկայ, սակայն ակնյայտօրէն յօդուածը չքմեղանք մըն է ռուսական կողմին` Միջին Արեւելքի մէջ իր դաշնակիցը կորսնցնելուն, եւ` յանցանքը մի՛այն նախագահ Ասատին վրայ բեռցնելու:

11 դեկտեմբեր 2024

———–

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ:

  1. https://medium.com/@geofor/will-syria-remain-a-unified-country-4c50ca4910cb

 

 

Նախորդը

Հանդիպում` Տոհայի Մէջ

Յաջորդը

Կորուսեալ Կիլիկիոյ Բեմական Արքաներ

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?