Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահը Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակեց

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Մելանի Օ՛Պրայըն հաստատեց, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած են ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք գործադրուած են խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ` համատարած կամ համակարգուած յարձակման շրջանակներու մէջ. «Հայերը, անշուշտ, կրնան պնդել, որ ատիկա տեղի կ՛ունենար Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կարելի՞ է արդեօք 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած գործողութիւնները որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն, Մելանի Օ՛Պրայըն նկատել տուաւ, որ այն հիմնական միջազգային յանցագործութիւնները, որոնց մասին կը խօսուի` ռազմական յանցագործութիւններ, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ եւ ցեղասպանութիւն, բոլորն ալ տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարբեր պարունակներու մէջ եւ երբեմն ալ` տարբեր ժամանակներու:

Ինչ կը վերաբերի սեպտեմբեր 2023-ին, արցախահայութեան նկատմամբ ցեղային զտումներուն, ըստ անոր, ցեղային զտումներու իրաւական եզրոյթ գոյութիւն չունի: «Անիկա իրականութեան մէջ` իբրեւ յանցագործութիւն, գոյութիւն չունի Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան կամ պայմանագիրին մէջ: Մեր հարցերէն մէկը այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնանք զայն սահմանել, որպէսզի կարենանք դատական հետապնդում մը իրականացնել անոր նկատմամբ: Օրինակ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին արտաքսումը կրնանք անուանել յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տար Միջազգային քրէական դատարանին` իրաւասութիւն ունենալ այդ յանցագործութեան նկատմամբ, որովհետեւ ժողովուրդը Լեռնային Ղարաբաղէն պարզապէս փախուստի դիմած է դէպի Հայաստան:  Ցեղասպանութեան մասին մտածելով` պէտք է նշել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարման ընթացքին տեղի ունեցածին մասին: Մենք կը խօսինք ուտելիքի բացակայութեան, առողջապահութեան եւ դեղորայքի բացակայութեան մասին: Ասոնք ցեղասպանութեան հիմնական յատկանիշներն են: Ասիկա ֆիզիքական ոչնչացման համար նախատեսուած պայմաններ ստեղծելու յանցագործութիւն է: Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի քանի մը բնակիչներ մահացան սովի պայմաններու մէջ: Մենք առնուազն կրնանք ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, մինչեւ սեպտեմբեր 2023, ցեղային զտում, ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է», յիշեցուց Օ՛Պրայըն:

Ըստ անոր, այս փաստարկները կարելի է բերել, հակառակ անոր որ դժուար պիտի ըլլայ գտնել ձեւ մը, որով կարելի պիտի ըլլայ իրականութեան մէջ ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան ենթարկել:

«Երբ կը խօսինք Լեռնային Ղարաբաղի ցեղասպանութեան մասին, կարեւոր է նաեւ մտածել աւելի մեծ պատկերին մասին: Իսկ աւելի մեծ պատկերը կը ներառէ Ազրպէյճանի դպրոցներու դասագիրքերը, որոնք լեցուած են հայերու դէմ ատելութեան խօսքով: Մենք նաեւ նկատած ենք, թէ ինչպէ՛ս կ՛ոչնչացուին հայկական մշակութային արժէքները` վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը: Հակառակ անոր որ մշակութային ցեղասպանութեան յստակ յանցագործութիւն չկայ,  այդուհանդերձ, այս բոլորը կը նպաստեն ցեղասպանութեան յանցագործութեան», նշեց Օ՛Պրայըն:

Անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Օ՛Պրայըն ըսաւ, որ Անգարայի այս պատմութիւնը մնայուն է եւ կը շարունակէ պահպանուիլ:

«Աւելի լայն շրջագիծի մը մէջ մտածելով` նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան համար երբեք պատասխանատուութիւն չէ եղած` ըլլայ այդ քրէական դատարանին մէջ, թէ այլ գործիքակազմերով: Կը կարծեմ, թէ անիկա օրինակ մըն է, թէ ինչո՛ւ հաշուետուողականութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ հաշուետուողականութիւնը կրնայ օգնել դադրեցնելու ժխտումը: Կը կարծեմ, թէ այս հարցին մէջ նոյնպէս կարեւորը ճանաչումն է: Գիտենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է շարք մը պետութիւններու կողմէ, ներառեալ` Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ երկիրներու: Բայց շատ ուրիշներ, ներառեալ իմ հայրենի երկիրը` Աւստրալիան, չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը կարծեմ, թէ այդ չճանչնալը կը քաջալերէ Թուրքիան` շարունակելու հերքել զայն: Առ այդ, ես կը խրախուսեմ բոլոր պետութիւնները` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ գործելու միջոց», ընդգծեց Օ՛Պրայըն:

Անդրադառնալով ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար երկիրներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան` միութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ կառավարութիւններու համագործակցութիւնը եւ պետութիւնները գործելու ստիպելը մեծագոյն մարտահրաւէրներն են, որոնց միջազգային հանրութիւնը կը բախի այս պահուն, մանաւանդ որ բազում են քաղաքական նկատառումներ:

«Օրինակ, մենք կը տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ Վլատիմիր Փութինի կալանաւորման հրամանին, բայց կը դատապարտեն Միջազգային քրէական դատարանին` Պենիամին Նեթանիահույի ձերբակալման հրամանը: Հարցը այն է, որ օրէնքները կան, մենք ունինք զանոնք, մենք ունինք ՄԱԿ-ի, մենք ունինք Արդարադատութեան միջազգային դատարան, ունինք Միջազգային քրէական դատարան, ուստի ունինք այս գործիքակազմերը, բայց խօսքը այն մասին է, որ պետութիւնները պէտք է հետեւողական ըլլան միջազգային իրաւունքի պահպանման եւ իսկապէս ընեն այն, ինչ որ բարոյապէս ճիշդ է, օրինական է եւ թոյլ չտան, որ քաղաքական նկատառումները ըլլան գերակայ: Այդ մեծ հիասթափութիւն է», ըսաւ Օ՛Պրայըն` խրախուսելով, որ պետութիւնները, կառավարութիւնները ճիշդ վարուին, երբ խօսքը կը վերաբերի միջազգային հարթակի վրայ գործողութիւններուն, որոնք կապուած են ռազմական գործողութիւններու եւ վայրագութիւններու կանխման ու դադարեցման:

Օ՛Պրայըն նաեւ խօսք առաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ միջազգային համաժողովին` շեշտելով, որ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը պէտք է ճանչցուի, դատապարտուի եւ կանխարգիլուի միջազգային գործիքակազմերով: Ան յայտնեց, որ միջազգային արդարադատութիւն իրականացնող դատարանները պէտք է հետեւին գործընթացներուն, որովհետեւ խօսքը մէկ ցեղասպանութեան մասին չէ, որ տեղի կ՛ունենայ մէկ վայրի մէջ, այլ նաեւ զանգուածային ոճրագործութիւններու մասին է, որոնք տեղի կ՛ունենան բոլոր ժամանակներուն:

Ըստ անոր, շատեր կը կեդրոնանան զանգուածային սպանութիւններուն վրայ, սակայն «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կը ներառէ ոչ միայն սպանութիւնները, այլ նաեւ` այն յանցագործութիւնները, որոնք կը վերաբերին մարդոց նուաստացման ու զրկանքներուն, որոնք կրնան յանգեցնել զանգուածային սպանութիւններու:

«Դատական ատեանները, յատկապէս` Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, կրնան տալ որոշումներ, որոնք պիտի կանխեն հետագայ զանգուածային ոճրագործութիւններն ու ցեղասպանութիւններու շարունակականութիւնն ու ընդլայնումը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ անպատժելիութիւնը պատճառ դարձած է, որ այսօր նոր ցեղասպանութիւններ գործուին:

Ըստ Օ՛Պրայընի, այն երկիրները, որոնք ստորագրած են Հռոմի կանոնադրութիւնը, պէտք է անվերապահօրէն կատարեն անոր բոլոր դրոյթները եւ իրենց տարածքներուն մէջ ձերբակալեն ու միջազգային արդարադատութեան յանձնեն պատերազմական յանցագործներն ու ցեղասպանական գործողութիւններ կատարած ոճրագործները, եւ այդպիսով իսկ կատարեն Միջազգային քրէական դատարանի ծիրին մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները: Իբրեւ օրինակ` O՛Պրայըն վկայակոչեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահույի եւ այդ երկրի պաշտպանութեան նախկին նախարարի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ կայացուած վճիռները, սակայն ափսոսանքով նշեց, որ որոշ երկիրներ յայտարարած են զանոնք չձերբակալելու մասին, եթէ անոնք այցելեն այդ երկիրները. ասիկա կը վկայէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները չկատարելու մասին:

«Ճնշման ընդհանուր գործիքակազմի բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր ոճրագործութիւններու: Ցաւօք որոշ երկիրներ չեն հետեւած Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագիրի դրոյթներուն, եւ անոնք միջազգային հանրութեան կողմէ չեն արժանացած որեւէ պարտադրանքի: Բոլոր երկիրները, որոնք մաս կը կազմեն միջազգային դատական համակարգին, պէտք է ճնշում գործադրեն այն պետութիւններուն վրայ, ուր ի գործ կը դրուին զանգուածային ոճրագործութիւններ, ստիպելով, որ այդ պետութիւնները հետեւին իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Ցեղասպանութիւններու պարագային,  հաւասարապէս մեղաւոր են թէ՛ իրականացնողները եւ թէ՛ անոնց վրայ աչք փակողները: Համոզուած եմ, որ բոլորս միասին կրնանք ստեղծել դատական համակարգ եւ ուժեղ գործիքակազմեր, որոնք պիտի կանխեն ցեղասպանութիւնները», եզրափակեց Օ՛Պրայըն:

 

Նախորդը

Կորուսեալ Կիլիկիոյ Բեմական Արքաներ

Յաջորդը

Սուրիոյ Ճակատագիրը «Կը Յստականայ»…

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?