Յիսնակ` Պատրաստութեան Եղանակ
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ «Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով` Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին» (Գաղ. 4:4): Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու ժամանակաշրջանը կը կոչուի Յիսնակ: Յիսնակի յիշատակութիւնը` որպէս մասնայատուկ եղանակ, սկսաւ Ֆրանսայի մէջ յամի Տեառն չորրորդ դարուն: Ատեն մը անիկա կը տարուբերէր չորսէն եօթը շաբաթներու միջեւ, մինչեւ` վեցերորդ դար, երբ վերջնականապէս հաստատուեցաւ չորս շաբաթներու պահեցողութեան աւանդութիւնը, որուն...




















