Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքակիրթ Մողէսը

December 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ- ԻՍԿԻԿԵԱՆ

Թոռնիկս` Մայքըլը, անակնկալ յուզմունքով ու զայրոյթով դիմեց ինծի. «Նանա՛, ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ մեռցուցիր, դուն չե՞ս գիտեր, որ մողէսը վնաս չի հասցներ»:

Մայքըլին կը նայիմ եւ չեմ հաւատար, որ ան կու լայ: Վայրկեանի մը մէջ իր մեղրագոյն աչքերը արցունքով ողողուած են եւ` կաս- կարմիր դարձած:

Զարմացած կը պատասխանեմ. «Մայքը՛լ, հոգի՛ս, մողէսը սենեակս պիտի մտնէր, եւ դուն գիտես, որ քոյրդ` Լորին, երբ միջատ մը տեսնէ, սարսափահար կը ճչայ»:

Մայքըլին նայուածքէն կ՛իմանամ, որ տուած պատճառաբանութիւնս համոզիչ չէ: Ան բարձրաձայն կը հաստատէ. «Նանա՛, առանց մեռցնելու` կրնայիր բռնել մողէսը եւ բակ վերադարձնել»:

Առաջին անգամն է, որ թոռնիկիս դիմաց կանգնած եմ յանցագործի կարգավիճակի մէջ եւ ինքզինքս «պըճըլիկ» կը զգամ իմ գործած «մեծ» մեղքիս համար: Ինքնարդարացումի միջոց չունիմ. ի՛նչ ալ ըսեմ` քաւութեան շնորհքէն զրկուած եմ:

Կը մտնեմ սենեակս.  այդ բարակ, չորս սանթիմեթր մողէսը, զոր քիչ առաջ սատկեցուցի ակնթարթային բնազդովս, այժմ խոհերու տարափ մը արթնցուցած է մօտս: Հակառակ անոր որ Մայքըլ կողքի սենեակն է, բայց ես միտքովս կը խօսիմ հետը:

 

«Մայքը՛լ, լաւ գիտեմ, որ մողէսին կորուստը մեծ ցաւ պատճառեց քեզի: Բնական է այդ, քանի որ դուն զաւակն ես այս քաղաքակիրթ երկրին, ուր վաղ հասակէդ սորված ես խնայել միջատներն ու անասունները, մինչ ես հասակ առած եմ միջավայրի մը մէջ, ուր մողէսներուն ու ճպուռներուն հետ կոպտութեամբ կը վարուէինք, որովհետեւ ծանօթ չէինք քաղաքակիրթ երկիրներու քարոզչութեան: Բարեբախտաբար հետագային իմացանք անասուններու պաշտպան հաստատութիւններու մասին եւ ծանօթացանք Պրիժիթ Պարտոյին…

«Փա՛ռք» քաղաքակիրթ երկիրներուն, ուր անասուններուն եւ մարդոց իրաւունքները կը պահպանուին, իսկ առաւելաբար` մանուկներուն իրաւունքները: Առանձնաշնորհեալ են քաղաքակիրթ աշխարհի մանուկները, որոնց համար արժանի կը նկատուին` երջանիկ մանկութիւնը, գերհանգիստ պայմանները, ճոխ ու ընտիր խաղալիքները:

«Մայքը՛լ, դուն արդէն տասներեք տարեկան պատանի ես եւ ատակ` շատ մը երեւոյթներ ըմբռնելու: Եկուր` քեզի պատմեմ քաղաքակիրթ աշխարհի «երկրորդ երեսին» մասին, որ քեզի եւ շատերուն համար կը մնայ մութ ու անյայտ:

«Դուն գիտե՞ս, Մայքը՛լ, որ այսօր քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներ պատերազմներ կը ստեղծեն աշխարհի տարածքին` օգտագործելով այլազան լոզունգներ եւ պատրուակներ: Անոնք զէնք ու զինամթերք վաճառելով, կազի եւ քարիւղի հորեր իւրացնելով կը հարստացնեն իրենց երկրին տնտեսութիւնը: Լա՛ւ իմացիր, Մայքը՛լ, որ պատերազմներու ընթացքին ոչ միայն միջատներ եւ անասուններ կը սատկին, այլ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ կը ջարդուին, որոնց շարքին` անմեղ մանուկներ: Ռումբերու անգութ տարափին տակ ժողովուրդներ սարսափահար կը հիւծին, կը դառնան տնանկ, վիրաւոր, որբ, իսկ մեծաթիւ դիակներ չեն արժանանար սոսկ հողաթումբի մը:

Կազա
Լիբանան

«Դուն գիտե՞ս, Մայքը՛լ, որ Աստուած բոլոր մանուկները հաւասար իրաւունքներով ստեղծած է, բայց անգութ եւ ռազմասէր բռնակալներ կ՛անտեսեն այդ իրականութիւնը եւ յաճախ Աստուծոյ անունով ոճիրներ կը գործեն: Դժբախտաբար քաղաքակիրթ աշխարհի ջատագովներ կը զլանան տեսնելու ցաւալի իրականութիւնը, նոյնպէս մարդկային իրաւանց պաշտպան հաստատութիւններ կոյր եւ խուլ կը ձեւանան, եւ կամ առաւելագոյնը` թոյլ ճիչերով կ՛արձագանգեն:

«Դուն գիտե՞ս, Մայքը՛լ, որ ես այսօր մեծ զգուշութեամբ կ՛ընտրեմ ձեզի պատմելիք եւ ընթերցելիք նիւթերս , քանի որ քաղաքակիրթ աշխարհը կը թելադրէ խնայել ԻՐ մանուկներուն երեւակայական եւ զգացական աշխարհը: Կ՛արգիլէ հեքիաթներ ու պատմուածքներ, որոնց մէջ վայրագութեան, որբութեան եւ դառն իրականութեան պատկերներ կան: Կը մտահոգուի, որ դաժանութեան արարքները ակամայ կ՛ընդօրինակուին մանուկներու կողմէ եւ կը խաթարեն անոնց նկարագիրի առողջ կազմաւորումը: Սխալ չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը «մանրուքներ» կը թելադրէ , մինչ քայլ մը անդին ինք հսկայ եւ աններելի սխալներ կ՛արձանագրէ:

«Դուն գիտե՞ս, Մայքը՛լ, ես ու իմ սերնդակիցներս Կարմիր գլխարկիկին եւ կացինահարուած գայլին հեքիաթով մեծցանք: Որպէս օրօր` Հենսըլ եւ Կրեթըլ որբուկներուն տառապանքը լսելով քունի մտանք, սակայն մեզմէ ոչ մէկը ուրիշին վրայ կացին բարձրացուց, կամ Հենսլին բանտարկող պառաւին նման մարդակեր դարձաւ եւ կամ որբուկի կերպարով խեղճացաւ: Ընդհակառա՛կը, մեր ակնոցով դիտեցինք ու դատեցինք բարին ու չարը, քննադատեցինք բրտութիւնն ու անխղճութիւնը: Կարեկցանքի հոգիով մօտեցանք որբին, տկարին, ծերին…

«Դուն գիտե՞ս, Մայքը՛լ, որ ես իմ մանկութեանս յաճախ լսած եմ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեծ հօրս, մեծ մօրս եւ այլ վերապրողներու ոդիսականը: Հոն շատ պատկերներ կային գլխատումի, կեղեքումի բռնաբարութեան…, բայց մենք ոչինչ ընդօրինակեցինք այդ պատկերներէն: Այո՛, ատելութիւն ապրեցանք, բայց մեր վերապրող երէցները դրական օրինակներ դարձան տոկունութեան, աշխատասիրութեան եւ անկոտրում կամքի: Անոնք իրենց ապրելաձեւով ու զոհողութիւններով սորվեցուցին մեզի պահպանել` հայ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը…

«Ներո՛ղ եղ՛ր սիրելի՛ Մայքըլ, որ ուշադրութեանդ յանձնեցի բարդ եւ տխուր իրականութիւններ:

«Բարեբախտաբար դուն կը պատկանիս մողէսներու եւ մանուկներու պաշտպան «քաղաքակիրթ» աշխարհին, իսկ ես` մեծ մայրդ, կու գամ Միջին Արեւելքէն, հոն, ուր մողէսները եւ մանուկները անխղճօրէն կը սպաննուին…»:

 

 

Նախորդը

Գործել Անմիջականի Օրակարգով Վատ Չէ, Հիմնականը Եւ Գալիքը Անտեսել` Ապիկարութիւն

Յաջորդը

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.