Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաքինասէր Մծբնայ

December 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ
Յաւուր տօնի Սրբոյն Յակովբայ Մծբնայ Հայրապետին

«Սա ցանկացաւ գնալ, ուր հանգեաւ տապանն ի լեառնս Արարատայ: Եւ իբրեւ եհաս ի ստորոտ լերինն, ննջեաց, զի էր աշխատեալ: Եւ առեալ հրեշտակն տախտակ մի եւ բերեալ եդ ընդ սնարօք սրբոյն եւ ասէ. «Ոչ է պարտ մարդոյ տեսանել զտապանն, արդ, առ զտախտակդ զայդ` ըստ փափաքանաց քոց, եւ դարձի՛ր ի տուն քո» (Յայսմաւուրք, Դեկտ. ԺԵ., քաղ. Է.)

([Սուրբ Յակոբ] փափաքեցաւ այցելել [այն վայրը], ուր [Նոյեան] տապանը Արարատ լերան վրայ հանգչած էր: Երբ լերան ստորոտը հասաւ, քնացաւ, որովհետեւ յոգնած էր: Հրեշտակը [Նոյեան տապանէն] տախտակ մը առած` սուրբին գլխոյն քով դրաւ եւ ըսաւ. «Պէտք չէ մարդ մը տապանը տեսնէ. արդ, ա՛ռ այդ տախտակը` ըստ քու փափաքիդ եւ տունդ դարձիր»):

***

Սուրբ Յակոբ է. Մծբնայ եկեղեցւոյն Դ. դարու այդ սքանչելագործ սուրբը կարծէք տարին անգամ մը, տօնական դեկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը, ճառընտիրներէն, յայսմաւուրքներէն եւ սրբապատկերներէն ելլելով` ճերմակ մօրուքով, եպիսկոպոսական հանդերձանքով, խէթ աչքերով եւ գաւազանն ի ձեռին` ծանրաքայլ, իր հօրաքեռորդւոյն` Սուրբ Գրիգորի բանաւոր զաւակներուն կու գայ այցելելու:

Ամէն հայ տուն Յակոբ մը ունի. ան, որ Յակոբ մ’ունի, Սուրբ Յակոբ ալ ունի: Յակոբիկ-ները կը շնորհաւորեն մեծ հայրիկ Յակոբ-ները, իսկ ծանօթն ու անծանօթը կը փութան ընկերային ցանցերու վրայ, գէթ քանի մը Յակոբի, տօնելի սուրբին սրբանկարին կցեալ «անունովդ ապրիս» մը ղրկել: Ա՛յսպէս կ’այցելէ մեզի Սուրբ Յակոբ: Ժողովրդական այս հին եւ արդի աւանդութեանց կողքին, Սուրբ Յակոբի տօնը շա՜տ աւելին ունի մեզի փոխանցելիք. այնպիսի դարու մը մէջ, ուր ամէն ինչի հանդէպ նիւթական մօտեցումը մարդկայինն ու բարոյականը սքողած են, անդրագոյնս կարիքն ունինք առաքինի յարացոյցի: Ծանօթանանք Սուրբ Յակոբին. ճանչնանք մեր ազգին սիրելի Սուրբ Յակոբը իր առաքինութեանց ընդմէջէն:

***

Խոնարհութիւն, Հեզութիւն, Ժուժկալութիւն Եւ Ողջախոհութիւն

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետ իր կեանքով գործնապէս ապրեցաւ` խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, ժուժկալութիւնը եւ ողջախոհութիւնը` թէ՛ իր եպիսկոպոսութենէն առաջ եւ թէ՛ ետք: Հարկ է նշել, որ Սուրբ Յակոբ ստացած է եկեղեցական կրթութիւն` ասորական դպրութեամբ,  սարկաւագ ձեռնադրուած եւ եօթը տարի այդ կարգով եկեղեցւոյ ծառայած է, եւ հուսկ` քահանայական աստիճանին արժանացած: Սուրբ Յակոբ իր քահանայական ծառայութեան ընթացքին եղաւ ճգնազգեաց, ինչպէս քերթէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Սուրբ Յակոբի նուիրած իր ամբողջական կանոնին մէջ. «Ուրախացան զօրք երկնից ընդ քո մեծի ճգնութեան. որ ի մարմնի կառուցար նման վերին զուարթնոց» (Շնորհալի, Օրհ.ԳԿ., Շարակնոց): Ամրան կ՛ապրէր բաց երկնքին տակ, իսկ ձմրան փոքրիկ, նեղ քարայր մը իր օթեւանը դարձուցած էր: Բանջարն ու վայրի պտուղները իր ուտելիքներն էին. ձմրան սառնամանիքին իսկ մէկ պարեգօտ կը հագնէր եւ բոկոտն կը շրջէր: Սուրբ Յակոբ վե՛ր էր մարմնականէն, վե՛ր` աշխարհայինէն…

Մծբին քաղաքի եպիսկոպոսին մահէն ետք զինք կ՛ընտրեն արժանաւոր յաջորդ. Սուրբ Յակոբ տեղեակ էր այդ նախախնամութենէն, որովհետեւ իր սիրելի բարեկամ Սուրբ Մարուգէ մեծ ճգնաւորը գուշակած էր զայդ. թէպէտ տեղեակ ըլլալով, չ՛ընդունիր այս պատիւը, բայց եւ այնպէս, յանձն կ՛առնու երկար համոզկերութիւններէ ետք…

Սուրբ Յակոբ իր եպիսկոպոսութեան ընթացքին եղաւ նո՛յնպէս խոնարհ եւ ժուժկալ: Մծբնայ հայրապետը 325 թուականին Նիկիոյ Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակից 318 սուրբ հայրապետներէն էր. սոյն ժողովը կը հովանաւորէր Մեծն Կոստանդիանոս կայսր: Չմտնելով ժողովին մանրամասնութեանց մէջ` դիտել տալու է, այս առթիւ, Սուրբ Յակոբի ժուժկալութեան եւ ողջախոհութեան վերաբերեալ շա՜տ պատուական աւանդութիւն մը: Սուրբ ժողովոյ ընթացքին Կոստանդիանոս իր կայսերական դիրքէն աստուածային շնորհքով կը տեսնէ, որ Մծբնայ հայրապետը իր եպիսկոպոսական ծիրանիին տակ քուրձ հագած է եւ Աստուծոյ հրեշտակէն սպասաւորութիւն կ՛ընդունի. հաւատացեալ թագաւորը մեծապէս ազդուած էր: Աստուածասէր կայսրը մղուելով այս ազդեցութենէն` կը պատուէ Սուրբ Յակոբը եւ կայսերական հրամանով իր եպիսկոպոսական  աթոռը միւս աթոռներէն բարձրացնել կը կարգաւորէ. այս օրհնեալ առթիւ Սուրբ Կոստանդիանոս արտայայտուած է. «Արք ընտրեալք` սոքա երեքեան, որպէս ջահ լուսաւոր փայլեալք յերկրի եւ լուսաւորեցին զխաւարեալ միտս մարդկան ընդ ամենայն տիեզերս` Սեղբեստրոս` յերկրի մերում, եւ Յակոբ` ի Մծբին, եւ մեծ խոստովանողն Քրիստոսի` Սուրբն Գրիգոր Լուսաւորիչն Հայոց մեծաց, առաւել քան զամենեսեան առաքեալ երեւեալ յաւուրս մեր» (Յայսմաւուրք, դեկտ. ԺԵ., Քաղ. Է.) (Ընտրեալ մարդիկը` այս երեքը, որպէս լուսաւոր ջահ մը մեր երկրին մէջ փայլելով ամբողջ աշխարհի մարդոց խաւարած միտքերը լուսաւորեցին, Սեղբեստրոսը մեր երկրին մէջ, Յակոբը` Մծբին եւ Քրիստոսի մեծ դաւանողը` Սուրբ Գրիգոր Մեծ Հայքի Լուսաւորիչը, [որ] բոլորէն աւելի մեր օրերուն առաքեալ երեւցաւ): Այս եղելութեան մասին Ս. Ներսէս Շնորհալի գեղեցկօրէն կ՛անդրադառնայ շարականին մէջ` «Որ ի հրանիւթիցն սպասաւորելով զարհուրեցոյց զթագաւորն, հովիւն քաջ բանաւոր հօտի» (Շնորհալի, Հրց. ԳՁ., Շարակնոց):

Եղբայրսիրութիւն, Ողորմածութիւն Եւ Աշխատասիրութիւն

Սուրբ Յակոբ նաեւ հռչակ ստացած է իր բազմաթիւ հրաշագործութիւններով, օրինակ` տասնհինգամեայ անդամալոյծին բժշկութիւնը, Կեդրոն իշխանի զաւկին բժշկութիւնը եւ յարութիւնը, հրեայի մը որդւոյն բժշկութիւնը, դարձը, գետի աղջկանց անէծքը եւ այլն: Այս բոլոր հրաշագործութիւնները կը ցուցնեն Սուրբ Յակոբի եղբայրասիրութիւնն ու ողորմածութիւնը, ինչպէս կ՛ըսէ շարականը` «Բղխմամբ քո սուրբ արտասուաց կենագործէիր զմեռեալս, նման Փրկչին Յիսուսի կենագործողին Ղազարու» (Շնորհալի, Օրհ. ԳԿ., Շարակնոց):

Հակառակ Սուրբ Յակոբ Մծբնացիի ճգնակեցութեան` ան մի՛շտ եղած է իր հօտին հետ, իբրեւ իսկական հովիւ մը: Սուրբ Կոստանդիանոս կայսեր մահուանէն ետք պարսից Շապուհ Երկարակեաց առիթը օգտագործելով` կը գրոհէ Բիւզանդիոնի սահմանները. այս անողոք արշաւանքներուն առջեւ, Մծբին կ՛ազատի իր հօր` Սուրբ Յակոբի աղօթքներուն շնորհիւ: Ահա Սուրբ Յակոբի հովուական բարեմասնութիւնը: Սուրբ Յակոբ չեղաւ լոկ աղօթական եւ ներամփոփ եկեղեցական մը, այլ ան կը մտահոգուէր իր ժողովուրդով, եկեղեցուով, այլ խօսքով` Մծբինի քրիստոնեաներուն հաւաքական կեանքով. արդ, այս առումով ձեռնարկեց Մծբինի մէջ տաճարի մը կառուցման: Կոստանդիանոս կայսեր ժամանակ եկեղեցիներ փոքրիկ ու մերթ գաղտնի հաւաքավայրերէ փառաւոր տաճարներու կը վերածուէին. արդ, ժամանակաշրջանը եկեղեցաշինութեան խիստ պատեհ էր: Ըստ աւանդութեան, եկեղեցւոյ վայրն ու չափը Աստուծոյ հրեշտակը ցոյց տուաւ Սուրբ Յակոբի: Ահա Մծբին Յակոբ հայրապետի ջանքերով օժտուեցաւ քրիստոնէական տաճարով մը: Սուրբ Յակոբ այդ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ քահանաներ եւ սարկաւագներ կարգեց: Ա՛յս է լրումը ծառայութեան, գագաթը` առաքինասիրութեան…

«Այսպիսի վարուք եւ սքանչելագործութեամբ կացեալ յաշխարհի ամենայն առաքինի եւ աստուածահաճոյ վարուք` հանգեաւ խաղաղութեամբ ի Քրիստոս: Եւ առեալ զմարմին նորա բազում քահանայիւք եւ աշխարհաժողով հանդիսիւ եդին պատուով ի մարտիրոսական բնակութիւն իւր» (Յայսմաւուրք, դեկտ. ԺԵ., Քաղ. Է.):

(«Այսպիսի վարքով եւ սքանչելագործութեամբ ապրեցաւ աշխարհի մէջ եւ ամէնէն առաքինի եւ աստուածահաճոյ վարքով` խաղաղութեամբ ի Քրիստոս հանգաւ: Անոր մարմինը շատ քահանաներով եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեան պատուով իր մարտիրոսական հանգստարանը դրին»):

***

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետ ջանաց հասնիլ դէպի արփաւէտ գագաթը` դէպի իր փափաքը, դէպի կատարելագոյնը: Ան մարդկօրէն չյաջողեցաւ անձամբ իր դանդաչուն ոտքերն Մեծ Մասիսի կատարին վրայ դնել եւ իր իսկ դողդոջ ձեռքերով  Նոյեան տապանէն խլեակ մ՛առնել. բայց եւ այնպէս, Աստուած տեսաւ իր սիրելւոյն յոգնութիւնը եւ արդար ձգտումը բարձրագոյնին: Սուրբ Յակոբ կը բարձրանար կամքի լեռը, աստուածակերպութեան լեռը… Մծբնայ հայրապետը կը հնազանդէր աստուածային քաղցր պատուէրին` «Արդ եղերուք դուք կատարեալք, որպէս եւ Հայրն ձեր երկնաւոր կատարեալ է» (Մատթ. Ե.48):

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Ընտանիքը Մեծ Շուքով Նշեց Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Պաշտօնական Վերամուտը

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.