Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Համաժողովի Միասնական Յայտարարութիւնը

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար կը հաղորդէ, որ Լաթաքիա քաղաքի քրիստոնեայ հոգեւոր պատասխանատուները հրապարակած են հետեւեալ միասնական յայտարարութիւնը.

«Մեր եկեղեցիներու սիրեցեալ զաւակներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Լաթաքիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու հոգեւոր հովիւները, յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին մէջ միասնաբար դիմաւորեցին երկրիս տիրող ներկայ անցողական ղեկավարութեան թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ զինուժի ներկայացուցիչներ, որոնք եկան ըսելու, թէ իրենք ամէն գնով պատրաստ են պաշտպանելու եւ ապահովական բոլոր միջոցները ի գործ դնելու մեր եկեղեցիներուն եւ հաստատութիւններուն, եւ անշուշտ առօրեայ ընթացիկ կեանքին համար: Պատասխանատուները վստահեցուցին, թէ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն իրաւունքները, ապահովութիւնը եւ ազատութիւնը իբրեւ արժանապատիւ քաղաքացիներ եւ իբրեւ մարդ ապրելու եւ գոյատեւելու պիտի պահպանուին:

Պատասխանատուները կոչ ուղղեցին ըսելով, որ բոլորս իբրեւ սուրիական հայրենիքի քաղաքացիներ, պէտք է ձեռք-ձեռքի տանք կերտելու վերանորոգուած, նոր, քաղաքակիրթ ու ազատ եւ յառաջդիմող հայրենիք մը, որ մեզի աւանդուած է մեր անցեալի սերունդներէն: Պատասխանատուները խնդրեցին այս ներկայ եւ գալիք օրերուն, մինչեւ երկրին իրավիճակին պարզուիլը եւ ամէն ինչ կարգի մտնելը, ըլլալ խոհեմ, արթուն, վախը մէկդի դնել, ըլլալ զգօն եւ չլսել ու չհաւատալ բոլոր այն սխալ եւ գայթակղեցուցիչ լուրերուն ու տարաձայնութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն խաղաղութիւնը խանգարել եւ տաղտուկ ստեղծել: Եւ ի վերջոյ պատասխանատուները պատուիրեցին, որ բոլոր եկեղեցիները սովորական ընթացքով կատարեն իրենց արարողութիւնները եւ միասնաբար պատրաստուին դիմաւորելու Ամանորը եւ Փրկչին Ս. Ծնունդը:

Առ այդ, մեր սիրելի հայրենակիցներ, ըլլանք հանգիստ եւ մեր կեանքը բնականոն ձեւով շարունակենք:

Աստուած բոլորիս պահապան»:

Նախորդը

Միքաթի. «Յանձնառու Ենք Թիւ 1701 Որոշումին Գործադրութեան, Եւ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Ճամբան Կը Հարթէ Դիւանագիտական Ուղիին, Որուն Մեր Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի»

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ. Սպառնալի՞ք, Թէ՞ Հնարաւորութիւն» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողովը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?