ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
Բոլորս ալ մեծցած ենք` լսելով մեր ծնողներուն պատմած հեքիաթները, որոնք, «երեւակայական» ըլլալով հանդերձ, կը յառաջացնէին ուրախ, բայց երբեմն ալ տխուր տպաւորութիւններ եւ բուռն զգացումներ: Այս 2 հակասական երեւոյթներու միջեւ կ՛ինային այդ պատմութիւնները, որոնք կը ներկայացնէին վիճակ մը, զոր ոչ մէկ բառ կրնայ արտայայտել, եւ ընդհանրապէս դժուար էր անոր մասին խօսիլը: Այս պատմութիւններէն մէկը ունէր կարմիրով գրուած վերնագիր մը` պատերազմ: 2024-ին Լիբանանի պատերազմը հեքիաթ մըն էր, որ դուրս գալով երեւակայական աշխարհէն` դարձաւ դաժան իրականութիւն: Շտապեցի դարձնել էջերը, սակայն ճակատագիրը չձգեց, որ բաժնուիմ, պէտք էր կարդայի պատմութեան էջերը:
Տարիներ շարունակ արդէն անորոշութիւն կը տիրէր, 2024 թուականի հոկտեմբերի սկիզբը Իսրայէլ նախ սկսաւ ահաբեկումներով, ապա բուռն յարձակում շղթայազերծեց սկիզբը հարաւային շրջաններուն, ապա Լիբանանի, յատկապէս Պէյրութի Հարաւային արուարձաներուն վրայ: Երկրորդ` սուրիական ճգնաժամը, որ սկսաւ 2011 թուականին, մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Լիբանանի վրայ, որովհետեւ մեծաթիւ գաղթականներ հոնկէ եկան Լիբանան` լիբանանեան հասարակութեան եւ պետութեան բեռը աւելցնելով: Վերջապէս, Լիբանանի ներքին անկայունութիւն` կառավարութեան բացակայութիւնը, տարակարծութիւններն ու իշխանութեան բաժանումները լարած էին իրավիճակը: Ահաբեկչական գործողութիւնները աւելցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ` վախ ու մեծ տագնապ պատճառելով ժողովուրդին, մանաւանդ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութենէն ետք:
Լիբանանի կառավարութիւնը արդէն հրաժարած է, սակայն կը շարունակէ ընթացիկ աշխատանքները, պատերազմի եւ տարբեր տագնապներու լոյսին տակ ան ա՛լ աւելի ծանր վիճակի մէջ գտնուեցաւ, մանաւանդ որ ներքին ճակատի վրայ եւս անհամաձայնութիւններ կան լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ: Տարբեր արտաքին ուժեր` Իրան, Սէուտական Արաբիա եւ արեւմտեան երկիրներ, փորձելով ազդեցութիւն ունենալ իրավիճակին վրայ, խորացուցին իրենց դերակատարութիւնը հակամարտութեան մէջ: Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը եւ տարբեր պետութիւններ փորձեցին միջնորդել, բայց կացութեան լարուածութիւնը, հարցերու բարդութիւնն ու կողմերու միջեւ անհամաձայնութիւնները դժուարացուցին խաղաղ բանակցութիւնները:
«Պատերազմը երբեք յաղթանակ չունի, միայն կորուստներ»:
Գէորգ Էմին
Պայքարը ծանր հետեւանքներ ձգեց բնակչութեան վրայ, արձանագրուեցան մեծաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ տեղահանութիւններ: Անօդաչու թռչող սարքերուն, պայթումներու ու հրթիռներուն ձայնն էր, որ տիրական ու մնայուն էր թէ՛ ցերեկուան ժամերուն, թէ՛ գիշերուան: Լիբանանի բնակչութեան մեծ մասը ստիպուած էր լքել իր տունը, մարդիկ տեղափոխուեցան հարաւէն աւելի ապահով տարածքներ կամ օտար երկիրներ:
Երկրին մէջ տիրող տնտեսական, ապահովական տագնապն ու անգործութիւնը պատճառ դարձան, որ մարդիկ կորսնցնեն իրենց գործերը, ուրիշներ` իրենց տուները եւ ընտանիքը, իսկ երիտասարդները կորսնցնեն յոյս ու ապագայ, որուն պատճառով ալ երիտասարդ տարիքի քաղաքացիներուն արտագաղթը աճ արձանագրեց: Ասիկա Լիբանանի մնայուն եւ մեծագոյն հարցերէն եղած է միշտ, որովհետեւ տարիներ շարունակ Լիբանանի տագնապներուն պատճառով, յատկապէս` վերջին տարիներու, երիտասարդ տարրը կը լքէ իր երկիրը, ուր պէտք էր գործէր եւ զարգացնէր, կ՛արտագաղթէ ու իր հայրենիքին փոխարէն` այլ երկիրներու բարգաւաճման համար կ՛աշխատի: Այսպէս է, որ օգտուեցան այլ երկիրներ, իսկ Լիբանան կորսնցուց իր թանկագինը` ապագան:
Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող բարոյական եւ ֆիզիքական աղէտին, չմոռցանք մեր հայրենիքը: Մեր մտքերը, սրտերն ու հոգիները միշտ կը գործէին Արցախի համար եւս: Մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ, ջանք չխնայեցինք հասնելու, կարեկցելու եւ օգտակար դառնալու մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած մեր հարազատներուն, շարունակեցինք աշխատիլ, կազմակերպեցինք բողոքի ցոյցեր եւ օժանդակութիւններ դէպի հայրենիք, նաեւ` դէպի լիբանանեան գաղթակայաններ: Այսօր մեր պայքարը կանգ չէ առած ու պիտի չառնէ: Թէեւ կը թեւակոխենք նոր տարի մը, սակայն մեր պայքարի էջը պիտի չփակուի երբեք, այլ աւելի վճռական եւ աւելի ուժգին պիտի շարունակենք մեր ուղին, մինչեւ որ հասնինք մեր հաւաքական բարգաւաճ տեսլականին, մինչեւ որ տեսնենք հայը դարձեալ խաղաղ ու հանգիստ կը շնչէ թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի եւ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ: