Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

December 17, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԶՆԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
«Հայաստան» մասնաճիւղ

Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային պայմանները 2024 թուականին կ՛արտացոլացեն աւելի սաստիկ աճումով ճգնաժամ: Հինգ տարիներ շարունակ, առանց որեւէ դադարի, Լիբանան մղեց ու տակաւին կը շարունակէ արձանագրել տնտեսական ու քաղաքական ծանր անկում, ինչպէս նաեւ` անոր զուգահեռ, պայքար կը մղէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ, որոնցմէ մէկն է ընկերային հարցը:

Տագնապներու շարքը ընթացք առաւ 2019 թուականին, երբ խումբ մը ցուցարարներ կառավարութեան հրաժարականի պահանջով ճամբաներ փակեցին: Շատ ժամանակ չանցած` յաջորդեց աշխարհի վրայ տիրած «Քորոնա»-ի համաճարակը, որ ա՛լ աւելի վատթարացուց Լիբանանի արդէն խիստ ծանր իրավիճակը, այս բոլորին վրայ աւելցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն ու երկրաշարժերու շարանը: Իսկ այս տարի կրկին Լիբանան կիզակէտը դարձաւ հանրութեան ուշադրութեան, երբ անոր տարիներու ոխերիմ թշնամի Իսրայէլը յարձակում գործեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու վրայ:  Պատերազմը անկայուն ու վտանգաւոր վիճակ մը ստեղծեց, խանգարեց Լիբանանի բոլոր համայնքներուն ամբողջ առօրեան ու կեանքը: Մարդոց ապահովութիւնը, հիմնական կարիքներ ապահովելու մտահոգութիւնները դարձան ոեւէ բնակիչի առաջնահերթութիւնները:

Այս պայմաններուն մէջ գոյատեւելը այդքան ալ դիւրին չեղաւ, պայմաններ չկային բնական կեանք ունենալու, որովհետեւ աւելի քան երկու ամիս իսրայէլեան չդադրող ռմբակոծումները խանգարեցին ամէն բան: Ժողովուրդին մտքի հանգստութիւնը անորոշութեան մէջ: Ռմբակոծումներուն պատճառով աւելի ապահով շրջաններ գաղթած լիբանանցիներ թէեւ հիմա վերադարձան իրենց շրջանները, սակայն անոնց տուներն ու մեծաթիւ բնակելի շէնքեր ամբողջութեամբ քանդուած են, եւ անգործութիւնն ու չքաւորութիւնը տիրապետած են երկրին մէջ: Պատերազմի դաժան օրերուն բազմաթիւ դպրոցներ դադրեցուցին իրենց սովորական դասընթացքները ու վերածուեցան գաղթակայաններու, ջերմօրէն ընդունեցին գաղթականները` ապահովելով անոնց հիմնական պահանջները: Տասնեակ երիտասարդներ լքելով հարազատ ու ընտանիք, արտագաղթեցին աւելի ապահով վայրեր` հաստատ ու կայուն ապագայ կերտելու համար, որ նաեւ պատճառ դարձած է Լիբանանի ապագան հանդիսացող երիտասարդութեան նուազումին:

Հայ համայնքն ու հայկական շրջանները այս պատերազմէն լուրջ վնասներ չկրեցին, եւ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել հայ ժողովուրդին կողմէ գաղթականներու հիւրընկալութիւնը հայկական շրջաններուն մէջ:

Այս պատերազմը ոչ միայն նիւթական վնասներ պատճառեց, այլ նաեւ` բարոյական, տնտեսական եւ ընկերային: Լիբանան պիտի դիմագրաւէ տարբեր տեսակի դժուարութիւններ այն գաղթականներուն կողմէ, որոնք կարողութիւնը չունին վերադառնալու իրենց բնակարանները, ինչպէս նաեւ` տնտեսական լարուածութիւն, ապաւէններու մրցակցութիւն, քաղաքական տարակարծութիւններ եւ անվտանգութեան հարցեր:

 

 

Նախորդը

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

Յաջորդը

Պիտի Վերադառնանք

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.