«Ո՞րն Է Իսկական «Տարածուած Միֆը»
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան վերջերս խորհրդարանի ամպիոնէն վիճարկումի նիւթ դարձուց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին տարածուած պատկերացում մը: Ան պնդեց, որ սփիւռքի հզօրացումը կրնայ տեղի ունենալ հիմնականին մէջ Հայաստանի հաշուոյն, որովհետեւ սփիւռքի թուային աճը կու գայ Հայաստանէն արտագաղթէն կամ մէկ գաղութէն միւսը տեղափոխութենէն: Հետեւաբար, ըստ իրեն, սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի տկարացումն է: Այս մտածողութեան մէջ ճշմարտութեան բաժին...




















