ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճան Արցախը իր բնիկ ժողովուրդէն պարպելու եւ զայն թրքացնելու հետեւողական աշխատանք կը տանէր:
Միլլի-Մուղանի անջրդի հողերը իւրացնելու եւ գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու, ինչպէս նաեւ երկրին արդիւնաբերական կեդրոնները կառուցապատելու առաջադրանքով Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ամէն տարի Լեռնային Ղարաբաղէն հազարաւոր հայ երիտասարդներ կը հաւաքագրէր եւ հանրապետութեան տարբեր շրջաններ կ՛ուղարկէր:
* * *
Միլլի-Մուղանի տափաստանը կ՛ընդգրկէ Աղճապատի, Պեյլական, Իմիշլի, Սաաթլի եւ Սապիրապատ գաւառները: Այդ շրջաններուն մէջ արցախցի հայ գիւղացիներուն հողեր յատկացուեցան, պայմանաւ որ անոնք այդ հողերուն վրայ պիտի ապրէին եւ հեռանալու իրաւունք չունէին: Հայ վերաբնակիչները գլխաւորաբար Աղճապատի գաւառին մէջ կեդրոնացան:
Աղճապատիի հին հայկական անունը Բեղամէջ է. շրջանը կ՛ընդգրկէ 45 բնակավայր, որոնց գլխաւորներն են` Աֆշար, Աշաղը Աֆշար, Աղապէյլի, Արան, Արազպար, Պոյաթ, Ջաֆարպէյլի, Կալեպատին, Կոյուք, Հաճիլար, Խոջաւենդ, Իմամկուլապէյլի, Քիւրտլար, Կարաւալի, Կարախանլու, Մուղանլու եւ Նաճաֆկուլապէյլի: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը Աֆշար, Պոյաթ, Զալկուրա, Կարատոլակ, Կարաւալի եւ Մուղանլու թաթար ցեղախումբերու ճիւղաւորումներ են: Կան նաեւ Մուսանլու ցեղախումբի քիւրտեր, որոնք Քիւրտլար գիւղին մէջ կեդրոնացած են:
Ազրպէյճանական իշխանութիւններու կարգադրութեամբ հայ բանուորները Արան գիւղի մօտակայքէն ձեռնարկեցին Օրջոնիկիձէի անուան ջրանցքի կառուցման, որ հետագային կոչուեցաւ Կեաւուր արխ:
* * *
Հաւաքագրումներու հետեւանքով ազրպէյճանական արդիւնաբերական շրջաններ աշխատանքի գացած արցախցիներէն շատեր այլեւս չէին վերադառնար ծննդավայր, այլ իրենց բնակութեան նոր վայրերուն մէջ կը հաստատուէին իբրեւ մնայուն բնակիչներ:
Տնտեսական ծանր պայմանները, մշակելի հողերու պակասը, ցած բերքատուութիւնը եւ ոռոգման համակարգերու բացակայութիւնը կը ստիպէին Արցախի հայութիւնը մօտակայ ազրպէյճանական շրջաններուն մէջ աշխատանքի մեկնելու:
Ծանր աշխատանքը եւ կլիմայական վատառողջ պայմանները հիւանդութիւններու պատճառ կ՛ըլլային: Շատեր կը մահանային:
Ամէն տարի բնակչութեան նոր հաւաք կը կազմակերպուէր: Ընտանիքներու աշխատող ձեռքերը ստիպուած կը լքէին իրենց բնակավայրերը: Արցախի մէջ տուն չկար, որ ազրպէյճանական շրջաններու մէջ աշխատող չունենար:
Սումկայիթ, Պաքուէն 31 քիլոմեթր հիւսիս, Կասպից ծովու ափին, իբրեւ բնակավայր կազմաւորուեցաւ 1944-ին եւ 1949-ին քաղաքի կարգավիճակ ստացաւ: Անոր կցուեցան նաեւ յարակից Ճորաթ եւ Հաճի Զէյնալապիտին բնակավայրերը: Սումկայիթ արագօրէն ընդարձակուեցաւ, ճարտարարուեստական կեդրոն եւ երկրին երկրորդ գլխաւոր քաղաքը դարձաւ: Հոն կեդրոնացան մեծաթիւ հայեր:
* * *
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղէն հայ բնակչութեան գաղթը արագացնելու նպատակով, ծրագրուած քաղաքականութեամբ կ՛արգելակէին ինքնավար մարզին ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ընթացքը:
Գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու եւ հաւաքական տնտեսութիւնները ընդարձակելու անուան տակ ազրպէյճանական իշխանութիւնները հայկական գիւղերէն ընդարձակ հողեր խլեցին եւ ազրպէյճանցիներուն յանձնեցին: Միաժամանակ, հայկական գիւղերը ազրպէյճանական գիւղերուն ենթարկուեցան: Գլխաւոր ճանապարհորդներուն վրայ եւ բարեբեր հովիտներուն մէջ, հայկական գիւղերու կողքին ազրպէյճանական նոր բնակավայրեր կազմաւորուեցան: Հայկական տասնեակ մը գիւղեր իրենց բնակչութենէն պարպուեցան:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դիտումնաւոր կերպով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զարկ տուին ոչխարաբուծութեան զարգացման, նպատակ ունենալով մեծաթիւ քոչուոր ազրպէյճանցի անասնապահներ բնակեցնել շրջանին մէջ:
* * *
Ստալինի մահէն (5 մարտ 1953) ետք Ալթայի երկրամաս աքսորուած հայերուն կեանքը համեմատաբար դարձաւ տանելի: Թէեւ հայրենիք վերադառնալու թոյլտուութիւն չկար, բայց Ալթայի երկրամասէն ներս տեղաշարժի ազատութիւն տրուեցաւ անոնց: Մարդիկ կրնային իրենց բնակավայրը փոխել եւ ուրիշ աշխատանք գտնել:
Աքսորականներու գրած նամակներուն իշխանութիւնները սկսան յուսադրիչ պատասխաններ տալ. «Ձեր հարցը կը վերանայուի»:
Աքսորականներու գործերու վերանայման հանրապետական յանձնաժողովը կազմուեցաւ 1954-ին եւ սկսաւ քննել գործերը: Երկու տարուայ ընթացքին յանձնաժողովը թողութիւն տուաւ «դաշնակներու յանցանքներուն»:
Համայնավար կուսակցութեան քսաներորդ համագումարին, 1956-ին, Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար Նիքիթա Խրուշչով զեկուցում կարդաց «Անձի պաշտամունքի եւ անոր հետեւանքներու մասին», ուր քննադատեց Ստալինի անձի պաշտամունքը եւ ստալինեան բռնաճնշումները:
Այսպիսով, Ալթայի երկրամաս աքսորուած հայերը, առանց դատ ու դատաստանի, իրենց ձեռքին ունենալով փաստաթուղթ, որ այլեւս աքսորական չեն նկատուիր, խորհրդային անձնագիր եւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունք ստացան:
* * *
Խորհրդային Հայաստանի արդիւնաբերութեան զարգացման եւ մշակոյթի ծաղկման պայմաններուն տակ լայն ծաւալ ստացաւ արցախահայութեան հոսքը դէպի Երեւան, գլխաւորաբար մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու համար:
Լեռնային Ղարաբաղի յատկապէս գիւղական շրջաններու դպրոցները զուրկ էին տարրական պայմաններէ: Գիւղացիները շատ յաճախ իրենց ջանքերով կը կանոնաւորէին կամ կը վերանորոգէին դպրոցները: Մարզի հայկական դպրոցներուն պետական պիւտճէն ոչ մէկ յատկացում կը տրամադրուէր:
Խորհրդային Ազրպէյճանի ամբողջ տարածքին, հայկական դպրոցներուն մէջ արգիլուած էր հայոց պատմութեան դասաւանդումը: Միւս կողմէ սակայն, Ստեփանակերտի մանկավարժական հիմնարկին մէջ Ազրպէյճանի պատմութեան դասաւանդումը պարտադիր էր:
Հայաստանի մէջ կրթութիւն ստացած մասնագէտները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աշխատելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէին: Հայկական կրթութիւն ունեցող անձերուն վարչական եւ կառավարական մարմիններուն մէջ աշխատիլը արգիլուած էր:
Ազրպէյճանի կառավարութեան որոշումով 1969-ին փակուեցաւ Պաքուի Լենինի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի հայկական բաժինը եւ Ստեփանակերտ տեղափոխուեցաւ:
Ստեփանակերտի մէջ հիմնարկը բացուեցաւ հայկական, ազրպէյճանական եւ ռուսական բաժիններով:
Կառավարութեան նպատակն էր մէկ կողմէ Պաքուէն հայաշունչ ամէն հետք ջնջել, միւս կողմէ ալ Ղարաբաղի մէջ նախընթաց ստեղծել ազրպէյճաներէնի տարածման, եւ ազրպէյճանցի մտաւորականութեան արմատաւորման համար: Նոյն հիմնաւորումով ստեղծուեցաւ Ազրպէյճանի Լենինի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի Ստեփանակերտի բաժանմունքը:
Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ կը գործէին արհեստագիտական հինգ ուսումնարան, երաժշտական երկու ուսումնարան, բժշկական մէկ ուսումնարան եւ գիւղատնտեսական երկու տեխնիկում:
* * *
Լեռնային Ղարաբաղի դպրոցներէն եւ ուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներէն ոմանք, բարձրագոյն կրթութիւն ստանալով միութենական հանրապետութիւններու քաղաքներու մէջ, դարձան անուանի գիտնականներ: Յիշենք տնտեսագէտ ակադեմիկոս Արտաշէս Առաքելեան (1909-1993), կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր Գուրգէն Քամալեան (1909-1973), անասնաբուժական գիտութիւններու դոկտոր Գուրգէն Շաքարեան (1908-1990), գիւղատնտեսական գիտութիւններու դոկտոր Միքայէլ Առաքելեան (1905-1983) եւ անասնաբոյժ Վերդի Յակոբեան (1926-2009):
Յիշենք նաեւ բանասէր Առաքել Առաքելեան (Ասկերանի շրջանի Խնածախ գիւղէն), պատմաբան Աշոտ Յովհաննիսեան (Շուշիէն), գրականագէտ Արսէն Տէրտէրեան (Շուշիի շրջանի Շոշ գիւղէն), վիրաբոյժ Անդրանիկ Ճաղարեան (Շուշիի շրջանի Աստղաշէն գիւղէն), ճարտարագէտ եւ գիւտարար Անդրանիկ Իոսիֆեան (Մարտակերտի շրջանի Ծմակահող գիւղէն), բուսաբան Արմէն Թախտաեան (Շուշիէն), մեքենագէտ Սամուէլ Գրիգորեան (Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղէն), պատմաբան Բագրատ Ուլուբաբեան (Մարտունիի Մուշկապատ գիւղէն) եւ քիմիագէտներ ԻՎան Կնունեանց (Շուշիէն), Նիկոլայ Ենիկոլոպով (Մարտակերտի շրջանի Կուսապատ գիւղէն):
Արցախցի գրագէտներէն յիշենք բանաստեղծներ Սոկրատ Խանեան (Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղէն), Վազգէն Յակոբեան (Հադրութի Արփագետիկ գիւղէն), Գուրգէն Գաբրիէլեան (Ասկերանի շրջանի Խանձք գիւղէն), Հրաչեայ Բեգլարեան (Մարտունիի շրջանի Կոլխոզաշէն գիւղէն), Արմէն Յովհաննիսեան (Մարտունիի Բերդաշէն գիւղէն), Ռոբերտ Եսայեան (Շուշիէն) եւ արձակագիրներ Վազգէն Օվեան (Ասկերանի շրջանի Դաշուշէն գիւղէն), Իսահակ Ալավերդեան (Շուշիէն), Մաքսիմ Յովհաննիսեան (Ստեփանակերտէն) եւ Կոմիտաս Դանիէլեան (Մարտունիի շրջանի Նորշէն գիւղէն):
* * *
«Սովետական Ղարաբաղ» թերթը հիմնուած էր 1923-ին, Շուշիի մէջ, «Ղարաբաղի գեղջուկ» անունով եւ 1925-ին տեղափոխուած Ստեփանակերտ ու վերանուանուած «Խորհրդային Ղարաբաղ», 1940-էն` «Սովետական Ղարաբաղ». սկիզբը շաբաթերթ էր, ապա` երկօրեայ թերթ, այնուհետեւ` շաբաթական երեք համար` հայերէն եւ մէկ ամփոփիչ համար` ռուսերէն: Լեռնային Ղարաբաղի կուսակցութեան մարզկոմի եւ ժողովրդական պատգամաւորներու ԼՂԻՄ մարզխորհուրդի պաշտօնաթերթն էր:
Լոյս կը տեսնէին նաեւ Շուշիի շրջանային «Շուշա», Ասկերանի «Կարմիր դրօշ», Մարտակերտի «Բարեկամութիւն», Մարտունիի «Աշխատանք» եւ Հադրութի «Կոլտնտեսական» թերթերը:
Լեռնային Ղարաբաղի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանը հիմնուած էր 1938-ին եւ մասնաճիւղեր ունէր Շուշիի, Մարտունիի, Բերդաշէնի, Հադրութի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ:
Ստեփանակերտի մէջ կը գործէր դերասան Կարօ Ալվարեանի ջանքերով 1932-ին հիմնուած դրամատիկական թատրոնը:


