Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Greatbritain News-ը` Սամուէլ Կարապետեանի Բանտարկութեան Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումներու Մասին

Նոյեմբեր 21, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միջազգային լրատուամիջոցներ, մեկնաբաններ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ հետզհետէ աւելի սկսած են անդրադառնալ վերջին շրջանին  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ձերբակալութիւններուն եւ բանտարկութիւններուն: Անշուշտ, առարկայական հաղորդումներու եւ վերլուծումներու կողքին, նոյնպէս կան ենթակայական կարծիքներ: Ուշադրութեան արժանի է բրիտանական հեղինակաւոր «GreatBritain news-ի  հրապարակած ծաւալուն յօդուածը, որ անդրադարձած  է Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ դէմ յարձակումներու եւ քաղաքական հետապնդումներու, Սամուէլ Կարապետեանի եւ հոգեւորականներու ձերբակալութեան խնդիրներուն:

Յօդուածին մէջ ներկայացուած է նաեւ խօսքը լորտ Ճեքսընին, որ 12 նոյեմբերին Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպած էր  «Հայաստանի բռնատիրական շրջադարձը. Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հալածանքները» բնաբանով քննարկում:

Ն.

Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը բախած  է հալածանքներու ճգնաժամին երեք բարձրաստիճան հոգեւորականներ ձերբակալուած են, իսկ արքեպիսկոպոս մը դատապարտուած է բանտարկութեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեղադրուի բռնապետական վարքագիծի համար:

Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումներու մասին նոր, ծաւալուն զեկոյցը կը զգուշացնէ, որ աշխարհի ամէնէն հին քրիստոնեայ երկրին մէջ կրօնի ազատութիւնը վտանգի տակ է: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեղադրուի բռնապետի վարուելակերպի եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ (որուն պատմութիւնը կը սկսի 301 թուականէն) նկատմամբ սանձարձակ յարձակում սկսելու համար:

Զեկոյցին համաձայն, պարոն Փաշինեան փորձած է հեռացնել եկեղեցւոյ առաջնորդը` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը եւ բանտարկել եկեղեցւոյ յառաջատար հոգեւորականներն ու հաւատացեալները:

Արքեպիսկոպոս Միքայէլ Աջապահեան դատապարտուած է երկու տարուան բանտարկութեան` կառավարութիւնը քննադատելու համար:

Գործարար Սամուէլ Կարապետեան նոյնպէս բանտարկուած է` Եկեղեցիի պաշտպանութեան ի նպաստ յայտարարութեան համար: Անոր ունեցուածքը`  ելեկտրամատակարարման ընկերութիւնը (ՀԷՑ) բռնագրաւուած է: Կարապետեան նախնական կալանքի տակ կը գտնուի այս տարուան ամրան ամիսէն` Երեւանի մէջ խորհրդային ժամանակներէ յայտնի դարձած տխրահռչակ բանտերէն մէկուն մէջ:

Կրօնական ազատութիւններու հարցերով միջկուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ լորտ Ճեքսըն, Փիթերպորոյէն, ըսած է. «Աշխարհի ամէնէն հին քրիստոնեայ երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքակիրթ եւ ժամանակակից Եւրոպայի մէջ հաւատարիմ քրիստոնեաները իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար բանտարկելը սարսափելի երեւոյթ է»:

«Քրիստոնէական համայնքները Հայաստանի մէջ պէտք է պահպանեն իրենց իրաւունքը` համախմբուելու եւ խաղաղութեամբ աղօթելու, առանց ահաբեկման, բանտարկութեան կամ աւելի վատ հետեւանքներու ենթարկուելու: Աշխարհը կը հետեւի մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն, որոնք կը կատարուին այս ճնշուած քրիստոնէական համայնքներու նկատմամբ», աւելցուցած է ան:

«Amsterdam & Partners» միջազգային իրաւաբանական ընկերութիւնը իր մանրամասն զեկոյցին մէջ մեղադրած է պարոն Փաշինեանը` բռնապետական վարքագիծի դրսեւորման համար, յառաջիկայ տարի կայանալիք ընտրութեան իշխանութիւնը պահելու փորձի նպատակով:

Վերջին տարիներուն պարոն Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկման զուգահեռ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը  շարունակէ հսկայական ժողովրդական աջակցութիւն վայելել. երկրի երեք միլիոն բնակչութեան շուրջ 97,5 առ հարիւրը ինքզինք կը նկատէ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հետեւորդ: Վստահութեան ցուցանիշը կը կազմէ մօտ 60 առ հարիւր:

«Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ   եւ Սամուէլ Կարապետեանին նկատմամբ կատարուածները բռնապետական այս կառավարման վերջին դրսեւորումներէն է: Ազգային եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն եւ անոնց կողմնակիցներուն` անհիմն, չարամիտ եւ քաղաքականապէս ուղղորդուած դատավարութիւններով քննադատութիւնը լռեցնելու եւ վերջիններու հանդէպ վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով բացայայտ հետապնդումը, ժողովրդականութիւն չվայելող եւ քաղաքականապէս անպէտք վարչակազմի մը քայլն է, որ որեւէ գնով կը փորձէ կառչիլ իշխանութեան:

Սակայն ասիկա նոր երեւոյթ չէ:

«Իրականութեան մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը պարզապէս կը վերադառնայ շատոնց հաստատուած գործնական քաղաքական հետապնդումները օգտագործելու միջոցով վերահսկողութիւն հաստատելուն եւ պատժիչ գործողութիւններ իրականացնելու գործողութեան:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ, որ թիրախը բարձր վստահութիւն վայելող կրօնական հաստատութիւնն է եւ` անոր կողմնակիցները:

«Յունիս 2026-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Փաշինեան իր իշխանութիւնը պահպանելու յուսահատ ձգտումին մէջ ոչինչ կ՛ուզէր պատահականութեան ձգել», կը նշէ զեկոյցը:

Եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ հակամարտութիւնը առաջ եկաւ 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ  Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին մէջ պարտութենէն ետք: Աւելին քան 100 հազար հայ ստիպուած եղաւ փախչիլ` ապահովութիւն փնտռելով:

«Եկեղեցին իր բացառիկ առաքելութիւնը իրականացուցած է` վճռականօրէն պաշտպանելով Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու իրաւունքները եւ ապահովելով անոնց ազգային ինքնութեան պահպանութիւնը: Ճիշդ այս ալ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին բերաւ բախումի վարչապետին հետ, որ լայնօրէն քննադատուած  է ե՛ւ երկրէն ներս ե՛ւ երկրէն դուրս` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանելիութիւնը ձախողութեան մատնելուն համար», կ՛եզրափակէ զեկոյցը:

Եկեղեցին եւ երկրի այլ ազդեցիկ հաստատութիւններ քննադատած են պարոն Փաշինեանը` երկրի սահմաններու անվտանգութիւնը եւ քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը կործանելուն համար:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ Քրիստոնէական միջազգային աջակցութիւն կազմակերպութիւնը քննադատած են պարոն Փաշինեանի յարձակումը Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ:

«2023 թուականին չկարենալով կանխել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումը` 2018 թուականէն Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող Նիկոլ Փաշինեան կը հետապնդէ անոնք, որոնք կը քննադատեն իր իշխանութիւնը եւ վարած քաղաքականութիւնը», կը նշէ զեկոյցը:

«Փաշինեան իր անձնական առաքելութիւնը դարձուցած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը գահընկէց ընելը` անոր դէմ ձեռնարկելով առցանց յարձակման շարք մը փորձեր:

Վարչապետը նաեւ կազմակերպած է Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութիւնը եւ անոր գործարարութեան գործօններու բռնագրաւումը, երբ բարերարը 17 յունիս 2025-ին Եկեղեցին պաշտպանելու յայտարարութիւն ըրած է:

Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետին կողմէ Եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող արշաւի ծիրին մէջ եպիսկոպոսներ եւ հաւատացեալներ ձերբակալուած են` նպատակ ունենալով  Եկեղեցին ճնշել եւ ահաբեկել:

Շրջանային մասնագէտ եւ լրագրող Ալիսըն Միւզ նշած է, որ Եկեղեցին այդպիսի գոյաբանական վտանգի չէ առնչուած այն ժամանակէն ի վեր, երբ Խորհրդային Միութեան ամէնէն խիստ տարիներուն տեղի կ՛ունենային զտումներ եւ իշխանութեան համախմբում:

«Պատմութիւնը Հայաստանի մէջ կարծես կը կրկնուի», աւելցուցած է ան:

***

Սամուէլ Կարապետեանի
Մասնագիտական Կենսագրութիւն

 

Սամուէլ Կարապետեան ծնած է 1965-ին, Հայաստանի Կալինինօ (այժմ` Տաշիր) քաղաքը:

1986 թուականին աւարտած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի մեքենաշինութեան բաժանմունքը:

1986-1992 թուականներուն եղած է Տաշիրի Արծնապատ ամանեղէնի գործարանի տնօրէն եւ աւագ արհեստագէտ:

1989 թուականին ստեղծած է «Զենիթ» ինքնաշարժներու պահեստի մասերու արտադրութեան համագործակցականը: Կազմակերպած է նաեւ կարուձեւի արտադրութիւն:

1990-ական թուականներուն տեղափոխուած է Ռուսիոյ Կալուքա քաղաք եւ սկսած` զբաղիլ գործարարութեամբ:

1997-ին  ընտրուած է «Կալուքակլավսնապ» ընկերութեան նախագահ:

1999-ին  ստեղծած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը, որուն կազմին մէջ կը մտնեն` արտադրական եւ շինարարական միաւորներ, առեւտուրի կեդրոններ, մատակարարման եւ առաքման կազմակերպութիւններ, պանդոկներու, ճաշարաններու եւ առողջարաններու ցանց: Ներկայիս «Տաշիր» խումբը կը միաւորէ տնտեսութեան զանազան ոլորտներու մէջ գործող աւելի քան 200 ընկերութիւններ` 30 հազարէ աւելի աշխատակիցներով:

2006 թուականին աշխուժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի տարուան կայացման` նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի հովանաւորութեամբ:

2007-ին «Տաշիր» ընկերութիւնը «Ֆորպս» ամսագրին կողմէ կը դասուի Ռուսիոյ անշարժ գոյքի մեծագոյն սեփականատէրերու ցանկին 12-րդ դիրքին վրայ:

2020 թուականին մասնակցած է Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը փոխելու համար սահմանուած երկու միլիառ դրամը վճարելուն:

Ունի գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան:

Հրատարակած է աւելի քան 30 գիտական աշխատութիւններ:

Պարգեւներ

  • 2001 – Ռուսիոյ առեւտուրի եւ գործարարական ոլորտին մէջ արժանացած է «Պիզնես Օլիմպ» ազգային մրցանակի` որպէս «Ռուսիոյ վաստակաւոր գործարար»:
  • 2001 – Բարեպաշտ իշխան Դանիէլ Մոսկվացիի երկրորդ աստիճանի ոսկեայ շքանշան` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի առթիթով:
  • 2003 – Ռուսիոյ նախագահի անուանական ժամացոյց:
  • 2005 – «Ռուսական ազգային Օլիմպ» գլխաւոր համառուսական պարգեւ` «Պատուի եւ արիութեան» շքանշան եւ «Ոսկեայ Օլիմպ» կրծքանշան:
  • 2011 – «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան ազգային շահերու պաշտպանման գործին մէջ նշանակալի ներդրման, յանուն հայութեան բազմամեայ եւ արգասաբեր գործունէութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ յառաջընթացին նուիրուած գործունէութեան եւ մեծ վաստակի համար:
  • 2015 – «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշան:

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 90-Ամեակի Պաշտօնական Նշում Եւ Վաստակաւոր Միութենականներու Պարգեւատրում

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի 115-Ամեակ. Մէկ Ընտանիք

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ
Մշակութային եւ Այլազան

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ

Նոյեմբեր 14, 2025
«Ոչ Ոք Ըսաւ, Որ Ես Հիմլերի Թոռն Եմ: Ամբողջ Կեանքս Սուտ Էր»
Մշակութային եւ Այլազան

«Ոչ Ոք Ըսաւ, Որ Ես Հիմլերի Թոռն Եմ: Ամբողջ Կեանքս Սուտ Էր»

Նոյեմբեր 7, 2025
Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?