Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմսեր. Ուրախացէ՜ք, Նոր Հող Պիտի Նուիրենք…

ՔՊ-ապետին ու կամակատարներու առօրեայէն

Նոյեմբեր 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այս Քարտէսը Տարածած Է Հայ Դատի Յանձնախումբը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աչքալուսա՜նք` հայրենի ու համայն հայութեան: Ազրպէյճանի հետ սահմանազատման յաջորդ փուլը պիտի իրականանայ Սիւնիքի մէջ: Ուրախացի՜ր, հայ ժողովուրդ: Խաղաղութիւն բերող «ազգընտիր»-ը բացայայտեր է, որ հողերու յանձնումի, այսինքն` զիջումներու, յաջորդ դաշտը Սիւնիքն է, մունետիկներն ալ կ՛արձագանգեն: Սա վատաբանութիւն ու բամբասանք չէ, այլ կը հիմնուի այս հողաբաշխներուն նախորդ իրագործումներուն վրայ. Արցախը տուին, Տաւուշի սահմանամերձ գիւղեր տուին, աւելի հարաւ` Ջերմուկի եւ Սեւ լիճի շրջանէն սահմանային հողեր, նոյնինքն Գորիս-Կապան մայրուղին տուին, հիմա, նո՛յն տրամաբանութեամբ, պիտի տան Սիւնիքէն հատուածներ: Ասոնք ուրախութեան պատճառ չե՞ն… թուրք-ազերիին ու թրքական ուղեղով պատուաստուած հայանուններու համար: Կայ անշուշտ ողբերգութեան մէկ ԼՈՒՐՋ երեսը, որ կարծէք թէ կը վրիպի բոլորի ուշադրութենէն: «Սահմանազատման» զիջողական մտածողութիւնը այնպէ՛ս մը նստած է քաղաքական բեմին վրայ գործողներուն ներսիդին, որ Արցախի եւ այլ ՊԱՏՄԱԿԱՆ սահմաններու թղթածրարը կարծէք թէ «մարսուած» ու մէկդի շպրտուած է (առայժմ), լռելեայն ընդունելի դարձած է, որ պէտք է կեդրոնանալ խորհրդայիններու օրերէն մնացած Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծ հասկացողութեան վրայ, զայն պաշտպանելը դարձած է առաջնահերթ առաջադրանք: Չէ՞ որ յաճախ կը խօսուի «երանելի՜» 9 նոյեմբերին մասին:

***

ՔՊ-ական իշխանախումբին մէջ մարդիկ սկսած են տեսնել Աստուածաշունչի նշանաւոր հերոսներէն Զաքարիա քահանային թոռները, ա՛յն Զաքարեային, որուն անուան կապուած է «Պապանձումն Զաքարիայի» խօսքը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Պաքուի մէջ խայտառակ ու շինծու դատավարութեան ենթարկուող հայորդիներուն դիմաց, ՔՊ-ականներու լռութեան պատը արագօրէն բարձրացած է, հիմա արդէն անոնք որդեգրած են յօժարակամ պապանձում` ի լուր ցկեանս կամ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռի պահանջներուն: «Մեզի ի՞նչ: Անոնք Ազրպէյճանի քաղաքացի են, Արցախը Ազրպէյճան է: Յանցաւոր են` պէտք է պատժուին», կը մտածեն ՔՊ-ականները: Սիւնեցինե՜ր, պատրաստուեցէք մտնելու Ազրպէյճան տանող կառաշարին յաջորդ կառքին մէջ:

***

Ընդդիմախօսներու, իշխանաւորներու թրքահաճոյ գործը քննադատողներու դէմ արշաւը օր աւուր նոր տարածքներ կը նուաճէ, ՔՊ-ականները կ՛աշխատին լռութեան մատնել լրագրողներ ու տեղեկատու աղբիւրները: Նորագոյն թիրախները եղան «Անթիֆէյք» կայանն ու երկու երիտասարդներ` Նարեկ Սամսոնեան եւ Վազգէն Սաղաթէլեան (ասոնք անցեալին ալ բանտ նստած էին. կրնան սենեակ մը վարձել հոն): «Ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ ազատ արտայայտութիւնը, իշխանութեան բերած կորուստները ցոյց տալը արգիլուած է: Յիշեալ երկու երիտասարդները, ըստ Ալեն Սիմոնեանի «ամբաստանագիր»-ին, խուլիկանութիւն ըրած են: Իսկ քննադատողներու ձեռքը-ոտքը կաշկանդել ու վրան թքնելը խուլիկանութիւն չեն, հերոսութիւն են, ընդդիմադիրի մը ականջն ու լեզուն կտրելու սպառնալիքը խուլիկանութիւն չէ, ժողովրդավարութեան ապացո՜յց է: Կը լսէ՞ք, ժողովրդավար աշխարհներ. ՔՊ-ականներէն ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու յարգանքի դասե՜ր պէտք է առնէք:

***

«Ազգընտիր»-ը` Հայաստանի «ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակողն ու զայն ծախել փորձողը ճակատաբաց կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն որո՞նք պէտք չէ մասնակցին, այսինքն դուրս մնան խորհրդարանէն: Պրաւօ՜, «ազգընտի՛ր»: Մէյ մը ստուգէ՛, թէ մերթ ընդ մերթ գլխուդ վերեւ ճօճած մուրճդ ժանգոտա՞ծ է, արդեօք պէտք չունի՞ «իւղոտուելու»: Միայն թէ պէտք է զգուշանաս, որ սխալմամբ գլխուդ չիյնայ: Այդ գործը հաւանաբար վաղարշապատցիք ընեն շուտով, իսկ դուն հաւանաբար կը մտածես, թէ որո՛նք պիտի մտցնես Գիւմրիի գահընկէց քաղաքապետին շոգեկառքին մէջ…

14 նոյեմբեր 2025

Նախորդը

Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնը

Յաջորդը

Ղազանճեան Ընտանիքի Անդամներ` Գագիկ, Լիլիթ Եւ Գայ, Իրենց Ստեղծագործութիւններով Կը Ներկայանան Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

Մեր Կորուստները
Անդրադարձ

Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը

Նոյեմբեր 19, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Կրկնակի Սրբադասում Մը

Նոյեմբեր 19, 2025
Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը
Անդրադարձ

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Նոյեմբեր 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?