Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղազանճեան Ընտանիքի Անդամներ` Գագիկ, Լիլիթ Եւ Գայ, Իրենց Ստեղծագործութիւններով Կը Ներկայանան Լիբանանահայութեան

November 20, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

24 նոյեմբերին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ Ղազանճեան ընտանիքի երեք անդամներ հանդէս պիտի գան միացեալ ցուցահանդէսով մը: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց անոնց հետ` նաեւ արուեստի մասին անոնց մօտեցումներուն հաղորդակից դառնալու նպատակով:

«ԱԶԴԱԿ».- Շուտով երեքով պիտի ներկայանաք լիբանանահայ արուեստասէրներուն, որոնք նախապէս ալ առիթ ունեցած են ծանօթանալու ձեր գործերուն: Ի՞նչ են ձեր մտածումներն ու զգացումները այս առիթով:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Անկեղծօրէն ուրախ եւ ներշնչուած եմ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք մեր ընտանիքի առաջին համատեղ ցուցահանդէսով: Թէեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ մեր գործերը նախապէս նոյնպէս ներկայացուած են, սակայն այս անգամ մենք հանդէս կու գանք որպէս ամբողջական ստեղծագործող ընտանիք, եւ այս մէկը ինծի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Ես մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասեմ մեր առաջին համատեղ ցուցահանդէսին Պէյրութի մէջ: Ասիկա մեծ պատիւ է եւ միաժամանակ` պատասխանատուութիւն: Լիբանանահայ համայնքը միշտ առանձնապէս կը գնահատէ հայ մշակոյթն ու արուեստը, եւ այդ գիտակցութիւնը զիս կը ներշնչէ առաւել եւս հետաքրքրութեամբ ներկայանալու:

ԳԱԳԻԿ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Մեծ ուրախութեամբ ընդունեցի Պէյրութի մէջ մեր ընտանիքի համատեղ ցուցադրութեան առաջարկը: Թէեւ ես շատ անգամներ ներկայացուցած եմ իմ գործերս Լիբանանի մէջ, սակայն այս անգամ երեքով միասին ներկայանալը յատուկ նշանակութիւն ունի:

«Ա.».- Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները լիբանանահայ արուեստասէրներէն:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ ցուցահանդէս ունենալը շատ պատուաբեր եւ ոգեւորող է: Պէյրութի արուեստասէրներու դիմաց ներկայանալը մեծ պատասխանատուութիւն է, եւ ես մեծ սպասումով ու ուրախութեամբ կը սպասեմ այդ հանդիպումին:

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի բարձր մասնագիտացած մակարդակը եւ լաւ համբաւը այս հանդիպումը կը դարձնեն առաւել եւս կարեւոր: Լիբանանահայ արուեստասէրներու դիմաց ներկայանալը մեծ հաճոյք եւ պատասխանատուութիւն է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ այդ օրուան:

ԳԱԳԻԿ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի միջավայրը եւ գերազանց կազմակերպչական մօտեցումը շատ ոգեւորիչ է մեզի համար: Լիբանանահայ արուեստասէրներու հետ հանդիպումը տեւական ջերմ ու առանձնայատուկ է, եւ ես հաճոյքով կը սպասեմ այդ հանդիպման:

«Ա.».- Ի՞նչ գործերով պիտի ներկայանաք լիբանանահայութեան` հի՞ն, նո՞ր, որոշ թեմայո՞վ:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Թէեւ ընտանիք ենք, սակայն երեքս ալ տարբեր ներաշխարհ ունեցող ինքնատիպ հեղինակներ ենք: Գագիկը կը ներկայացնէ իր նոր վերացական նկարները, որոնք լեցուն են զօրաւոր գոյներով եւ յոյզերով: Գայը հանդէս կու գայ նոր խորհրդաւոր աշխատանքներով` ազատութեան եւ թռիչքի թեմաներով, ինչպէս նաեւ` նրբագեղ կանացի դիմանկարներով, իսկ ես կը ներկայացնեմ գեղանկարներ եւ կրաֆիքական գործեր, որոնց մէջ կը միահիւսուին յիշողութիւնը եւ զգացումները:

«Ա.».- Արուեստի մէջ ծնիլը ինքնին տաղանդ եւ աշխատանք կ՛ենթադրէ, իսկ գոյատեւելու համար ինչի՞ կարիք կայ:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.– Արուեստագէտ ըլլալ` կը նշանակէ տարբեր հայեացք ունենալ, ուրիշ աշխարհի ընկալում եւ աշխատանք, բայց շարունակելու եւ գոյատեւելու համար անհրաժեշտ են` համբերութիւն, յարատեւ ջանք, ներքին սկզբունքներու պահպանում: Շատ կարեւոր է նաեւ հետաքրքիր ըլլալ, աշխարհի նկատմամբ բաց ըլլալ եւ հաւատարիմ ըլլալ սեփական ներքին ձայնին:

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Նկարիչ ծնիլը բարդ եւ միեւնոյն ժամանակ շատ հետաքրքրական է: Զայն պահպանելու եւ զարգացնելու համար հարկ է յամառ աշխատանք եւ անընդհատ փորձելու պատրաստակամութիւն: Ծնիլ արուեստագէտներու ընտանիքին մէջ` առաւել եւս մեծ պատասխանատուութիւն է եւ կու տայ եզակի հնարաւորութիւն: Շատ կարեւոր է` շարունակ պահել հետաքրքրասիրութիւնը, հետեւիլ կեանքին եւ թոյլ տալ զգացմունքներուն, որպէսզի քեզ առաջնորդեն:

ԳԱԳԻԿ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Արուեստագէտ ըլլալը անշուշտ հետաքրքրական  է, սակայն գոյատեւելու եւ շարունակելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ըսելիք, յատուկ աշխարհայեացք եւ անշուշտ` մեծ աշխատասիրութիւն: Շատ կարեւոր է նաեւ` սեփական ձայնը գտնելը, միշտ զարգանալը եւ հաւատալը սեփական ստեղծագործութեան:

«Ա.».- Ի՞նչը կը ներշնչէ ձեզ, լաւ կամ վատ օրերու ուժ եւ ներշնչանք կու տայ ձեզի` գծելու, ստեղծագործելու:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Զիս կը ներշնչեն մարդկային զգացմունքներն ու յիշողութիւնները, կեանքի այն պահերը, որոնք հետք կը ձգեն հոգիին մէջ: Ներշնչումը կու գայ աշխատելէն` թէ՛ ուրախ, թէ՛ դժուար օրերուն վերածելով զանոնք ձեւի եւ գոյնի:

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Զիս կը ներշնչեն` ազատութեան գաղափարը, մտքի թռիչքը, մարդոց եւ մարմնի գեղեցկութիւնն ու շարժումը: Ասիկա ինծի ուժ կու տայ եւ ներքին շարժառիթ` ստեղծագործելու, նոյնիսկ` դժուար պահերուն, որովհետեւ իւրաքանչիւր աշխատանք փորձ է` պահելու եւ արտացոլացնելու պահը արուեստի մէջ:

ԳԱԳԻԿ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Զիս կը ներշնչեն` փորձարարութեան գործընթացը, գոյնի ազդեցութիւնը եւ շրջապատող աշխարհի հետ կապը: Դժուար օրերուն այս ազդեցութիւնը եւ ներքին զգացմունքները արտայայտելու ցանկութիւնը կ՛օգնեն` յառաջանալու եւ ստեղծագործելու:

«Ա.».- Կը կարծէ՞ք, որ ընկերային ցանցերով, ելեկտրոնային այլազան գործիքներով, արհեստական բանականութեամբ լեցուն այս դարուն արուեստը տակաւին տեղ ունի մեր կեանքին մէջ, այդ ալ` մաքուր, հարազատ արուեստը:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Կը կարծեմ, որ արուեստը միշտ տեղ ունի մեր կեանքին մէջ, նաեւ կը մտածեմ, որ բարձր արհեստագիտութիւնները կրնան նոր ուղի, նոր արուեստի ճիւղ զարգացնել, որովհետեւ այդ մէկը նոյնպէս մարդու գործունէութեան արդիւնք է: Անկախ արհեստագիտութիւններէն` իսկական ստեղծագործութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ զգացմունքներու, գեղեցկութեան եւ ներքին համերաշխութեան աղբիւր: Արուեստը կ՛օգնէ մարդուն` կանգ առնել, զգալ ինքզինք եւ մտածել շրջապատող աշխարհի մասին:

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Արուեստը միշտ կարեւոր է մարդու համար: Ենթադրուող թուային արհեստագիտութիւններու եւ ընկերային ցանցերու դարաշրջանին իրական գեղանկարչութիւնն ու ստեղծագործութիւնը կը պահեն իրենց արժէքը, հնարաւորութիւն կու տան զգալու կեանքի խորութիւնը եւ ճանչնալու սեփական «ես»-ը:

ԳԱԳԻԿ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ.- Ժամանակակից արհեստագիտութիւնները եւ արհեստական բանականութիւնը կը փոխեն արուեստի հետ հաղորդակցութեան ձեւերը, սակայն չեն կրնար փոխարինել անկեղծ ստեղծագործական արտայայտութիւնը: Մաքուր արուեստը կը մնայ կեանքի անբաժանելի մաս, որ կը ներշնչէ, զգացմունքներ կ՛արթնցնէ եւ կը  բանայ ընկալման նոր հորիզոններ:

 

 

Նախորդը

Տոմսեր. Ուրախացէ՜ք, Նոր Հող Պիտի Նուիրենք…

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. Յիշատակելի Երեկոյի Մը` Լըպրոն Ճէյմս Վերադարձաւ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.