Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 20, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քանատա

Կամաւորներու Յիշատակի Օրուան Նուիրուած Արարողութիւններ` Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Մէջ

11 նոյեմբերին, ՀՅԴ-ի Քանատսյի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Վանքուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները մասնակցեցան կամաւորներու յիշատակի օրուան նուիրուած պետական եւ համայնքային արարողութիւններուն` Վանքուվըր եւ Մէյփլ Ռիտճ քաղաքներուն մէջ:

Վանքուվըրի արարողութեան մասնակցեցաւ ՀՕՄ-ի Վանքուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քլարա Գասապեան-Յակոբեան` մաս կազմելով ՆԱԹՕ-ի Քանատայի Ընկերակցութեան պատուիրակութեան կազմին:

Յիշատակի նախաձեռնութիւններու ընթացքին Հայ դատի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան շինիչ եւ անմիջական զրոյցներ ունենալու քանատացի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային պաշտօնատարներու հետ:

Հայ դատի անունով Վահէ Անտոնեան հանդիպում ունեցաւ Քանատայի խորհրդարանի երեսփոխան Մարք Տալթընի հետ, որուն ընթացքին ներկայացուց ամփոփ զեկուցում` առնչուած հայ-քանատական համայնքը մտահոգող հիմնական հարցերուն, ներառեալ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը, Արցախի բնիկ ժողովուրդին ճակատագիրը եւ անոնց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներուն անորոշ վիճակը:

Միացեալ Նահանգներ

Արա Օշականի Ցուցահանդէսը Նուիրուած Սփիւռքի Եւ Հայոց Պատմութեան Էջերուն

1 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի գլխաւոր ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Արա Օշականի «Արա Օշական` ուր կը մնայ ապագան» խորագրով աշխատանքներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը:

Կեդրոնական գրադարանի Ուսումնասիրութիւններու եւ յատուկ հաւաքածոներու հարցերու ղեկավար Անի Պոյաճեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ հայկական թեմաներով նման  ծաւալի ցուցահանդէս առաջին անգամ է, որ կը կազմակերպուի հանրային գրադարանի հիմնական ցուցասրահին մէջ, աւելցնելով, որ առաջին անգամ է նաեւ, որ ներկայացուած է աշխարհի վտանգուած լեզուներու շարքին գտնուող արեւմտահայերէնը: Ան հաստատեց, որ սոյն ցուցահանդէսը բացառիկ է նաեւ, որովհետեւ կ՛արտայայտէ սփիւռքի ընդհանուր ինքնութիւնը, էութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի պատմութիւնը` Շուշիի եւ Ջդրդուզի պատկերներով, բռնի տեղահանուած արցախցիներու պատմութիւններով:

Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Ադրին Նազարեան յայտնեց, որ սրահին մէջ ցուցադրուած որոշ լուսանկարներ թէեւ կը պատկերեն շարունակական կորուստ կամ հիասթափութիւն, սակայն իրողութիւն է այն փաստը, որ մենք այստեղ ենք եւ կրնանք շարունակել պատմել մեր պատմութիւնը: Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արա Օշականին եւ անոր յանձնեց պատուոյ գիր մը:

Գրադարանի ներկայացուցիչ Ճոն Զիկլեր դիտել տուաւ, որ իրենք հպարտ են այս ցուցահանդէսով, աւելցնելով, որ այցելուները առիթ կ՛ունենան տեղեկանալու հայկական սփիւռքի եւ հայերու պատմութեան այլ էջերու մասին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 11 յունուար:

Սուրիա

Մեծարանքի Երեկոյ Ի Պատիւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարանի Վաստակաշատ Տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեանի

Կազմակերպութեամբ Կրթասիրաց մշակութային միութեան խնամակալութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան, 2 նոյեմբերին «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ, ի պատիւ անձնդիր կրթական մշակ, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի վաստակաշատ տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեանի` որպէս տնօրէն իր 26-ամեայ անսակարկ ծառայութեան աւարտին:

Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, վարժարանի քարտուղար Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեան, որ անդրադարձաւ Անդրանիկի Պօղոսեանի հայ դպրոցէն ներս ունեցած 26 տարիներու նուիրուածութեան եւ բազմաբեղուն աշխատանքին: Ապա խօսք առաւ միութեան խնամակալութեան ատենապետ Կարպիս Պարտագճեան, որ նշեց, թէ Անդրանիկ Պօղոսեան հանդիսացաւ Կրթասիրացի բազմանդամ ընտանիքի հարազատներէն մէկը` որպէս բազմավաստակ տնօրէն Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի, հաստատելով, որ ան իր տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքով, հաւատքով, դաստիարակչական մօտեցումով, ճկուն յարաբերութեամբ եւ աշխատունակ հոգիով կրցաւ իրականացնել իրեն վստահուած տնօրէնութեան ծանր առաքելութիւնը եւ Կրթասիրացը նոր բարձունքներու հասցնել` 2003-ին վարժարանը օժտելով միջնակարգի բաժինով եւ 2006-ին` երկրորդականի բաժինով:

Հոգաբարձութեան փոխատենապետ Կարէն Պիլեմճեան յայտնեց, թէ Անդրանիկ Պօղոսեան 26 տարիներ շարունակ աշխատելով` իր դրոշմը դրաւ վարժարանին եւ ընդհանրապէս ուսումնակրթական բնագաւառէն ներս: Իբրեւ հայ վաստակաշատ տնօրէն եւ իսկական տիպար` ան կերտեց իրարու յաջորդող գիտակից սերունդներ` անոնց ջամբելով բարձրորակ ուսում եւ ազգային ոգի, հայրական գուրգուրանքով եւ խրատներով մշտապէս օգտակար դառնալով աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Պիլեմճեան նշեց, որ տնօրէնին պարգեւատրման առիթով Սեւակ, Սերոբ եւ Սարօ Պօղոսեաններուն կողմէ հիմնուեցաւ «Անդրանիկ-Սոնա Պօղոսեաններ» ուսումնական մրցանակը, որ մինչեւ օրս կը շնորհուի միջնակարգի եւ երկրորդական կարգերու հայոց լեզուի եւ ընդհանուր նիւթերու առաջնակարգ ուսանողներուն:

Վարժարանի նորանշանակ տնօրէն տոքթ. Ճորճ Դաւիթեան յայտնեց, որ Պօղոսեան տարիներ շարունակ եղաւ լուսաւոր ճրագը դպրոցին` առաջնորդ, ուսուցիչ, բարեկամ եւ հայրական մօտեցում ունեցող անձնաւորութիւն:

Այնուհետեւ, տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցան Անդրանիկ Պօղոսեանի տնօրէնութեան տարիներու գործունէութեան լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` Յակոբ Գասարեանի, Ալեքսան Գարատանայեանի եւ Վաչէ Տիշոյեանի սրտի խօսքերը:

Անդրանիկ Պօղոսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Կրթասիրացի մէջ մատուցած իր 26-ամեայ ծառայութեան համար: Ան անդրադարձաւ Կրթասիրացի բարգաւաճման եւ երկրորդական բաժինի կառուցման համար տարուած մեծ աշխատանքին` յիշելով նաեւ վարժարան այցելած հանրայայտ գրագէտները եւ անձնաւորութիւնները: Ան նկարագրեց նաեւ պատերազմի տարիներուն ռմբակոծումներու տակ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Պօղոսեան հաստատեց, թէ հայ դպրոցը իր դռները բաց կը պահէ հայ աշակերտներուն առջեւ եւ ընդունելի չէ, որ ոեւէ հայ փոքրիկ զրկուի ուսումէ եւ հեռու մնայ հայկական կրթօճախէ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը:

Թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան իր սրտի խօսքին մէջ վեր առաւ` Անդրանիկ Պօղոսեանի ծառայական ոգին, անոր ազնուութիւնը, խոնարհութիւնը եւ տրոփող սիրտը, որոնց մէջ կը պարփակուին` հայրենիքի հանդէպ սէրը, մեր մշակութային, հոգեւոր, ազգային եւ կրթական արժէքները: Ան ըսաւ, որ ծառայելով Կրթասիրացին` ծառայած եղաւ Բերիոյ հայոց թեմին, հայ ազգին, Սուրիոյ եւ ողջ հայրենիքին:

Թեհրան

Արցախի Ազատագրական Պայքարին Եւ Հերոսներուն Նուիրուած Երեկոյ

12 նոյեմբերին Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան «Արցախ» սրահին մէջ նշուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին եւ հերոսներուն նուիրուած երեկոյ` «Արցախը տուն է, որ ձգած ենք կանգուն, որպէսզի օր մը վերադառնանք յաղթանակով» բնաբանով:

Միութեան Գրական խումբի նախաձեռնած ձեռնարկին նոր սերունդի ներկայացուցիչները իրենց խօսքերով, ասմունքներով եւ երգերով ներկայացուցին Արցախի վերիվայրումներով լեցուն պատմութիւնը, հայ ժողովուրդի մղած ազատագրական պայքարը` յանուն Արցախի ազատագրման: Տեսերիզներու միջոցով ներկայացուեցան նաեւ կարգ մը հերոսներ եւ նահատակներ, որոնց սխրագործութիւնները ապացոյցն էին հազարաւոր նահատակներու եւ ռազմիկներու նուիրագործումներուն:

Նոր Ջուղա

«Զարթօնք» Պարախումբի Ելոյթ` Նուիրուած Հայ Մշակոյթի Տօնին

Հովանաւորութեամբ Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեգործական ընկերութեան, 6 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան մարզասրահին մէջ Հայ մշակոյթի տօնին առիթով համերգով մը հանդէս եկաւ Թեհրանի մէջ գործող «Զարթօնք» պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լորեթա Աւետիսեանի:

Ընկերութեան անունով խօսք առաւ Վեհանուշ Խուդաբախշեան, որ անդրադարձաւ մշակոյթ հասկացողութեան` որպէս ինքնութեան խորհրդանիշի` կեդրոնանալով պարի եւ երգի առանձնայատկութիւններուն եւ նշեց, որ այս հայկական ոգիով եւ ներշնչումով հիմը դրուած եւ առաջնորդուած է 37-ամեայ «Զարթօնք» պարախումբը:

Երեկոյի ընթացքին խումբը հանդէս եկաւ 27 հայկական եւ օտար ազգագրական ու ժամանակակից պարերով:

Աւարտին Հայուհեաց բարեգործական ընկերութեան նախագահ Մարօ Աղախանեան ծաղկեփունջ եւ յուշանուէր յանձնեց խումբի ղեկավար Լորեթա Աւետիսեանին:

Յունաստան

200 Երիտասարդներ Եւ Պատանիներ Պանծացուցին Հայկական Ժողովրդային Պարերը

8 նոյեմբերին շուրջ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ համատեղ ապրեցուցին հայ պարն ու հայկական աւանդական սովորութիւններու հարստութիւնը` հրամցնելով անզուգական ու իր կարգին բացառիկ համոյթ մը: Պարային ելոյթը նուիրուած էր «Նայիրի» պարախումբի 30-ամեակին, իսկ առաջին անգամ ըլլալով բեմին վրայ ներկայացան Աթէնքի մէջ գործող Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերը` ղեկավարութեամբ Էտկար Էկեանի, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Մասիս» եւ «Կիլիկիա» պարախումբերը, պարուսոյցներ` Ռաֆայէլ Վարդազարեան եւ Արմենուհի Մելքումեան, իսկ Քոմոթինիէն` Հայ մշակութային միութեան «Ուրարտու» պարախումբը, պարուսոյց` Ռուզաննա Զոհրապեան :

Հանդիսութեան ներկայ էին` թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, հոգեւոր դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ վարչական անդամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկան Անասթասիա Գույումճեան եւ Անդրանիկ Շահպազեան, որոնք անդրադարձան «Նայիրի» պարախումբի 30 տարիներու գործունէութեան, որ տուաւ պարողներու անհամար սերունդներ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ներշնչել հայ երիտասարդութիւնն ու վառ պահել հայկական մշակութային արժէքները:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Նայիրի» պարախումբի երեք տասնամեակներու վրայ երկարող ելոյթներու եւ փորձերու նկարահանումները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք հերթաբար բեմ բարձրացան բոլոր պարախումբերը` ներկայացնելու համար 25 պարերու շարք մը: Պարերուն զուգահեռ, պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին` տարբեր նկարներ, հայրենի տեսարաններ, ազգագրական գանձեր ու պարախումբերու անուններ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշատախտակներու եւ ծաղկեփունջերու փոխանակում:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Լաւաշը` Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Ցանկին

Յաջորդը

Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնը

RelatedPosts

Մոնրէալի Եւ Լաւալի Քաղաքապետական  Ընտրութիւններուն Երեք Հայազգի Թեկնածուներ  Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն
Գաղութէ Գաղութ

Վանա Նազարեան Նշանակուած Է Մոնթրէալի Նոր Գործադիր Մարմնի Խորհրդական

Նոյեմբեր 19, 2025
Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին
Գաղութէ Գաղութ

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին

Նոյեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?