Հայերէն Չեմ Կրնար Խօսիլ
ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տարիները թաւալգլոր սահեցան: Ահաւասիկ տասնամեակէ մը աւելի տարիներ անցան այն օրէն, երբ սուրիական հայրենիքը պարտադրաբար լքեցի եւ փոխադրուեցայ ովկիանոսէն անդին: Առաջին քանի մը տարին նոր շրջանակը, ապրելակերպը, գործը եւ ծնողքիս ու հարազատներուս բացակայութիւնը զիս տանջեցին: Հետզհետէ այդ բոլորը յաղթահարելով` նոր ճամբաս հարթեցի եւ խաղաղութեամբ կեանքս շարունակեցի: Ի՛նչ մեղքս պահեմ` երեսի վրայ լքած տունիս-տեղիս կարօտը, ընկերներուս, շրջանակիս եւ...




















