Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը հաղորդեց, որ հեղինակաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնի իր մահկանացուն կնքած է. ան 93 տարեկան էր:
«Դոկտոր Չառնի ցեղասպանագիտութեան բնագաւառի ռահվիրաներէն էր եւ մարդկային իրաւունքներու հաստատակամ ջատագովը: Ան մեր հիմնարկի Genocide Studies International ակադեմական ամսագիրի հիմնադիր համախմբագիրներէն էր. ան առանցքային դեր ունեցած է ցեղասպանագիտութեան կարգապահութեան ձեւաւորման գործին մէջ, ոչ միայն ամսագիրը, այլ նաեւ` Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը համահիմնադրելով եւ այդ նիւթով բազմաթիւ յօդուածներ, հատորներու գլուխներ ու գիրքեր գրելով եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան մասին հանրագիտարան մը կազմելով: Անոր ներդրումը այնքան խոր էր, որ անոր երեք գիրքերը Ամերիկեան գրադարանային միութեան կողմէ արժանացած են հեղինակաւոր «Տարուան լաւագոյն ակադեմական գիրք» մրցանակին», կ՛ըսուի հիմնարկին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Շարք մը համալսարաններու մէջ դասախօսած Չառնի նաեւ Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէնը եղած էր:
Նշենք, որ Չառնի եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին ջատագով մը` յատկապէս ջանալով այդ մէկը իրականացնել Իսրայէլի մէջ:
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը ցնցէ, կը յուզէ, յարգանք կը պարտադրէ եւ մեղաւորներուն նկատմամբ բուռն զայրոյթով կը համակէ», յայտարարած էր Չառնի 2015-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկօրեայ համաշխարհային հաւաքին ընթացքին:
Իսկ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Չառնի ըսած էր, որ իսրայէլցիներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի հետ է, եւ սրտնեղած է Իսրայէլի կառավարութեան «տգեղ դերակատարութենէն»` ակնարկելով Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու իրականութեան: