«Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը (OCCRP) 2012 թուականին ընտրած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւը` իր առաջին «Տարուան մարդ»-ը մրցանակին համար, որ կը տրուի այն անհատին կամ հաստատութեան, որ աշխարհին մէջ առաւելագոյնը կատարած է կազմակերպուած յանցագործութեան ու փտածութեան յառաջխաղացքին համար»:
«Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը հետաքննող լրագրողներու համաշխարհային ցանց է, որ աւելի քան տասնամեակ մը բացայայտած է նախագահ Ալիեւի ընտանիքին եւ անոր անմիջական շրջանակին կողմէ պետական միջոցներու իւրացումը` արտերկրի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերելու նպատակով:
Թէեւ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը հաղորդեն Ազրպէյճանի կողմէ լրագրողներու, ընդդիմութեան անդամներու եւ իրաւապաշտպաններու բանտարկութեան մասին, բայց եւ այնպէս, «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը այն հազուագիւտ խումբերէն է, որ փաստագրած է ալիեւներու ընտանիքին կողմէ Լոնտոնի սրտին մէջ արժէքաւոր անշարժ գոյքի գաղտնի ձեռքբերումները: Այս սեփականութիւններէն շատերը թաքնուած են արտասահմանեան օֆշորային կազմակերպութիւններու ետին` դժուարացնելով բացայայտել անոնց իսկական սեփականատէրերը:
Բայց եւ այնպէս, 2022 թուականին բրիտանական կառավարութիւնը որդեգրեց նոր օրէնքներ, որոնք կ՛օգնեն բացայայտել այդ ունեցուածքներէն քանի մը հատին սեփականատէրերը: «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-էն Ճէյմզ Օ՛Պրայըն իր` «Լոնտոնեան շքեղ կալուածներ, որոնք առնչուած են Ազրպէյճանի նախագահին ընտանիքին, թաքնուած են օֆշորային կազմակերպութեան ետին» խորագիրով յօդուածին մէջ այս ամիս կը տեղեկագրէ, որ ալիեւներու ընտանիքը «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ արժողութեամբ բրիտանական անշարժ գոյք ձեռք բերած է»: Յօդուածին մէջ կը հաստատուի. «Նոր հասանելի տուեալները ցոյց կու տան, որ Ալիեւի դուստրերը Լոնտոնի մէջ սեփականատէր են վեց շքեղ բնակարաններու: Սակայն ներկայ սեփականատիրութիւնը 10 (այլ) ինչքերու, զորս ընտանիքը ձեռք բերած է 160 միլիոն տոլարի, կը մնայ անյայտ, քանի որ անոնց փոխանցումները կատարուած են օֆշորային կազմակերպութեան կողմէ: Այդ կազմակերպութեան կառոյցները ներկայիս զերծ կը մնան հանրային վերահսկողութենէն»:
«Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը կը տեղեկագրէ, որ ալիեւները Լոնտոնի մէջ ունին` «Բրիտանական թանգարանին մօտ գտնուող պանդոկի շէնք մը. երկնաքեր (փենթհաուս) յարկաբաժիններ` Հայտ փարքէն միայն քանի մը քայլ հեռու: Առանձնատուն մը, որ կը նայի Հեմփսթետ Հիթի կանաչ տարածութեան: Եւ` շա՛տ աւելին: 2021 թուականին վերոնշեալ նախագիծը բացայայտեց, որ 700 միլիոն տոլար արժողութեամբ լոնտոնեան անշարժ գոյքի հաւաքածոն ձեռք բերուած է Ազրպէյճանի երկարամեայ բռնակալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին եւ մտերիմներուն կողմէ: Երկու տասնամեակ շարունակ անվիճարկելի քաղաքական իշխանութիւնը վերածելով հսկայական հարստութեան` այս ընտրանի խումբը որոշած է հարստութիւնը մսխել ժողովրդավարական աշխարհի ելեւմտական կեդրոններէն մէկուն մէջ: Անոնց գնած ինչքերը կը պատկանին տասնեակ գաղտնի օֆշորային ընկերութիւններու` ծածկելով իրենց սեփականութիւնը հանրային վերահսկողութենէն: «Փանտորա փէյփըրզ»-ի` Հետաքննող լրագրողներու միջազգային առեւտրական ընկերակցութեան կողմէ ձեռք բերուած գաղտնի օֆշորային փաստաթուղթերու արտահոսքին շնորհիւ է, որ լրագրողները կրցան զանոնք կապել ալիեւներուն հետ»:
«Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը կը տեղեկացնէ, որ` «Համագործակցած է Բրիտանիոյ «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող քարոզչական խումբի հետազօտողներուն հետ` վերանայելու Լոնտոնի 23 գոյքերը, զորս մեր նախկին հետաքննութիւնը կը կապէր ալիեւներուն»: Անոնք բացայայտած են, որ` «Նախագահ Ալիեւի դուստրերը` Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները, անձամբ ունին վեց շքեղ բնակարան Հայտ փարքի դիմացի փողոցին կից: Սակայն (Օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու գրանցամատեանին մէջ) չի նշուիր, թէ ի վերջոյ որո՛ւ կը պատկանին 10 անշարժ գոյքերը, զորս ալիեւներն ու անոնց մտերիմները ձեռք բերած են 160 միլիոն տոլարով` առանձնատուն Հեմփսթետ Հիթի մէջ, երկու թաունհաուս (քաղաքի տուն), բազմաթիւ բնակարաններ եւ երկնաքեր յարկաբաժիններ, ինչպէս նաեւ վեց յարկանի շէնք` Կեդրոնական Լոնտոնի մէջ: Ասիկա միայն կը բացայայտէ, որ անոնք կը պատկանին Մեն կղզիի մէջ արձանագրուած կազմակերպութեան»:
Ալիեւի գրասենեակը «չպատասխանեց («Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ի) հարցումներուն, սակայն նախագահ Ալիեւ նախապէս իր հարստութիւնը վերագրած էր գործարարութեան մէջ յաջողութեան»:
«Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը կը յայտնէ, որ 2021-ին իր նախագահական կայքին վրայ Ալիեւը «ընդունեց, որ ինք «աղքատ մարդ չէր», երբ նախագահ դարձաւ, բայց ըսաւ, թէ ատոր պատճառը իր գործարարական ձեռքբերումներն են: (Ազրպէյճանի անկախացումէն ետք առաջին առաջնորդին որդին` Ալիեւը, վարած է Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան փոխնախագահի պաշտօնը, նախքան 2003 թուականին իր հայրը փոխարինելը` նախագահի պաշտօնին վրայ): «Ի տարբերութիւն Արեւմուտքի որոշ այլ մարդոց, որոնք իրենց ամբողջ հարստութիւնը կը նուիրեն իրենց կատուներուն եւ շուներուն, Իտալիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ մենք կարեւոր կը նկատենք ընտանեկան արժէքները», ըսաւ ան այն ատեն: «Ուստի ես իմ ամբողջ գործարարութիւնս փոխանցեցի զաւակներուս»:
2015 թուականին «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը կը յայտնէ, որ` «Լէյլա Ալիեւան` Ազրպէյճանի նախագահին այն ատենուան 29-ամեայ աւագ դուստրը, տնօրէններէն մէկն էր բրիտանական ընկերութեան, որ կը կառավարէր աւելի քան 33 միլիոն տոլար արժողութեամբ (հինգ յարկանի) շքեղ շէնքը»:
Թէեւ կազմակերպութիւնը կը թաքցնէ լոնտոնեան 10 բարձրակարգ գոյքի սեփականութիւնը, բայց եւ այնպէս, անոնց ինը «Օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու գրանցամատեան»-ին մէջ նշուած են անունով նոյն անձին, որ ունի «զգալի ազդեցութիւն կամ վերահսկողութիւն» օֆշորային ընկերութիւններու վրայ, որոնց սեփականատէրն է Միր Փաշայեւը… նախագահ Իլհամ Ալիեւի կնոջ զարմիկը: 54-ամեայ դրամավարը սերտօրէն կապուած է ալիեւներու ընտանիքին գործարարական շահերուն հետ: Ան խորհուրդի նախագահն է «Փաշա պանք»-ի` մեծ վարկատու մը, որ կը պատկանի նախագահին դուստրերուն` Լէյլային եւ Արզուին, եւ Տնօրէններու խորհուրդի փոխնախագահը անոնց ամբողջ «Փաշա հոլտինկզ» գործարարական ցանցի, որ կը ներառէ դրամատնային, ապահովագրական եւ շինարարական ոլորտներու շահերը»:
«Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը յայտնած է, որ «2014 թուականի հոկտեմբերին ան (Փաշայեւը) Լէյլա Ալիեւայէն ստանձնած է տնօրէնութիւնը այն ընկերութեան, որ կը կառավարէ «Սփիքըրզ քոռնըր»-ի (Լոնտոն) անոր առանձնատունը»:
Նախագահ Ալիեւի մնայուն սպառնալիքները` յարձակելու Հայաստանի վրայ, եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չհամաձայնի զիջումներ կատարել, նպատակ ունին շեղել ուշադրութիւնը Ալիեւի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներէն եւ Ազրպէյճանի պետական միջոցներու իւրացումէն, որ անոր քաղաքացիները կը զրկէ երկրի միլիառաւոր տոլարներու նաւթի ու կազի եկամուտներէն: