Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայկ Դեմոյեան. «Ոչ Թէ Գնդակահարութեան Պատ, Այլ` Ծանր Յանցագործութիւններու Մասին Հաղորդում»

Դեկտեմբեր 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրում` ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պատմաբան Հայկ Դեմոյեան` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի նախկին տնօրէնը  Դիմատետրի իր էջին մէջ փաշինեաններուն դէմ ծանրագոյն մեղադրանքներ ներկայացուցած է` պատասխանելով Փաշինեանի 12 դեկտեմբեր 2024-ի յայտարարութեան, որ այսպէս կոչուած (իր) «գնդակահարութեան պատին» տակ քաղաքացիները իրենց դժգոհութիւններն ու մեղադրանքները կրնան գրել: Դեմոյեան հետեւեալ 20 ծանր ամբաստանութիւնները կը ներկայացնէ: Պէտք էր 20-էն շատ աւելին ըլլար, ինչպէս Յարութ Սասունեան կը գրէ «Ամէն Բերանը բանալուն Փաշինեան վնաս կը հասցնէ Հայաստանի շահերուն» խորագրեալ յօդուածին մէջ (1):

Երկրորդելով վերոնշեալը` «Յուսաբեր» օրաթերթի 14 դեկտեմբեր 2024-ի թիւէն (2), (3) քաղելով` կը ներկայացնեմ գրառումը երբեմն արեւմտահայերէնի վերածելով.

                                        1. Հայկ Դեմոյեան                                                                   2. Գնդակահարութիւնով մահապատիժ

«Պարոնայք փաշինեաններ, սոսկալի լաւ առիթ ու հնարաւորութիւն ընձեռեցիք ձեր վեցամեայ գործունէութեան մանրամասնօրէն ու հանգամանալի անդրադառնալու համար: Ես` հոգու խորքում մարդասէր ու բարի ՀՀ քաղաքացիս, իմ համեստ ներդրումն եմ ցանկանում բերել մեր երկրում հէնց ձեր ու ձեզ սատարողների գործունէութեան պատճառով ստեղծուած իրավիճակը` պատմութեան համար արձանագրելու եւ ապագայ պատմաբաններուն փոխանցելու համար: Դա կարեւոր առաքելութիւն է, որու իմաստն ու նշանակութիւնը չէք հասկնար, ինչպէս եւ չեն հասկնար ձեր շրջապատին գտնուող պատմաբան-կեղծարարներն ու սպասարկու մտաւորականները:

«Այժմ, ըստ էութեան ու բովանդակութեան, ներկայացնեմ այն ծանրագոյն մեղադրանքները, որոնց համար պատիժն ու անոր չափը ո՛չ ես եմ որոշում, ո՛չ ալ դուք, այլ` ՀՀ գործող օրէնքները:

«Դուք կը մեղադրուիք`

1.- Վաղօրօք ծրագրուած եւ նախապատրաստուած հակապետական ու հակասահմանադրական գործողութեան մէջ ներքաշուելու, տասնեակ հազարաւոր ՀՀ քաղաքացիներու ցանկութիւններն ու նպատակները շահագործելու եւ այդ եղանակով շինծու իշխանափոխութեան ծրագիրին մէջ գործուն մասնակցութիւն ունենալու համար:

2.- Կանխորոշուած ելքով պատերազմ հրահրելու, այդ պատերազմի սանձազերծման ու անոր հնարաւոր հետեւանքներուն մասին հասարակութիւնը չիրազեկելու, պատերազմի ընթացքին ռազմական եւ պետական գաղտնիքներ հրապարակելու, գիտակցաբար հարիւրաւոր հայրենասէր հայ երիտասարդներ դէպի ստոյգ մահ ուղղորդելու համար:

3.- Դուք կը մեղադրուիք բազմաթիւ գործողութիւններով ու յայտարարութիւններով արցախահայութեան դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան ծրագրին մասնակցութիւն ունենալու մէջ: Անոր ամենացցուն ապացոյցը 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան տակ մինչեւ օրս «փայլող» ձեր ստորագրութիւնն է:

4.- Դուք եւ ձեր խմբակիցները, ի հակադրում ՀՀ տարածքային անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու ՀՀ սահմանադրութեան պահանջին եւ երկրին գրաւուած տարածքները շուտափոյթ ազատագրելու անհրաժեշտութեան, վտանգաւոր ու անհիմն յայտարարութիւններով թշնամի երկրին նոր տարածքներ գրաւելու համար պարարտ հող կը նախապատրաստէք:

5.- Դուք եւ ձեր հովանաւորեալները ո՛չ միայն մսխած էք վերջին երեք տասնամեակներուն բազմաթիւ զոհողութիւններու եւ զրկանքներու գնով ձեռք բերուածը, այլեւ բոլոր ասպարէզներու եւ բոլոր ոլորտներու մէջ ա՛լ աւելի խոցելի դարձուցած էք ՀՀ անվտանգութիւնն ու ապագան` հէնց ձեր կերպարով ստորնացնելով հազարամեակներու պատմական ժառանգութիւն ու մշակոյթ ունեցող հայ ժողովուրդը:

6.- Դուք վերածուած էք Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ ազդեցութեան գործակալ-խօսնակ` ձեր յայտարարութիւններով եւ ահաբեկումներով հող նախապատրաստելով ապագային նոր կորուստներու եւ զիջումներու համար:

7.- Միայն ձեր նման տիպարը կրնայ նստիլ հազարաւոր հայ երիտասարդներու կոտորածին ու խեղման համար պատասխանատու երկրի առաջնորդին կողքին ու կատակելով ժպտի ու ծիծաղի: Դա նոյնպէս պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:

8.- Դուք, ձեր խմբակով հանդերձ, ա՛լ աւելի ամրացուցիք ու նոր գոյներով հարստացուցիք` մեր երկրին մէջ վաղուց ձեւաւորուած համակարգային փտածութիւնը, հովանաւորչութիւնը, ընտրովի եւ, ըստ էութեան, յանցաւոր արդարադատութեան համակարգը: Դուք դարձաք յանցագործութիւններ ծածկելու, սպանութիւններ չբացայայտելու արատաւոր համակարգի գլխաւոր երաշխաւորն ու խորհրդանշանը:

9.- Դուք, ձեր նախարարներով հանդերձ, փորձում էք կրթութեան ու գիտութեան ոլորտին մէջ ներդրել ձեր մտաւոր կարողութիւններէն եւ ունակութիւններէն վեր նախագծեր` նպատակ ունենալով յանցաւոր մենաշնորհեալներու համակարգին եկամուտի նոր աղբիւրներ ապահովել ու սպասարկել: Այդ նոյնպէս յանցագործութիւն կը համարուի:

10.- Դպրոցական պատմութեան եւ միւս առարկաների դասագրքերի ապաշնորհ պատրաստումը, բազմաթիւ վտանգաւոր փտածութեամբ ու մասնագէտ-գիտնականներուն ստորնագոյն ձեւերով ահաբեկելը դարձաւ ձեր քաղաքական խումբին հիմնական այցեքարտը:

11.- Դուք կը մեղադրուիք հասարակութեան բեւեռացումին, այլանդակ նոր բարքեր ներդրելու, աժան խարդախութիւններով երկիր կառավարելու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերը գիտակցաբար թուլացնելու ու խարխլելու համար:

12.- Դուք կը ղեկավարէք քաղաքական շինծու միաւոր մը, որուն անդամներէն շատերը ժամանակին հաւաքագրուած են յանցաւոր գործունէութեան հիմքով ու համասեռամոլ կեանք վարելու մեղադրանքով:

13.- Դուք կը մեղադրուիք ազգային ու պետական խորհրդանշանները ծաղրելու, Հայոց պատմութեան հարցերու եւ ազգային յիշողութեան շուրջ ոչ մասնագիտական ու իր բնոյթով այլանդակ որոշումներ ընդունելու եւ անոնց սպասարկման համար բարոյական նկարագրէ զուրկ կեղծ մտաւորականներ ներքաշելու մէջ:

14.- Ձեր յայտարարութիւններով դուք բազմաթիւ անգամ ժխտեցիք ու հարցականի տակ դրիք Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը` հարիւր հազարաւոր հայորդիներու տառապանքն ու դաժան ճակատագիրը վերածելով պարզունակ ու փողոցային լրագրողական մեկնաբանութեան:

15.- Դուք եւ ձեր համակիրները վերջին տարիներուն ապականեցիք ու յարաբերականացուցիք Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու Մեծ եղեռնի զոհերուն յուշահամալիրը` ի զուր փորձելով այդ կերպով սիրաշահիլ Ցեղասպանութիւնը այլ եղանակներով շարունակող Թուրքիան:

16.- Հէնց դուք կը մեղադրուիք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ձեր իսկ որոշումով ստեղծած Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ գողութեան ու այլ յանցագործութիւններու մէջ կասկածուող անձեր նշանակելու, այդ յանցագործութիւններուն վերաբերեալ գրաւոր հարցումներուն չպատասխանելու եւ բազմաթիւ այլ յանցագործութիւններ ծածկելու համար:

17.- Հանդիսանալով ՀԱՅԱՍՏԱՆ համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, անձամբ պատասխանատուութիւն կը կրէք հիմնադրամին միջոցով հաւաքագրուած ու անհետացած գումարներուն համար, մինչ հանրութեան սպառիչ տեղեկութիւն կը տրամադրուի անոնց ապագայ ճակատագրին վերաբերեալ:

18.- Դուք կը կրէք ամբողջ պատասխանատուութիւնը պետական պաշտօնէութեան խայտառակ քաղաքականութեան համար, որուն պատճառով յարաբերականացուած են պետական կառավարում կոչուածն ու պետականաստեղծ գործընթացները: Բախտախնդիրներու եւ պատեհապաշտներու առատութիւնը ձեր քաղաքական խմբակին մէջ մեր երկրին ապագան կը դարձնեն ալ աւելի մշուշոտ եւ զուրկ` որեւէ երաշխիքէ:

19.- Հէնց ձեր համակիրներն ու ձեր կողմէ խայտառակ եղանակով իրականացուած իշխանութիւնը գրաւելու գործընթացը սպասարկող անձինք են, որոնք առատ նիւթ կը հայթայթեն թշնամի երկրի հակահայ քարոզչութեան, որուն համար նոյնպէս պատասխանատուութիւն պիտի կրէք: Դուք եւ ձեզի սատարողներն ու սպասարկողները Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, ի մասնաւորի` տեղեկատուական անվտանգութիւնը խաթարող հիմնական անձինքն էք, բան մը, որուն նախադէպը չկայ համաշխարհային պատմութեան մէջ:

20.- Դուք կը կրէք յղի հայ կնոջն ու ԱՊԱԳԱՅ ՀՀ քաղաքացին սպաննելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը, եւ այդ ամենամեծ ու ողբալի խորհրդանշանն է, որ իբրեւ խարան պիտի կրէք ձեր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Հայ ժողովուրդին ու անոր կերտած պետականութեան հէնց այս սեւ էջերն էք շարունակում լեցնել ու լրացնել` ձեզ սպասարկող ինքնութիւնից ու արժանապատուութիւնից զուրկ վայ-մտաւորականներով հանդերձ…

Ինչ կը վերաբերի գնդակահարութեան եւ յարմար պատին, ապա ազատ զգացէք ինքնուրոյն որոշելու, թէ ի՛նչ տրամաչափի գնդակ կը նախընտրէիք այս պարագային: Ես քրիստոնէաբար կը հրաժարիմ ձեզ գնդակահարելէ, քանի որ, ըստ ՀՀ գործող օրէնքներուն, խիստ ցանկալի կը տեսնեմ ձեզ ցմահ բանտարկելը` իբրեւ ազգային դաւաճանութեան եւ հայկական պետականութեան լուծարման գործին լծուած անձի դէմ կիրարկուելիք պատիժի կենդանի ապացոյց»:

ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ

«Յուսաբեր»
14 դեկտեմբեր 2024

————-

1.- https://www.aztagdaily.com/archives/634676

2.-  https://mail.google.com/mail/u/0?ui=2&ik=dae677344e&attid=0.1&permmsgid=msg-f:1818398445683531734&th=193c3fc08716dfd6&view=att&disp=safe&realattid=f_m4n95aj80&zw

3.- https://news.am/arm/news/856991.html

Նախորդը

«Գեթթի» Թանգարանում Պահուող Թ. Ռոսլինի ԶԷյթունի Աւետարանի Էջերը` Հայ Մշակոյթի Լաւագոյն Դեսպան Եւ Հայոց Պատմութեան Խօսուն Վկայ

Յաջորդը

Բարի Երթ «Հայրենիք»-ին («Հայրենիք»-ի 125-Ամեայ Տարեդարձին Առիթով)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?