Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրան
Անխոնջ Պայքարի, Անսակարկ Նուիրումի, Աննահանջ Երթի 134 Տարիներ
18 դեկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 134-ամեակը:
Օրուան առիթով ՀՅԴ Թեհրանի եւ Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը կարդաց ձեռնարկի հաղորդավար Բիայնա Ամիրեան, իսկ Հալէպէն Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Մարիա Գաբրիէլեան տեսերիզով ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ անցնող 35 տարիները մեր հայրենիքին եւ ազգին համար վերիվայրումներու տարիներ էին, աւելցնելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը անբաժին չէր այս ճակատագրական ժամանակաշրջանին իր ուրոյն դերը ունենալու մէջ: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի անկախացումը, Արցախի ազատագրումը, պետականութեան կերտումը Դաշնակցութեան ծրագրային եւ գաղափարական հիմնական ուղղութիւնները եղած են եւ կը շարունակեն մնալ, շեշտելով, որ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դրօշակիրը աւելի քան 130 տարի եղած է եւ կը մնայ Դաշնակցութիւնը, իսկ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի գաղափարը` հայ ժողովուրդի ազգային երազանքը, առանցքն է Դաշնակցութեան ծրագիրին:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան, որ իր ելոյթին մէջ ողջունելով ՀՅԴ 134-ամեակը` անդրադարձաւ հայաշխարհի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ Դաշնակցութեան վերապահուած աշխատանքներուն: Ան ընդգծեց, որ մեր գոյութեան պատճառը Հայաստանն է ու հայ ժողովուրդը, նաեւ` անարդարութեան դէմ պայքարը, աւելցնելով, որ մենք չենք ստեղծուած իշխանութիւն դառնալու կամ բերելու համար, մեզի համար իշխանութիւնը նոյնպէս միջոց է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգ գոյութիւնը եւ համընդհանուր զարգացումը ապահովելու համար, ձգտելով ունենալ արդար աշխարհ: Ան հաստատեց, որ մենք հայրենիքի ու ազգի զինուորներն ենք, եւ ուր որ հայկական շահ կայ, մենք անոր պաշտպանն ենք, եւ ուր որ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան սպառնալիք կայ, մենք անոր վահանն ենք:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի յղած պատգամը ներկայացուց Առաքել աբղ. Գատեհճեանը: Սրբազանը նշած էր, որ հաւաքուած ենք տօնելու եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այն մեծ կազմակերպութեան, կուսակցութեան, որ անցած 134 տարիներու իր պատմութեամբ եղաւ խորհրդանիշը` զոհողութեան, նուիրումի, անձնազոհութեան եւ պայքարի: Ան նաեւ դիտել տուած էր, որ հպարտութեամբ կը վկայակոչենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մօտաւոր անցեալի ժամանակներու գործունէութիւնը, որ իր անձնազոհ հիմնադիրներուն, անդամներուն եւ համակիրներուն շնորհիւ` մեր ժողովուրդը պահեց, պահպանեց եւ առաջնորդեց դէպի յաղթանակներ ու եղաւ անոր կողքին, երբ ժողովուրդը արձանագրեց պարտութիւններ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ մերթ ընդ մերթ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էր ՀՅԴ 134 տարիներու անցած ուղին:
Սուրիա
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ ՄԱԿ–ի` Սուրիոյ Բանագնացին Հետ Հանդիպումի
18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի` Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փեթըրսընի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան` Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ հայոց թեմի յարաբերական մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան` Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը, ապագային առնուելիք որոշումները եւ հետագայ աշխատանքները:
Փեթըրսըն զեկուցեց Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին եւ յորդորեց համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կարիքը ունին:
Քրիստոնեայ համայնքապետները եւ պատրիարքները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին աշխատելու յանուն Սուրիոյ: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Փեթըրսընին` իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ անոր փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնները:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Գօտեպնդիչ Այցելութիւնը Քեսապահայութեան
Կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան հովուական այցելութիւն տուաւ Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:
Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգեւոր տեսուչին եւ թաղական խորհուրդին հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Այնուհետեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագ մատուցեց Եսայի վրդ. Էօրտէքեան:
Առաջնորդ սրբազան հայրը քեսապահայութեան փոխանցեց օրուան պատգամը` բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածը (Ղկ 19.12-28), որուն ընդմէջէն շեշտեց հաւատարմութիւնը, սէրը, զոհողութիւնը, ճիգ ու ջանք թափելը, շեշտը դրաւ յատկապէս հոգեւոր կեանքին վրայ` յայտնելով, որ որպէս քրիստոնեաներ աշխատանք պէտք է տանինք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ հասուննալու, բարձրանալու, կատարելութեան հասնելու եւ մեր հաւատքը պէտք չէ սոսկ շրթներու արտայայտութիւն ըլլայ:
Ան շեշտեց, որ Աստուած մեզի պարտականութիւն տուած է, իր խօսքը, իր շնորհը, կարողութիւններ տուած է, ուստի, հոգեւոր կեանքին մէջ պէտք է յառաջդիմութիւն արձանագրենք, առաքինութիւններ ձեռք բերենք եւ Աստուծոյ խօսքին առջեւ բանանք մեր սրտերը, որպէսզի գայ եւ մեր մէջ ներգործէ եւ մենք արդիւնք տանք:
Հետեւաբար, սրբազան հայրը ինքնաքննութեան կոչ ուղղեց` հարց տալով թէ մենք ո՞ւր ենք այսօր, մեր կեանքին մէջ ինչպէ՞ս կը վարուինք մեզի տրուած Աստուծոյ խօսքի գանձին հետ եւ որքանո՞վ առիթ կու տանք Աստուծոյ խօսքին, որ, մեր կեանքին մէջ ներգործելով, մեզ առաջնորդէ, որպէսզի ուրիշներու օգտակար դառնանք, ապաշխարութեան առիթ հանդիսանանք, ուրիշները Աստուծոյ մօտեցնենք, աստուածաճանաչողութեան եւ աստուածասիրութեան առաջնորդենք:
Սրբազան հայրը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները եւ յայտնեց, թէ ան նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով կը գօտեպնդէ եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան:
Անդրադառնալով ներկայիս տիրող իրավիճակին, սրբազան հայրը յուսադրեց ժողովուրդի զաւակները` յայտնելով, որ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր ուժերով ու կարողութիւններով միշտ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի մնայ: Ան գօտեպնդեց հաւատացեալները եւ պատուիրեց, որ չվախնան, երեւոյթներէն չազդուին, այլ ընդհակառակը իրենց հաւատքը գործի լծած պայքարին, համբերութեամբ սպասեն եւ անպայման լաւ պիտի ըլլայ: Ան յիշեցուց, որ ժամանակ կը պահանջէ եւ այդ ժամանակին մէջ մենք պէտք է զգօն եւ զգաստ ըլլանք, իրարու թեւ թիկունք կանգնինք, զիրար քաջալերենք եւ ոչ թէ զիրար յուսահատեցնենք եւ միշտ մեր հայեացքը դէպի փայլուն ապագայ ուղղենք` յուսալով, որ Աստուած մեր կողքին է, մեզ կ՛առաջնորդէ, մեզ պաշտպան է եւ թոյլ պիտի չտայ, որ իր ժողովուրդը ընկրկի, որովհետեւ խոստում տուած է ըսելով. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Աստուածաշունչին մէջ Աստուած խոստում կու տայ իբրեւ մեր Տէրը, Աստուածը եւ Փրկիչը, ըսելով. «Մի՛ վախնար, ես քու կողքիդ եմ, քու աջ ձեռքէդ բռնած քու քայլերդ պիտի առաջնորդեմ եւ պիտի օգնեմ քեզի»: Հետեւաբար, որպէս քրիստոնեաներ անհրաժեշտ է, որ նեղութեան, դժուարութեան, տառապանքի եւ հալածանքի ժամանակ մեր հաւատքը ցոյց տանք եւ մեր կեցուածքը դրսեւորենք: Այլ խօսքով, հիմա ժամանակն է հաւատքի կեցուածք ճշդելու, համբերութեամբ սպասելու եւ պայքարելու մինչեւ որ Արդարութեան արեգակը ծագի եւ խաղաղութիւն տիրէ, ապահովութիւնը վերահաստատուի եւ կեանքը իր բարօր ընթացքին մէջ մտնէ, եզրափակեց Մակար սրբազան:
Վեհափառ Հայրապետը Կը Մեծարէ Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեանը Աւագութեան Տիտղոսով
8 դեկտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ ս. պատարագին: Քարոզէն առաջ սրբազան հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կոնդակը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը «Աւագ»-ութեան տիտղոսն ու պատիւը կը շնորհէր Պետրոս քհնյ. Շիթիլեանին` առ ի գնահատանք Արեւելեան թեմէն ներս անոր քսանամեայ ծառայութեան:
Սրբազան հայրը, վեր առնելով քահանայ հօր անձնուէր ծառայութիւնը Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ, Թրոյի Ս. Խաչ եւ Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս, մաղթեց, որ ան ժողովրդանուէր իր ծառայութիւնը շարունակէ Աստուծոյ փառքին համար: Ապա մեկնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն` ան յայտնեց, թէ քրիստոնեաներս ուխտաւորներ ենք մշտապէս Աստուծոյ ներկայութեան արժանի գտնուելու տեսլականով, որ կ՛իրագործուի Սուրբ Հոգիով զօրացած յանձնառութեամբ եւ հետեւողականութեամբ: Ուստի հրաւիրեց հաւատացեալները, որ միասնաբար այս գիտակցութեամբ ապրինք արժանի ըլլալու համար երկնից արքայութեան մշտնջենական օրհնութեանց:
Ծերակուտականներ Փիթըրզ Եւ Քեսըտի Արցախի Մէջ Ցեղային Զտումը Դատապարտող Բանաձեւ Մը Ներկայացուցին
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզ եւ Պիլ Քեսըտի ներկայացուցած են երկկուսակցական համապարփակ բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումը, կոչ կ՛ընէ պատժամիջոցներ սահմանելու Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգին դէմ, կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով գերի պահուող հայերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան կառավարութիւնը կը յորդորէ դադրեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը եւ նպաստել միջազգային պատշաճ երաշխիքներով արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը ապահովել:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս բանաձեւը ներկայացնելու քայլը` զայն նկատելով Արցախի իրաւունքներուն պաշտպանութեան վերաբերեալ քոնկրեսական աջակցութեան յաւելեալ նշան մը:
Բանաձեւի համահեղինակներէն Պիլ Քեսըտի յայտնեց, որ Ազրպէյճանը պատանդ կը պահէ Եւրոպան` ուժանիւթի պատճառով, բայց Լուիզիանայի մէջ իրենք բաւարար ուժանիւթ ունին Եւրոպային կարիքները բաւարարելու համար: Աշխարհը պէտք չէ հանդուրժէ բռնապետը (Ալիեւը):
Բանաձեւը կ՛առաջարկէ հետեւեալները. ա) Արցախի հայերը շրջափակելը եւ անոնց դէմ ռազմական գործողութիւնները որակել ցեղային զտում, բ) Յստակ պատժամիջոցներ սահմանել Արցախի մէջ հայ բնակչութեան դէմ ոճիրներ իրականացուցած ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ, գ) Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային ապահովական երաշխիքներ տրամադրել` կանխելու համար անոնց դէմ նոր բռնարարքները, դ) Ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստան ապաստանած առաւել քան 100 հազար արցախցիներուն կարիքները պատշաճ կերպով հոգալու համար. նոյն նպատակով ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք է միջազգային ջանքերը առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը ունենայ, ե) Ազատութեան աջակցութեան որոշումի 907-րդ յօդուածի կիրարկում (Ազրպէյճանի ռազմական աջակցութեանց կասեցում), զ) Հայաստանի ապահովութեան աջակցութիւն, է) Ամերիկեան դիւանագիտութեան յաւելեալ աշխուժութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ` Ազրպէյճանի կողմէ անարդար կերպով բանտարկուած բոլոր հայերը ազատ արձակելը եւ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:
Բանաձեւին մէջ ընդգծուած է, որ միջազգային իրաւական մասնագէտներ նշած են, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը խախտում մըն է ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագիրի պայմաններուն: