Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքի Ակնարկ` Դալար Շահինեանի «Անպետական. Հայերէն Լեզուի Քաղաքականութիւնը Աքսորի Մէջ» Գիրքին

Դեկտեմբեր 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Դոկտ. Դալար Շահինեանի «Անպետական. հայերէն լեզուի քաղաքականութիւնը` աքսորի մէջ» (Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile) գիրքը (հրատարակիչ` Syracuse University Press, 312 էջ, 2023) կը ներկայանայ իբրեւ նշանակալից գիտական նուաճում մը` մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրելով այնպիսի նիւթ մը, որ յաճախ անտեսուած է գրական ուսումնասիրութիւններու մէջ: Պարզ ու մատչելի, բայց խորացուած պատումի մը միջոցով Շահինեանը կը ներկայացնէ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը, որ կը քննէ Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած հայերու լեզուին եւ գրականութեան վրայ:

Շահինեանի ուսումնասիրութիւնը 1920-ական թուականներուն հայկական սփիւռքի ձեւաւորման կարեւորագոյն տարիներուն, Փարիզի հայ գրողներու մշակութային, գրական եւ լեզուական ներդրումներուն մասին օրինակելի է: Նիւթը շատ լաւ հետազօտուած է, իսկ շարադրանքը գեղեցիկ կերպով կատարուած` ստեղծելով ուսումնասիրութիւն մը, որ տեւական ներդրում կը բերէ աղէտի ու գրականութեան ուսումնասիրութիւններուն: Գիրքը, ի վերջոյ, քննարկում մըն է, որ խորապէս կ՛անդրադառնայ պետութիւն չունեցող ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին դիմագրաւած գոյութենական երկընտրանքներուն:

Գիրքին ամէնէն գրաւիչ կողմերէն մէկը «անպետական լեզու»- եզրն է, զոր Շահինեան կը գործածէ արեւմտահայերէնը նկարագրելու համար: Լեզու մը, որ ինք կ’ըսէ` պաշտօնապէս ճանչցուած չէ որեւէ պետութեան կողմէ. «Արեւմտահայերէն գրական արտադրութեան մէջ վիճարկուող եւ բազմակի պատկանելիութեան շարժընթացներէն անդին, ես զայն կը սահմանեմ իբրեւ անպետական լեզու` այն հիմնական նախադրութեամբ, որ ան որեւէ ազգ-պետութեան պաշտօնական լեզուն չէ», կը գրէ իր բացման մէջ: Ոմանք կրնան պնդել, թէ քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն հայերէնն է (ոչ յատկապէս արեւելահայերէնը), եւ այդ պարագային արեւմտահայերէնը նոյնպէս Հայաստանի պաշտօնական լեզուն է. այնուամենայնիւ, «անպետական լեզու»-ի գաղափարը կը ծառայէ իբրեւ պատմական ոսպնեակ, որուն միջոցով հեղինակը կը քննէ, թէ ինչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Փարիզի եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Պէյրութի հայ գրողները դիմագրաւեցին ստեղծագործական արտայայտութեան մարտահրաւէրները` իրենց հայրենիքէն կտրուած լեզուով մը:

Գիրքը ամփոփուած է երկու մասերու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կեդրոնանայ տարբեր ժամանակային եւ աշխարհագրական շրջակներու վրայ: Առաջին մասը` «Արեւմտահայերէնի ապակեդրոնացումը Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք Փարիզի մէջ», ընթերցողները կը ծանօթացնէ «Մենք»-ի տղոց` Փարիզի հայ գրողներու ինքնանուանեալ խմբակին: Շահինեան կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս այս խմբակին գործերը կը ծառայեն թէ՛ իբրեւ արտագաղթի փորձառութեան վկայութիւն եւ թէ՛ իբրեւ ոչ պետական լեզուի կենսունակութեան յայտարարութիւն աքսորի մէջ: Գիրքին երկրորդ մասը կ՛անցնի «Արեւմտահայերէնի կեդրոնացումը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք Պէյրութի մէջ»: Հոս հեղինակը կը դիտարկէ մտաւորական փոխանակման աւելի լայն, անդրազգային ցանցը` Պէյրութի հայ գրողներու գրական արտադրութիւնը դնելով սփիւռքեան ազգայնականութեան շրջակին մէջ:

Դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեան` Ուեսլիըն համալսարանի երկարամեայ (այժմ պատուակալ) դասախօս, պատշաճօրէն կը նկարագրէ գիրքը` իբրեւ «օրինակելի ներգրաւուածութիւն սփիւռքներու եւ ազգերու, ազգային գրականութիւններու եւ համաշխարհային գրականութեան, վնասուածքի եւ սուգի մասին ներկայիս բազմաթիւ քննարկումներուն մէջ»: Շահինեանի աշխատանքը իսկապէս կ՛արձագանգէ այս քննարկումներուն` առաջարկելով նոր հեռանկար մը այն մասին, թէ ինչպէս ոչ պետական ըլլալը` թէ՛ իբրեւ ապրուած իրավիճակ եւ թէ՛ իբրեւ տեսական հայեցակարգ, կրնայ նպաստել արեւմտահայերէն լեզուի, գրականութեան եւ գրագիտութեան շարունակական կենսունակութեան:

Շահինեանին գիրքը անհրաժեշտ ընթերցանութիւն է սփիւռքագէտներուն, համեմատական գրականութեան մասնագէտներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են սփիւռքի պատմութեամբ, հայոց լեզուով ու հայ գրականութիւնով:

Կը յուսանք, որ շուտով պիտի կարենանք կարդալ Շահինեանի այս կարեւոր աշխատութիւնը արեւմտահայերէնով` իր ուսումնասիրած լեզուով: Նման թարգմանութիւն մը պիտի ըլլար գործնական օրինակ մը այն կենսունակութեան, որ հեղինակը կը քննարկէ իր գիրքին մէջ:

«Թորոնթոհայ»

 

Նախորդը

Մտովին Եւ Հոգեպէս Պատրաս՞տ Ենք Հաւաքական Աշխատանքի

Յաջորդը

Անդրադարձ. Տարածաշրջանային Պատերազմներու Վտանգը Միջին Արեւելքի Մէջ – Հնդկաստանի Դիտանկիւնէն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?