Օրացոյցի էջերը կը յուշեն, որ 2024 տարին հասած է իր աւարտին, եւ ընդամէնը քանի մը օրէն Նոր տարի է:
Շաբաթներ առաջ մեզի համար Նոր տարուան նշումը հրաշքի համազօր բան մը կը նկատուէր: Երկմտանքի մէջ էինք: Չէինք պատկերացներ, թէ Լիբանանի մէջ հրադադար պիտի հաստատուի, խաղաղութեան օրերը պիտի վերադառնան, ու մենք պիտի վերապրինք տօնական օրերու մթնոլորտը: «Տեսնենք` այս տարի պիտի կարենա՞նք Նոր տարի տօնել», «Պիտի գտնուի՞ն նուիրատուներ, որպէսզի իրենց աջակցութեամբ ուրախացնեն կարիքաւորները», «Կրնայ ըլլալ, որ մանուկներն ու տարեցներ առանց նուէր ստանալու անցընեն Նոր տարին», «Եթէ պատերազմը երկարի, այս տարի Նոր տարի պիտի չկարենանք նշել». այսպիսի նախադասութիւններ բազմիցս արձագանգեցին մեր միտքերուն մէջ:
Իրողութիւնը այն է, որ այսօր մենք վերադարձած ենք մեր սովորական առօրեային, եւ 2024-էն շատ բան չէ մնացած: Ականատես ենք, որ տօնական մթնոլորտի նշոյլները քիչ-քիչ կը տարածուին փողոցներուն, վաճառատուներուն եւ տուներուն մէջ: Մանուկներուն աչքերը ուրախութեան ժպիտներ կը ցոլացնեն, մամիկներու-պապիկներու շրթները օրհնաբեր խօսքեր կ՛արտասանեն, հրճուանքի կանչեր կը լսուին տուներէ ներս: Բայց այս տարուան տօնական օրերու մթնոլորտը չի նմանիր իւրաքանչիւր տարեվերջին տիրող ուրախութեան մթնոլորտին: Ուրախութիւն կայ եւ չկայ: Փողոցներու, վաճառատուներու մէջ Նոր տարին յուշող պսպղուն ու գոյնզգոյն զարդարանքները կան, բայց մարդոց դէմքերը թախիծ մը կը կրեն: Լիբանանի քաղաքական եւ ընկերատնտեսական վատ պայմանները մեծապէս ազդեցին լիբանանցիին վրայ: Սակայն մարդ արարածը օժտուած է տագնապներէ յառնելու եւ զանոնք շրջանցելու բնածին կարողութեամբ մը: Շնորհիւ այդ յատուկ կարողութեան, թէեւ հոգեպէս ընկճուած, իւրաքանչիւր լիբանանցի այսօր մեծ ճիգ կը թափէ ուրախանալու եւ ուրախացնելու իր շրջապատը:
Միութիւններ թէ անհատ բարերարներ, հակառակ տնտեսական դժուարին պայմաններուն, տակաւին կը շարունակեն իրենց նուիրական աշխատանքը` իրենց վաստակէն բաժին մը տալով հիւանդին, կարիքաւորին, տարեցին, մանուկին:
Եւ ի՜նչ լաւ է, որ այդպիսի անհատներ դեռ գոյութիւն ունին մեր իրականութեան մէջ: Ի՜նչ լաւ է, որ անոնք կան, որովհետեւ իրենց առաքինի վարքով մեզի կը փոխանցեն եզակի երեւոյթ մը` անշահախնդրօրէն տալու մշակոյթը: Անոնք մեզի կը սորվեցնեն տալ իրենց ժամանակէն, իրենց ունեցածէն եւ ամենակարեւորը` թէ կը մտածեն այլոց ուրախութեան մասին: Անոնք մեզի կու տան մարդասիրութեան գեղեցիկ օրինակ մը: Իրենց բարի արարքով ցոյց կու տան, որ կը սիրեն մարդ արարածը եւ մարդոց կը ցանկան լաւն ու առաքինին: Անոնք կու տան առանց ակնկալիքի, որովհետեւ անոնց նպատակը միայն ու միայն բարիք գործել է, կարիքաւորի մը ցաւը ամոքել է, անկարի մը բեռը թեթեւցնել է: Անոնք կու տան առանց փոխադարձ սպասումներու, որովհետեւ այդպիսով անոնք կը զգան հոգեկան ուրախութիւն եւ անդորրութիւն: Ու աշխարհի վրայ ուրիշը ուրախացնելու հոգեկան գոհունակութիւն ապրելէ աւելի գեղեցիկ ի՞նչ կայ: Երանելի են անոնք, որոնք տարուան բոլոր եղանակներուն կը զգան ու կ՛ապրին ուրիշը ուրախացնելու հոգեկան բաւարարութիւնը:
Ի վերջոյ, բարեսիրութիւնն ու բարեգործութիւն կատարելը եզակի շնորհներ են, որոնք ո՛չ յիշեցման կը կարօտին, ո՛չ գործելու յատուկ ժամկէտ ունին, ո՛չ սահմանուած պայմաններ կամ ձեւաչափեր գիտեն, ո՛չ ալ խտրականութիւն կը ճանչնան:
Վերջապէս, հոգեվարքի օրեր ապրող այս տարուան աւարտին կը մաղթենք, որ անշահախնդրօրէն տալու մշակոյթը վարակիչ երեւոյթ մը կը դառնայ բոլորին` մանուկներէն սկսեալ մինչեւ հասուն տարիքը թեւակոխած անհատներուն մօտ:
Խաղաղ տարի մը թեւակոխելու մաղթանքներով հրաժեշտ կու տանք 2024-ին: Ամենալաւն ու բարին կը ցանկանք 2025-ին: