Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Երբ Սուտին Պոչը Երկարած Է…

Դեկտեմբեր 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Խենթը մի քար գլորեց փոսը…»

Ժողովրդային առածի կարգ անցած է հետեւեալը. «Խենթը քար մը գլորեց փոսը, հարիւր խելօք հաւաքուեցան եւ չկրցան դուրս բերել զայն»:

Այս առածը գրեթէ ամէն օր կը կրկնուի Հայաստանի մէջ. քար գլորողը ՔՊ-ապետն ու իր մունետիկներն են` ուսապարկի դեր խաղացողները, որոնք սուտի քարեր գլորելու կողքին, հազար ու մէկ հնարքի կը դիմեն (օրինակ, երբ «նախկիններ»-ուն օձիքները մաշած են, կը բռնեն կուսակիցներու օձիքը), հանրութիւնն ու քաղաքական բեմը զբաղեցնելու համար անիմաստ, սնանկ ու անհիմն գիւտերով:

Նորագոյն «քար»-ը նետուեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ մարդուկը մե՜ծ գիւտ մը ըրաւ ու յայտարարեց, որ Արցախի շուրջ 1994-էն ի վեր տարուող բանակցութիւնները մէկ նպատակ ունէին` Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին: Եւ քանի որ այս յայտարարութիւնը եկաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդէն, որ մոռցա՜ծ է, թէ իրմէ առաջ տարուող բոլոր բանակցութիւնները ի՛նք ասֆալթին տակ թաղած էր ու սկսած` ի՛ր ուզած կէտէն, եւ կը շարժի այնպէ՛ս, ինչպէս որ ի՛նք կ՛որոշէ, որովհետեւ «ժողովուրդը մանտաթ տուած է» եւ… մէկ կողմ քաշուած, ուրեմն պէտք է ըսածը ընդունիլ իբրեւ վիճելի ճշմարտութիւն: Ան մինչեւ իսկ մոռցա՜ծ է Արցախը վերադարձնելու ի՛ր խոստումները, կը փորձէ պատմութիւնը գլխիվայր շրջել` «խոստովանելով», որ Արցախը է՛ն գլխէն (Աստուած հոգիդ լուսաւորէ՜, Սայաթ Նովա) Ազրպէյճանի պատկանած է:

***

«Նիկոլը դարձեա՛լ կը ստէ», պատասխանեցին քաղաքական մարդիկ, ներառեալ` նախկին նախագահներ (ցանկին մէջ չկայ Արմէն Սարգսեանը…): «Նիկոլը կը ստէ՛, Նիկոլը իրականութիւնները կը խեղաթիւրէ՜», բացագանչեցին պատմագէտներ, դիւանագէտներ, մէկ խօսքով` խելօք մարդիկ, մինչեւ իսկ պարզ քաղաքացիներ, որոնք այլեւս վարժուած են ամէն առաւօտ արթննալու եւ հարց տալու, թէ ի՛նչ նոր «փչոց» մը պիտի փայլատակէ ՔՊ-ապետին փքոցէն` խօսքով կամ գրաւոր արձանագրութեամբ: Եւ այդ փչոցներով… բթացեալ զմայլողներ (դուք ըսէք` զառամեալներ) կան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:

Նիկոլին ստախօսութիւնը նորութի՞ւն է: Մարդոց յիշողութիւնը այդքա՞ն կարճցած է եւ ուղեղները` բթացած, որ մոռցած են առ նուազն 44-օրեայ պատերազմի օրերու «Յաղթելու ենք»-ները, «առանց ժողովուրդի կարծիքը առնելու որեւէ համաձայնութիւն պիտի չստորագրեմ»-ները եւ բազմահազար «գոհարներով» հիւսուած սուտերու մանեակը, որ օրէ օր աւելի՛ կ՛ամրանայ իր վզին շուրջ` զինք արդար մրցակից մը դարձնելով այլ ստախօսի մը, որ կը կոչուի Տոնալտ Թրամփ (ուրիշներ ալ կան մրցավազքին մէջ):

Նիկոլին ստախօսութիւնները նորութիւն չեն մա՛նաւանդ խելամիտ` խելօքի վարկ վայելողներուն համար, որոնց ճիտին դրուած է ուրիշ մանեակ մը` օր առաջ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը ազատագրել սուտերով օրօրողներէն ու սուտերով զբաղեցնողներէն: Անոնք պէտք է ապացուցեն, որ ճշմարիտ է միւս խօսքն ալ` «Սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ», մինչդեռ այս ստախօսին պոչը շա՜տ երկարեցաւ:

24 դեկտեմբեր 2024

Նախորդը

Բարի Երթ «Հայրենիք»-ին («Հայրենիք»-ի 125-Ամեայ Տարեդարձին Առիթով)

Յաջորդը

Ալիեւները Լոնտոնի Մէջ Սեփականատէր Են Բազմաթիւ Շէնքերու` Հարիւր Միլիոնաւոր Տոլարներ Արժողութեամբ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?