Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիա Պատմական Փուլ Կը Թեւակոխէ

Դեկտեմբեր 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 նոյեմբերին Սուրիոյ ընդդիմութիւնը իշխանութիւնը տապալելու եւ երկրին մէջ նոր վարչակարգ հաստատելու հեռանկարով Իտլիպ նահանգէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Հալէպ եւ կարճ ժամանակի մը մէջ` 29 նոյեմբերին, իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպ նահանգը ամբողջութեամբ, ապա շարունակեց յառաջանալ նախ Համա, ապա Հոմս, այնուհետեւ` մայրաքաղաք Դամասկոս, եւ 8  դեկտեմբերին տապալեց իշխանութիւնը` յայտարարելով Սուրիոյ ազատագրումը նախկին իշխանութենէն: Յառաջիկայ օրերուն ընդդիմութեան ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առին նաեւ ծովափի քաղաքները` Լաթաքիան եւ Թարթուսը, ապա նաեւ` Տէր Զօրի մէկ մասը:

Սուրիոյ ժողովուրդը յաղթանակի կանչերով հրապարակ իջաւ: Յատկապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ առաջին օրերուն քաոսային վիճակ տիրեց, մինչեւ` անցումային կառավարութեան կազմութիւնը եւ նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական բոլոր կառոյցներու ստանձնումը:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը յորդորեց ըլլալ զուսպ եւ հանդարտօրէն հետեւիլ զարգացումներուն` առանց վախի եւ խուճապի մատնուելու:

Առաջին իսկ օրերէն իւրաքանչիւր նահանգի ռազմական գործողութիւններու վարչութեան պատասխանատուները հանդիպումներ ունեցան քրիստոնեայ եւ հայ համայնքապետներուն հետ եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ իրաւունքներու պահպանման երաշխիքներ տուին անոնց:

Այս հանդիպումներուն որպէս արդիւնք` հայ համայնքապետները հանգստութեան կոչ ուղղեցին իրենց զաւակներուն եւ յորդորեցին աստիճանաբար վերսկսիլ համայնքի եկեղեցական եւ ազգային ու միութենական կեանքը, հաստատելով, որ երկրի ներկայ փուլին փոփոխութիւնները ժամանակի կը կարօտին, եւ ակնթարթի մը մէջ կարելի չէ ամէն բան բարեփոխուած տեսնել, ուստի պէտք է համբերել: Առաջնորդները վերադառնալու կոչ ուղղեցին նաեւ առժամաբար նահանգէ նահանգ տեղափոխուած ընտանիքներուն:

Օրեր անց անցումային կառավարութիւնը դրական քայլով մը հաստատեց, որ պիտի վերաբանին պետական բոլոր ենթակառոյցներն ու հաստատութիւնները, եւ պետական պաշտօնէութիւնը աշխատանքի հրաւիրեց: Այս քայլը բնականաբար պետութեան պահպանման ուղղուած արդիւնաւէտ դրսեւորում մը եղաւ, եւ աստիճանաբար պետական հաստատութիւններուն մեծ մասը բանիլ սկսաւ:

Դէպքերու զարգացումներու առաջին օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնն ու Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը գործեցին նախ Դամասկոսէն, ապա Պէյրութէն, մատուցելով անհրաժեշտ ծառայութիւնը սուրիահայ համայնքի զաւակներուն`  հեռաձայնային թէժ գիծի մը հաստատման ճամբով:

Օրեր անց Դամասկոսի մէջ դեսպանութիւնը վերաբացաւ իր դռները, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւս 19 դեկտեմբերին պիտի վերսկսի իր աշխատանքը Հալէպի մէջ:

Հակառակ անոր որ զինեալ բախումներուն բերումով կեանքը իշխանափոխութեան առաջին օրերուն սառեցաւ, հաստատութիւններն ու գործատեղիները փակուեցան, սակայն երկրէն ներս համեմատական ապահովութեան հաստատումով կեանքը աստիճանաբար բնականոն դարձաւ: Համայնքի զաւակները ներկայ հանգրուանին տնտեսական ծանր կացութեան մէջ յայտնուած են, նկատի ունենալով, որ գործատեղիներու եկամտաբեր աշխատանքը տակաւին ժամանակի կը կարօտի, մինչեւ` երկրի բնականոնացումը: Այս դժուարութեան յաղթահարման կրնան նպաստել համահայկական փութկոտ օժանդակութիւնները, ինչպէս յայտարարած էր Արամ Ա. կաթողիկոս:

Սուրիոյ բոլոր դպրոցները, ներառեալ հայկական վարժարանները, այս շաբաթասկիզբին վերսկսան իրենց ուսումնական գործընթացին:

Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ աստիճանաբար բացուիլ սկսան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ:

Անցումային կառավարութեան վարչապետն ու  նոր վարչակարգի ղեկավարութիւնը հանդիպումներ ունեցան ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ պատուիրակին եւ միջազգային այլ այցելուներու հետ` քննարկելու երկրի նոր փուլի յառաջիկայ քայլերը:

Չորեքշաբթի առաւօտուն, Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքութիւններն ու համայնքապետները հանդիպում ունեցան ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ պատուիրակին հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան նոր կացութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքներու եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդի տարբեր համայնքներու ապահովութեան եւ իրաւունքներու պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` փոխանցման կառավարութեան մարտահրաւէրները: Եզրակացութեամբ, անոնք հաստատեցին, որ երկրէն ներս օրէնքի, սահմանադրութեան եւ այլ փոփոխութիւններու իրականացումը ժամանակի կը կարօտի, հետեւաբար հարկ է ըլլալ համբերատար եւ նպաստել երկրի վերականգնումի այս փուլին:

Սուրիահայ համայնքը երկրի տարբեր դժուարութիւններու ընթացքին ունեցած է կառուցողական եւ շինիչ դերակատարութիւն` հիմնուելով սուրիական հայրենիքի ու պետութեան կայունութեան, բարգաւաճման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին միասնութեան սկզբունքներուն վրայ: Ուստի այս փուլին եւս համայնքը, գործակցելով ներկայ իշխանութեան հետ, իր ներգործուն եւ վստահութիւն ներշնչող դերակատարութիւնը պիտի ունենայ` յանուն Սուրիոյ վերականգնումին, խաղաղութեան եւ սուրիական ընկերութեան գունեղ խճանկարի պահպանման:

 

Նախորդը

Հայ, Հայրենիք, Քաղաքակրթութիւն Եւ Մասամբ Նորին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Քլիփըրզին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?