2024 տարեշրջանի Պոսթընի արուարձան Ուաթըրթաունի մէջ լոյս տեսնող «Հայրենիք» թերթը իր ծննդեան 125-ամեակը կը տօնէ: Ասիկա հայ մամուլին համար նշանակալից հանգրուան մըն է, ինչպէս նաեւ` անխառն ուրախութեան առիթ մը:
Իմ ծանօթութիւնս «Հայրենիք»-ին հետ սկսաւ պատանեկան տարիքիս: Ընթերցասէր ծնողքս 1930-ական թուականներէն ի վեր «Հայրենիք Ամսագիր»-ի ընթերցողներ էին: Անոնք Սուրիոյ հեռաւոր Քեսապի այն սակաւաթիւ անդամներէն էին, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն իբրեւ նուէր կը ստանային երկու ամերիկահայ թերթեր` «Հայրենիք Ամսագիր» եւ «Հայաստանի Կոչնակ» թերթերը:
Ծնողքս սովոր էին իրենց կարդացած թերթերը տարեվերջին կազմելու որպէս անջատ հատորներ եւ զանոնք զետեղելու մեր տան գրադարանին մէջ: Այս ձեւով անոնք կը ջանային նաեւ իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ ներմուծել ընթերցասիրութեան ունակութիւնը:
Կը յիշեմ, երբ ես 11 տարեկան էի, ամրան արձակուրդի ամիսներուն մեր տան առտնին պարտականութիւնները վերջացնելէ ետք հայրս ինծի ուրիշ պարտականութիւն մը տուած էր: Մեր գրադարանի գիրքերէն պէտք էր առնուազն գլուխ մը կարդայի եւ իրիկունը իրեն տեղեկացնէի, թէ ի՛նչ կարդացած եմ այդ օրը:
Կարդացած գիրքերուս ցանկին վրայ էր իր կազմած «Հայրենիք Ամսագիր»-ի այն հատորը, որուն մէջ կը գտնուէր Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» վերտառութեամբ յօդուածաշարքը: Կարդացածներէս ամէն բան չէի հասկնար, բայց հօրս կը հարցնէի, եւ ան կը բացատրէր ինծի: Այսպէս սկսաւ իմ առաջին ծանօթութիւնս «Հայրենիք»-ին հետ պատանի տարիքիս:
Այլ գիրքերու կողքին, մերթ ընդ մերթ, սովոր էի կարդալ դիւրընթեռնլի յօդուածներ, «Հայրենիք Ամսագիր»-էն, յօդուածներ, որոնք յատկապէս աղերս ունէին մեր Ա. Հանրապետութեան սկզբնական տարիներուն հետ: Իսկ երբ իմ ծննդավայր Քեսապէն Պէյրութ փոխադրուեցայ, հետաքրքրութիւնս աւելցաւ, երբ բախտը ունեցայ անձամբ տեսնելու «Հայրենիք Ամսագիր»-ին մէջ իմ կարդացած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներէն ոմանք եւ ունկնդրելու բանախօսութիւնները, ինչպէս` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Կարօ Սասունիի, Կոմսի, Սիմոն Վրացեանի եւ ուրիշներու:
«Հայրենիք»-ին հետ իմ կապերս քիչ մը եւս զօրացան, երբ 1960-65 տարիներուն հովուական ծառայութեան բերումով Գահիրէ փոխադրուեցայ եւ զանազան ուսումնասիրութիւններու պատրաստութեան համար «Յուսաբեր» օրաթերթի հարուստ գրադարանը գործածելու առանձնաշնորհումը ունեցայ: Այնտեղ վերանորոգուեցաւ իմ բարեկամութիւնս «Հայրենիք»-ին հետ:
1965-ին հովուական ծառայութեան պաշտօնով հրաւիրուեցայ Ուաթըրթաուն հայաշատ քաղաքին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական Նահատակաց եկեղեցւոյ կողմէ: Իմ առաջին պաշտօնական այցելութիւններէս մէկը եղաւ Մեծագոյն Պոսթընի հայկական զոյգ թերթերուն` «Հայրենիք»-ին եւ «Պայքար»-ին, որոնց ազնիւ խմբագիրները ոչ միայն սիրով ողջունեցին զիս, այլ նաեւ խնդրեցին, որ աշխատակցիմ իրենց թերթերուն:
Ուրախ եմ, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին «Հայրենիք» կը տօնէ իր ծննդեան 125-ամեակը, եւ ես` որպէս համեստ աշխատակից, բախտաւորութիւնը ունիմ իմ խնդակցութիւնը բաժնելու անոր հրատարակչական մարմինին եւ խմբագրութեան հետ:
125 տարիներ նկատառելի շրջան մըն է հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Գուցէ պատմութեան համար 125 տարիները պարզապէս ակնթարթ մը թուին: Բայց հայ թերթի մը համար պատկառելի ժամանակաշրջան մըն է: 125 տարիներ շարունակ ազգային ոգիով տոգորուած «Հայրենիք»-ը հովանաւորող մարմինները, անոր խմբագիրներն ու աշխատակիցները աշխատած են վառ պահել հայրենիքի սէրն ու ազգային ոգին` հայ զանգուածներուն մէջ:
Որոշապէս դժուար պարագաներու մէջ ծնաւ «Հայրենիք»-ը, դիւրին չեղաւ նաեւ իր մանկութիւնը: 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայ ազգի բեկորներ, որոնք թրքական հալածանքներէ եւ ջարդերէ ճողոպրած` գաղթած էին Ամերիկա եւ հաստատուած` Ատլանտեանի այս ափերուն: Անոնք դիմակալած էին բազմաթիւ եւ բազմազան դժուարութիւններ, այլեւայլ հոգեկան տագնապներ ու տուայտանքներ եւ ինչ-ինչ զոհողութիւններով հիմնած էին եկեղեցի, ակումբ եւ թերթ` ապահովելու համար պահպանումը իրենց հաւատքի կառոյցներուն, հայ մամուլին եւ հայ մշակոյթին:
Բնականաբար թերթեր, զիրենք կեանքի բերող հունաւոր մարդոց նման, կատարեալ չեն: «Հայրենիք»-ն ալ, բոլոր թերթերու նման, կատարելութեան կնիք չի կրեր: Ան ալ ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ իր թերիներն ու սխալները, իր զանցառութիւններն ու տկարութիւնները: Բայց, ի հեճուկս այս ամէնուն, երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք «Հայրենիք»-ի անցեալ 125 տարիներու վաստակին, այն եզրակացութեան կը յանգինք, որ ան իր մշակութային ներդրումով եւ ազգօգուտ ու ազգաշէն ծառայութիւններով լիովին արդարացուցած է իրեն վիճակուած առաքելութիւնը:
125 տարիներ շարունակ «Հայրենիք» կը ջանայ հայապահպանումի աշխատանք տանիլ եւ մեր ազգային մտահոգութիւնները սեփականութիւնը դարձնել իր ընթերցողներուն:
Տասնամեակներ շարունակ «Հայրենիք» նուիրուած է Հայ դատի պաշտպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան:
«Հայրենիք»-ը` իբրեւ ամերիկահայ մամուլի նահապետ, դարձած է զօրեղ ազդակ մը հայ մշակոյթի մեր վերելքին: Թէեւ ան կուսակցութեան մը օրկանն է եւ բնականաբար` այդ կուսակցութեան ջատագովը, սակայն ատիկա երբեք արգելք չէ եղած, որ «Հայրենիք» մեր հաւաքական շահերը զոհէ հատուածականին: Ան աշխատած է մեր ազգային իտէալներուն եւ վսեմ գաղափարներուն արտայայտիչը հանդիսանալ:
«Հայրենիք» դարձած է նաեւ զօրաւոր ազդակ մը` ամերիկահայ գաղութը մայր հայրենիքին հետ շաղկապելու եւ հոգեկան կապեր հաստատելու իրարու միջեւ: Միանգամայն ան աշխատած է իր օժանդակութիւնն ու նպաստը բերել մեր գաղութային եւ համահայկական դժուարութիւնները մեղմացնելու նպատակով կատարուած ձեռնարկներուն:
Իր սկզբնածագ օրէն ի վեր «Հայրենիք» կը շնչէ եւ կ՛ապրի հայ ազգի ընդհանրական շահերուն եւ իրաւունքներուն, երջանկութեան կամ տառապանքի, համաժողովրդային յոյսերուն կամ անձկութեանց, անիրաւուած իրաւունքներուն եւ ազգային դատին հետապնդման հրամայականներով:
125-ամեակի այս փառապանծ հանգրուանին` փառք ու պատիւ «Հայրենիք»-ին, զինք հովանաւորողներուն, իր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն, իր բարերարներուն եւ ընթերցողներուն, որոնք կանգուն պահեցին հայ մամուլի այս նուիրեալ խօսնակը:
Բարի երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ «Հայրենիք»-ին, որպէսզի շարունակէ սիամանթոներու, սիմոնվրացեաններու, գուրգէնմխիթարեաններու, մինասթէօլէօլեաններու, զաւէնթորիկեաններու եւ յաջորդ սերունդներու նուիրական աշխատանքը` ի փառս հայ ժողովուրդին: